İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԸ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ խօսեցաւ դամբանական մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

«Ելի ի Հօրէ եւ եկի աշխարհ,
դարձեալ թողում զաշխարհ եւ երթամ առ Հայր»
Յովհաննէս, ԺԶ. 28

Այս պահուն, առաջի Սրբոյ Սեղանոյ կը յիշենք նախքան իր խաչելութիւնը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներուն հետ ունեցած վերջին մէկտեղումը եւ արտասանած կտակի խօսքերը։ Աստուծոյ Միածին Որդւոյն այս խօսքերը կը համադրեն երեք տարուան իր քարոզութիւնը։ Այդ խօսքերով կը բնութագրուին հրաժեշտի պատգամ մը. սիրոյ սկզբունքին վերընդգծումը. մարդոց փրկութեան եւ առ Աստուած քալելու համար կենսական ցուցմունքը։ Այդ խօսքերուն մէջ կը շեշտուի քրիստոսապարգեւ խաղաղութեան տարբերութիւնը աշխարհիկ խաղաղութենէն։ Այդ խօսքերուն մէջ կայ նաեւ քաջալերական արտայայտութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն աշխարհին յաղթած Քրիստոսը։ Սակայն այդ խօսքերէն մին շատ դիպուկ է, եւ զայն կը վերյիշենք ամէն անգամ որ եկեղեցականի յուղարկաւորութեան ներկայ կը գտնուինք, մանաւանդ պատրաստական արարողութեան. «Ելի ի Հօրէ եւ եկի աշխարհ, դարձեալ թողում զաշխարհ եւ երթամ առ Հայր»։ Երկրաւոր առաքելութիւնը իր աւարտին հասցուցած հոգեւորականը, յաւիտենական հանգիստի յուղարկաւորութեան կը պատրաստուի իր ափին դրուած խունկով եւ Ս. Աւետարանի այս համարի գրութեամբ։

Քահանայական ձեռնադրութիւնը եւ օծումը սկիզբ մըն է նոր կեանքի։ Եկեղեցւոյ աւազանէն ծնած եւ աշխարհ իջած անձ մը, կը թողու աշխարհը եւ կը վերադառնայ հոն, ուր արժանացած էր վերստին ծննդեան, այս անգամ լիիրաւ ծառայելու համար Աստուծոյ եւ Ս. Եկեղեցիին։ Աղօթելու, ժողովուրդին աղօթող բերանները ըլլալու կոչումն ու ուխտը մշտնջենական է եւ կ՚անդրանցնի երկրի ժամանակաւոր սահմանները ու կը մնայ յաւիտեան։ Սակայն իրականութիւն է, նաեւ, թէ մահը կու գայ երկրաւոր կեանքին վերջակէտը դնելու։ Որքան ալ դառն ըլլայ բաժանումը, նոյնինքն Քրիստոսի մխիթարական խօսքերը կու գան ամոքել մեր մորմոքած սրտերը եւ կը յիշեցնեն, թէ Մխիթարիչ մը ունինք. Աստուծոյ Սուրբ Հոգին։

Թէեւ մեր մխիթարութիւնը կը գտնենք այս հաւատքով, սակայն մարդկայնաբար կը դժուարանանք արտայայտուիլ իր ամբողջ կեանքը մեր Եկեղեցիին նուիրած անձի մը մասին, որ այսօր իր երկրաւոր առաքելութեան էջը գոցած՝ կը մեկնի աշխարհէն յաւիտենական կեանքին յոյսովը, որուն տարիներ շարունակ քարոզիչը եղաւ։ Այս երկրաւոր առաքելութեան ընդմէջէն կը յայտնաբերուի դպրաց դասու անդամակցութեամբ սկսած եւ մինչեւ Պատրիարքական Աթոռ հասած ծառայութեան գիծ մը։

Մեսրոպ Ս. Պատրիարքի անշնչացած մարմնին առջեւ ո՞ր բառերով կրնանք գծել իր անձին մէջ յայտնաբերուած իրաւ հոգեւորականի տիպարը։ Մարիի եւ Օննիկի որդի Մինաս-Վարդան, Սիպիլի բառերով «իմաստութեան տաճար» Էսաեան վարժարանի գրասեղաններուն վրայ եւ վարժարանի կից՝ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մանուկ հասակին թրծուեցաւ տոհմիկ կրթութեամբ։ Յետագային այլ վարժարաններու մէջ իր ուսումը կատարելագործեց։ Հուսկ՝ զգաց Աստուծոյ ծառայելու կոչումը եւ երիտասարդ տարիքին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ երանաշնորհ եւ անմոռանալի Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ, վերակոչուելով՝ Մեսրոպ Աբեղայ։ Նորապսակ աբեղան ազդուած էր իր հոգեւոր ծնողին արտայայտութենէն թէ՝ «պատը կը կառուցուէր քարը քարին վրայ դնելով»։ Երանաշնորհ Պատրիարքի այս արտայայտութիւնը իսկութեան մէջ ակնարկութիւն էր եկեղեցւոյ շինութեան, որուն բաղկացուցիչ քարերն էին եկեղեցւոյ անդամները։ Մեսրոպ Աբեղան, առաջին իսկ մէկ օրէն իր առաքելութիւնը հաստատեց այս խօսքին վրայ, լծուեցաւ քարոզչական արշաւի մը, քաջալերութեամբը իր հոգեւոր ծնողին ու անսակարկ նուիրումով դարձաւ ծառայասիրութեան տիպար մը։

Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց շարականին մէջ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետ կը ներկայացուի Մովսէս մարգարէի օրինակով, որ օրինաց տախտակները բերած էր իր ժողովուրդին։ Մեսրոպ Աբեղան, Աստուծոյ Խօսքը, բերաւ եւ տարածեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն մէջ, որոնք լուսաւորուեցան ու հաստատուեցան իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ։ Այս առումով մեր ժողովուրդի լայն խաւերը շատ բան կը պարտին, երիտասարդ աբեղային, որ իր քարոզչական ծառայութեան գիծը, անխախտ պահեց ու աւելի զօրացած հասցուց մինչեւ այն պահը, երբ դադրեցաւ խօսելէ։ Իր քարոզչական առաքելութիւնը, հիմնաւորուած էր հաւատակործան հոսանքներու դէմ մղուած սրբազան բարի պատերազմի վրայ։ Ան, այս պայքարին մէջ Աստուածային հոգեւոր զէնքերով զինուած արի եւ քաջ զօրավար մըն էր, որուն անկման իրողութեան առջեւ հաւատաւոր անձինք կրկնեցին Դաւիթ մարգարէի խօսքը արտասանուած՝ Աբենների թաղման առթիւ. «Չէ՞ք գիտէր թէ այսօր Իսրայէլի մէջ, մեծ զօրավար մը ինկաւ» (Բ. Թագաւորաց, 3.38)։

Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը եղաւ բազմակողմանի ձիրքերով օժտուած եկեղեցական մը։ Որպէս քահանայ, որպէս տեսուչ, որպէս քարոզիչ, որպէս ուսուցիչ, որպէս վարչային եւ ժողովական ստանձնեց պաշտօններ։

Իր արդարութեամբ զգեցեալ քահանայութիւնը, առիթ ընծայեց որ հաւատացեալներ ցնծալով ցնծան։ Որպէս Իշխանաց կղզեաց տեսուչ եւ Սուրբ Եկեղեցեաց քարոզիչ, իր դրոշմը դրաւ այս քաղաքին մէջ, մեր ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին վրայ։ Յատկապէս Մեծ պահոց ընթացքին, պիտի կարօտնանք իր հայրական յորդորները, բղխած՝ Ս. Գրքի կենսանորոգ աստուածային պատգամներէն։ Իր եկեղեցաշէն ծառայութենէն անմասն չմնացին մեր մանուկներն ու երիտասարդները։ Որպէս վարդապետ, կրցաւ թափանցել մանուկներու անմեղունակ սրտերէն ներս եւ ցանել մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի կրօնական ապրումներու նկատմամբ սիրոյ սերմեր։ Իր հայրական թելադրութիւնները բաւեցին, որ շատեր ծանօթանան իրենց հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներուն ու կապուած մնան մեր համայնքային կեանքին։ Ազդուելով իր հոգեւոր թելադրանքներէն, հասաւ երկսեռ երիտասարդներու փաղանգ մը, որ գիտակցելով համոզուեցաւ հոգեւոր կրթութեան եւ զարգացման կարեւորութեան։

Երանաշնորհ Խորէն Պատրիարք երբ հաստատեց Արմաշու դպրեվանքը, որպէս ժառանգաւորաց վարժարան Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին, առաքելութեան յաջողութիւնը վստահած էր Մաղաքիա Եպիսկոպոս Օրմանեանի եւ Եղիշէ Ծ. Վրդ. Դուրեանի։ Այս նմանողութեամբ երանաշնորհ Շնորհք եւ Գարեգին Բ. պատրիարքները, հոգեւորականաց պատրաստութեան գործը վստահեցան Մեսրոպ Սրբազանին։ Այսօր մեր հոգեւորականաց դասու անդամներու մեծամասնութիւնը, իրմէ ստացած է արժէքներ, որոնք ծառայած են իրենց հոգեւոր գործունէութեան յաջողութեան։

Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը գործակցեցաւ Շնորհք եւ Գարեգին Բ. պատրիարքեներուն։ Իր վարչական եւ ժողովական ծառայութեանց առընթեր յայտնուեցաւ նաեւ իր կազմակերպչական կարողութեամբ։ Զանազան առիթներով համայնքային տարողութեամբ, իրագործուած յիշատակութիւններ, հանդիսութիւններ կազմակերպուած են իր գործօն ներդրումով, որով կրցած է քով քովի բերել զանազան շնորհներով օժտուած համայնքի անդամները։ Գիտցած է շարժման անցընել դպրաց դաս-երգչախումբերը եւ սանուց միութիւնները, որոնք վայելելով իր հոգածութիւնը փարած են իրենց վստահուած պարտականութիւններուն։

Մեսրոպ Պատրիարք, ոչ միայն սիրեց Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան արարողութիւնները, այլ նաեւ թելադրեց սիրել եւ միշտ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց ծառայութեամբ պատնէշի վրայ կը պահէին եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութիւնները։ Գիտցաւ գնահատել իրաւ արժէքները, մանաւանդ եկեղեցւոյ ծառայողները, մեր կրթական մշակները, մամլոյ սպասաւորները, գրչի մշակները։ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի շունչով իր մէջ կերտուած էր հայ լեզուին, գիրին ու գրականութեան նկատմամբ անխառն սէր։

Ան գիտցաւ իր առաքինութիւնները ի սպաս դնել Աստուծոյ գործին։ Աստուած, մարդը խաւարէն դուրս կանչեց իր սքանչելի լոյսին։ Աստուած օրհնեց իր համեստ ծառային նուիրաբերումը եւ առիթ ընծայեց, որ ան վերածուի կենդանի վէմի մը, շինուելու համար որպէս հոգեւոր տաճար, որպէս անարատ քահանայութիւն, որպէսզի մատուցանէ հոգեւոր պատարագներ, որոնք հաճելի ըլլան Աստուծոյ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։

Մեսրոպ Պատրիարք կարեւորութիւն ընծայեց միջեկեղեցական եւ միջկրօնական երկխօսութեանց։ Յատկապէս մեր քաղաքի քոյր եկեղեցիներու հետ ստեղծեց առողջ յարաբերութիւն, որուն շնորհիւ քոյր եկեղեցիներ զանազան առիթներով կրցին մէկտեղուիլ եւ աղօթել, յայտնաբերելով միասնականութեան մթնոլորտ։

Մեսրոպ Պատրիարք, իր եպիսկոպոսութեան շրջանին, բերաւ իր անմոռանալի ծառայութիւնը, Շիրակի աշխարհաւեր երկրաշարժէն վնաս կրած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հասցուցած օժանդակութեամբ։ Մեսրոպ Սրբազան, այս օժանդակութիւնը ապահոված էր Եւրոպայի բարեգործական կրօնական հաստատութիւններէն։

Մեսրոպ Պատրիարք, հաւատարմութեամբ հետեւեցաւ եւ պահեց իր հոգեւոր ծնողին, գաւառի մեր ժողովուրդին ու անոնց եկեղեցիներու նկատմամբ որգեգրած կեցուածքը։ Մեսրոպ Պատրիարքի անդուլ աշխատանքներուն արդիւնքն է Մուսա լերան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ի հիմանէ վերակառուցումը։

Սիրելի Մեսրոպ Պատրիարք Հայր, այսօր Ձեր վերջին ողջոյնը տուիք Ձեր Սուրբ Եկեղեցիին, զոր այնքան սիրած էիք, վերջին անգամ ողջունեցիք Տիրոջ Սուրբ Սեղանը, որուն ծառայեցիք նուիրումով, որպէս հովուապետ վերջին անգամ հրաժեշտ առիք Ձեր առաջնորդած հաւատացեալ զաւակներէն եւ խնդրեցիք անոնց աղօթքը։ Տուիք Ձեր վերջին օրհնութիւնը ըսելով. «Օրհնեսցէ զձեզ Քրիստոս Փրկիչ մեր. պահեսցէ հաստատուն ի հաւատս իւր մինչեւ ի սահմանեալ կէտ կոչմանս այսորիկ. եւ խաղաղութիւն Տեառն եղիցի ընդ ձեզ յաւիտենից յաւիտեանս»։

Այժմ մենք կը խնդրենք Ձեզմէ. ելաք աշխարհէն եկաք եկեղեցի, այժմ թողուցիք եկեղեցին եւ դարձաք՝ Հօր Աստուծոյ։ Գացէք միանալ Հայ Եկեղեցւոյ ուխտապահ եկեղեցականներու փաղանգին, որոնց օրինակովը ընթացաք։ Ձեր հայրական ներկայութիւնը միշտ պիտի փնտռենք մեր շուրջը։ Ձեր երկնային կայքէն շարունակեցէք աղօթել բոլորիս համար։

Հուսկ, մեր սրտի խօսքը կը կնքենք առ Քրիստոս դիմելով. «զՄեսրոպ Պատրիարք Հայրն մեր, ընդ այլ ճշմարիտ հովիւսն զբրաբիօնն յաղթութեան ընկալցի ի քէն. եւ ամենայն սրբովք ուրախացեալ՝ փառաւորեսցէ զՀայր եւ զՈրդի եւ զՍուրբ Հոգիդ. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։

Աստուած թողութիւն շնորհէ իր կամայ եւ ակամայ ունեցած թերութիւններուն. քաղցր ընէ իր դատաստանը, իր օրինակով եկեղեցական գործիչներ հանէ Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանին մշակման համար, ի մասնաւորի Պոլսոյ պատմական Պատրիարքական Աթոռը օժտէ իր եւ իր նմաններուն արժանաւորութեամբը օժտուած աթոռակալով, ի մխիթարութիւն մերազն հաւատացելոց. ամէն։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/18-03-2019-պատրիարքական-ընդհանուր-փոխանորդ-տ-արամ-արք-աթէշեանի-դամբանականը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın