İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՐԳԱ՜ՆՔ ԱՆՄԵՌ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐՈՒ

ՄԱՇ ՏՈՑ ՔԱ ՀԱ ՆԱՅ ԳԱԼ ՓԱՔ ՃԵԱՆ

Յիշատակը՝ այն տպաւորութիւնն է՝ որ կը մնայ մարդուս մտքին մէջ, յիշողութեանը մէջ։ Իսկ յիշողութիւնը՝ միտքը պահելու եւ վերյիշելու կարողութիւնն է՝ այն ինչ որ մարդ նախապէս տեսած, ապրած եւ տպաւորուած է։ Յիշատակի նիւթը կրնայ ըլլալ անմոռանալի պահ մը, օր մը, շրջան մը՝ որ տպաւորուած է ենթական, կեանքի բնական ընթացքը փոխած, ազդեցութիւն գործած է. ան կրնայ ըլլալ մանաւանդ անձ մը՝ որ կարեւոր դեր է խաղացած ենթակային կեանքին մէջ՝ ծնողք կամ ուսուցիչ, եւ կամ ծնողքի, դաստիարակի նման վարուած մէկը, ոեւէ անձ որ ենթակային կեանքին ուղղութիւն է տուած։ Յիշատակի առարկայ կրնայ ըլլալ նաեւ մտաբերելու արժանի թանկագին էակ  մը կամ ապրում մը, որ անցեալ է արդէն, բայց յաճախ կը վերապրուի։

Մարդ կարելի՞ է որ մոռնայ, զոր օրինակ, դպրոցէ վկայուած օրը. այդ օրուան տպաւորութիւնը կը տեւէ մարդուս ամբողջ կեանքին օրերուն մէջ, քանի որ այդ օրուան յաջորդող օրերն են որ կը սկսին այդ օրով, այդ օրուան մղումով։

Բայց «յիշել» կ՚ենթադրէ՝ «մոռնալ», քանի որ մոռցուած բան մը կը յիշուի ընդհանրապէս. չէ՞ որ յիշել կը նշանակէ մտաբերել, այսինքն մտքի մոռցուածը, ըսենք՝ կորսուածը վերապրիլ եւ գտնել…։

Ինչպէս որ մեկնաբանուի կամ հասկցուի «յիշել»ու մտային գործողութիւնը, ան, մարդուս համար կատարեալ մխիթարութիւն մըն է, աչքէ հեռացածը մտքի մէջ ապրիլ, նիւթապէս կորսուածը բարոյապէս գտնել, վերապրիլ, դարձեալ վայելել զայն։ Եւ այս իմաստով, յիշատակը, յիշողութիւնը աստուածատուր պարգեւ մըն է, շնորհ մըն է, որ մարդուս կորուստի պատճառով ունեցած ցաւը եւ վիշտը կը թեթեւցնէ. կ՚ամոքէ, սփոփիչ մըն է ան՝ սփոփարար դեր մը կը խաղայ սիրտերու մէջ։ Եւ այս իմաստով, արդեօք կարելի՞ է ըսել, թէ «յիշատակ»ը անցեալի նկատմամբ «յո՛յս» մըն է՝ լոյսի շող մը, ցոլք մը՝ որ կը լուսաւորէ խաւարած սիրտը, մթամած՝ մութով շրջապատուած հոգին…։

Ի՜նչ քաղցր զգացում մըն է յիշել անձ մը, օր մը, ապրում մը, դէպք մը՝ որ այլեւս անցեալի կը պատկանի։ Յիշելով, մարդ, կարծես անցեալը կը փոխադրէ ներկային, կը վերապրի, միջավայր կը փոխէ, միջոց կը փոխէ եւ ժամանակի անհո՜ւն եւ անսահման տարածութեան մէջ, ընդարձակութեան մէջ խորհրդաւոր ճամբորդութիւն մը կ՚ընէ։ Յիշող մարդը այլեւս ան մարդը չէ որ ներկային մէջ կ՚ապրի, այլ անցեալի մէջ ապրող նոր մարդ մը՝ երջանիկ եւ մխիթարուած։

Եւ երբ այս աչքով նայինք երեւոյթին, տարեցներ յիշատակներով կ՚ապրին, իսկ երիտասարդներ՝ ապագայի ծրագի՛րներով։ Բայց թէ՛ տարեցներ եւ թէ երիտասարդներ միշտ յոյս մը ունին, որ կը լուսաւորէ իրենց կեանքը. տարեցը յոյսը ունի անցեալին մէջ ապրելու ներկան, իսկ երիտասարդը՝ ներկային մէջ ապագա՛ն։ Ուրեմն երկուքին համար ալ՝ թէ՛ տարեցին, թէ՛ երիտասարդին համար հասարակաց արժէքը «յո՛յս»ն է, քանի որ առանց յոյսի մարդ չի կրնար ապրիլ, ըլլա՛յ տարեց, ըլլա՛յ երիտասարդ։

Ի՜նչ քաղցր է յիշել, եւ երանելի են անոնք որ յիշելու արժանի անձեր, դէպքեր, ապրումներ ունին. հապա ի՞նչ ըսել անոնց՝ որոնք իրենց կեանքի մէջ չեն ունեցած յիշելու արժանի որեւէ բան, ոեւէ անձ։ Ուրեմն յիշելու արժանի բան մը ունենալն ալ շնորհ մըն է, չըսելու համար «բախտ»։

Եւ նոյնքան երանելի՜ են անոնք որ կը յիշուին, չեն մոռցուիր, քանդակուած եւ անջնջելի կը մնան միտքերու եւ հոգիներու մէջ։ Անոնք իրենց կեանքով եւ գործով, ապրումներով եւ շարժումներով միշտ դրոշմուած, տպաւորուած կը մնան միտքերու մէջ. եւ ինչպէս ըսինք, եթէ «յիշել»ը մոռնալ կ՚ենթադրէ, ապա ուրեմն անոնք անմոռաց, անջինջ կը մնան միտքերու մէջ։

Կան նաեւ յիշատակներ՝ յիշելու արժանի էութիւններ, որոնք ժամանակի մը համար կը յիշուին, բայց հետզհետէ կը թառամի անոնց յիշատակը եւ թերեւս սերունդ մը ետք անյիշատակ՝ մոռցուած կը մնան անոնք։ Մարդուս կեանքը եւ գործն է որ անջնջելի, միշտ թարմ եւ կենդանի կը պահէ իր յիշատակը՝ տարի՜ներ եւ սերունդներ, նոյնիսկ դարե՜ր եւ շրջաններ կը յիշուին։ Անոնք այն եզական, աննման անձերն են որ իրենց գործը եղած է անժամանակ եւ տիեզերական, որոնք ծառայած են ոչ միայն որոշ շրջանի մը մարդոց, այլ՝ համայն մարդկութեան՝ ինչպէս իրենց ներկային մէջ, նաեւ անցեալին եւ ապագային։ Եւ իրական մեծ միտքեր, վեհ հոգիներ եղած են անոնք որ արժանացած են անմոռացութեան՝ ամէն ժամանակի եւ ամէն միջոցի, տարածքի մէջ։

Ամէն շրջանի եւ տիեզերական մարդ ըլլալ ամէնուն տրուած շնորհ մը չէ՛. յատուկ ձիրք, ընդունակութիւն, յատկութիւն եւ կարողութիւն կը պահանջէ։ Եւ մէկու մը իսկական արժէքը կը հասկցուի իր անմոռացութեամբ, սերունդներու վրայ թողած տպաւորութեամբ, գործած ազդեցութեամբ եւ «տիպա՛ր» մը ըլլալու արժանիքով։

Արդարեւ, յիշելու համար մէկը բանաւոր եւ հաստատ պատճառներ պէտք է ըլլայ, որոնց մէջ «անկեղծ, օգտաշատ ծառայութիւն»ը գլխաւոր տեղը կը գրաւէ։ Մա՛րդ իր կեանքին նպաստողը, օգտակարութիւն ունեցողը երբեք չի մոռնար, անշուշտ եթէ անխիղճ ապերախտ մը չէ ան…։

Ան որ ապերախտ է՝ բարիքի յարգը չի գիտեր, երախտամոռ մըն է, արդէն մարդկային զգացումներէ, բարեմասնութիւններէ զուրկ է եւ կը մոռնայ ամէն բարիք, ամէն օգտակարութիւն։

Օր մը, պահ մը, ապրում մը եւ անձ մը երբեք չի մոռցուիր երբ անոնք ունեցած են անմեռ յիշատակներ եւ անձը՝ իր տիպար կեանքով եւ գործով։

Եւ երբե՛ք պիտի չմոռնանք Մեսրոպ Պատրիարքը իր տիպար կեանքով եւ գործով…։

Մարտ 14, 2019, Իսթանպուլ

http://www.jamanak.com/content/հոգե-մտաւոր/18-03-2019-յարգա՜նք-անմեռ-յիշատակներու


İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın