İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻՊՐԱՀԻՄ ՔԱԼԸՆ. «ԿԱՐԵՒՈՐ ԳՈՐԾ ՏԵՍԱՒ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԹՈՒՐՔԵՐՆ ՈՒ ՀԱՅԵՐԸ ԶԻՐԱՐ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՀԱՍԿՆԱՆ»

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի յուղարկաւորութենէն վերջ հանդէս եկաւ հակիրճ յայտարարութիւնով մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Ցաւակցութիւն կը յայտնեմ բոլոր հայերուն։ Կը բաժնենք իրենց ցաւը։ Թէ՛ հոգեւոր եւ թէ մտաւորական երեսակներով Մութաֆեան այս երկրէն հասած հայրենասէր անձ մըն էր։ Միացնող ինքնութեամբ, համընդգրկուն մօտեցումով իր այս կրօնական պարտականութիւնը կատարեց կեանքի ողջ տեւողութեան։ Կարեւոր գործ տեսաւ նաեւ, որպէսզի թուրքերն ու հայերը ա՛լ աւելի մերձենան եւ զիրար աւելի լաւ հասկնան»։

ԱՔ կուսակցութեան բանբեր Էօմէր Չելիքն ալ ըսաւ. «Եւրոմիութեան վերաբերեալ գործընթացներուն աջակցելու, Թուրքիոյ վերաբերեալ շարք մը հակաքարոզչութիւններու յաղթահարման նպաստելու համար հայրենասէր ձեւով կը զօրակցէր արտասահմանի գործունէութիւններուն։ Հոգեւորական մը ըլլալու առընթեր, լաւ փիլիսոփայ մըն էր եւ առաջին կարգի մտաւորական մը»։

Իր կարգին, խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմն ալ յայտնեց հետեւեալը. «Ոչ թէ մեր բաժանումները, այլեւ՝ մեր հասարակաց կողմերը յառաջ պիտի քշենք։ Զիրար պիտի գրկենք։ Միասնաբար պայքար պիտի մղենք այն ծայրայեղութեան դէմ, որ վերջին շրջաններուն վերելք կ՚ապրի աշխարհի վրայ։ Եղբայրաբար պիտի ապրինք Իսթանպուլի մէջ, որ քաղաքակրթութիւնները համախմբող հանդուրժողութեան քաղաքն է»։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F18-03-2019-իպրահիմ-քալըն-«կարեւոր-գործ-տեսաւ-որպէսզի-թուրքերն-ու-հայերը-զիրար-աւելի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın