İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Հօր Գերմանիոյ Հովապետական Այցի Յուշեր

Ֆրանքֆուրթ քաղաքի հիւարանոցի մը սրահի մէջ կազմակերպուած էր, ի պատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր , բարի գալուստեան ընթրիք մը որը տեղի ունեցաւ  երեկոյան ժամերուն, համայնայիններու մասնակցութեամբ: Բացման ու ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազանը,համայնքի օրուայ այցելու հոգեւոր հովիւ Արժ.Տ.Արմէն Քհյն.Մելքոնեան ,ծրագիրի երաժշտական ելոյթներէ ետք յանուն Գերմանահայոց Թեմական Խորհուրդի եւ Հայ համայնքներու վարչականներուն՛, ողջոյնի եւ բարի գալստեան խօսք արտասանեցի նաեւ ես, որպէս Թեմական Խորհուրդի անդամ:Բարի գալստեան խօսքերուս մէջ ներկայացուցի այդ ատենի հայ համայնքներուն վիճակը,անոնց եկեղեցանուէր ծառայութիւնները : Շեշտած էի սփիւռքահայութեան հոգեւոր պայքարին վրայ ընդէմ օտարամիտ հոսանքներու ,որոնք թէպէդ, որոշ հաւատացեալներ գրաւած են սակայն բարեբախտաբար Գերմանահայութեան մեծամասնութիւնը փարած է ու կը պահպանէ մեր նախահայրերու հաւատքը:Իմ խօսքերուս աւարտին,փակման խօսքով  հանդէս եկած  էր Պատրիարք Հայրը, որ իր յորդորը ուղղած էր ներկաներուն ըսելով:

<< Գերմանիան իր լեզուով,մշակոյթով ու ժողովուրդով ինծի անծանօթ չէ,որովհետեւ ես մէկուկէս տարի ուսանած եմ Շթութթկարթ քաղաքին մէջ,եւ որպէս առաջին երկիր ուր բնակած եմ Պոլիսէն դուրս՛ ես զիս կզգամ երկրորդ տանս մէջ: Շնորհակալութիւն Սրբազան Հօր եւ Թեմական խորհուրդին որ առիթն ընծայեցին ինծի Գերմանիա գտնուելու եւ ձեզի հետ հանդիպում ունենալու:Պատրիարք Հայրը անդրադարձած էրՔրիստոսի ծննդեան 2000 ամեայ տօնախմբութեան եւ ըսած էր հետեւեալը:

<<Եթէ չկարենանք արժեւորել Քրիստոսի Սբ.Ծննդեան երկհազարամեայ յոբելեանը ,եւ միասնաբար տօնել զայն մեր միւս  քոյր եկեղեցիներու հետ ,յաջորդ տարի իրաւունք պիտի չունենանք իրենց հետաքրքրութիւնը ակնկալելու եւ կամ սպասելու որ անոնք հետաքրքրուին մեր Եկեղեցւոյ 1700 ամեակով>>:

Պարտրիարք Հօր այցելութեան երկրորդ օրը կիրակի 30 Ապրիլ 2000 ին Պարտրիարք Հայրը եւ շքախումբը  գլխաւորութեամբ Գերմանիոյ օրուայ Առաջնորդ Գերշ.Տ.Գարեգին Արք. Պէքճեանի , հոգեւորական եւ սարկաւագաց դասի , թեմական խորհուրդի  անդամ ընկերի մը եւ իմ  ընկերակցութեամբ մեկնացանք դէպի Գերմանիոյ Նիւրընպէրկ քաղաքի Հայ համայք, ուր Պատրիարք Հայրը իր  Գերմանիայ այցելութեան անդրանիկ Սբ.Պատարաքը մատույց ,զատկական շրջանի առաջին կիրակին որ,մեր եկեղեցին կը կոչէ ՛՛Նոր Կիրակի՛՛ կամ ՛՛ Կրկնազատիկ՛՛:Պատարագի աւարտին ներկաները ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ,որմէ ետք իր յորդորը ուղղեց Պատրիարք Սրբաազան Հայրը  եւ խօսեցաւ Հայ ժողովուրդի կեանքի մէջ Սբ.Յարութեան խորհուրդին եւ անոր դերին մասին եւ դիտել տուաւ որ,ներկայիս առաքելական հաւատքը նահանջ կ՛արձանագրէ ,սակայն մենք որպէս ժողովուրդ որ,մշտապէս Քրիստոսի Յարութեան հաւատքով կ՛ապրինք:

unnamed-2

Յաւարտ Սբ.Պատարագի Նիւրընպէրկի Հայ համայնքի կողմէ սարքուած էր սիրոյ ճաշկերոյթ ի պատիւ Պատրիարք Հօր : Հաւաքոյթի ընթացքին արտասանուեցան բարի գալուստի խօսքեր : Նիւրընպէրկի հայ համայնքը ապրեցաւ եզակի օր մը,  Պատրիարք Հօր այս օրհնաբեր այցելութիւնը պիտի գրուի համայնքի պատմութեան ոկեայ էջերուն մէջ:

Նոյն օրը երեկոյան,Պատրիարք Հայր եւ իր շքախումբը վերդարձան Առաջնորդանիստ Քէօլն  քաղաք  եւ ես ալ պատմական անմոռանալի օր մը ապրելէ ետք տուն վերադառձայ:

Յաջորդ օր երկուշաբթի 1Մայիս 2000 առաւօտեան ժամերուն Պատրիարք Հայրը իր շքախումբով եւ հոգեւոր դասը միասին  մեկնացանք Նիտրլատի Քէվէլար քաղաքը  որ, յայտնի է որպէս, Սբ.Աստուածածնի յիշատակի օրհնութեան հետ կապուած ուխտատեղի : Ըստ աւանդութեան  ամէն տարի Մայիս ամսուան առաջին օրը , Սբ. Մարիամ Աստուածածի   նուիրուած ուխտագնացութիւն կը կատարուի,2000 թուականի ուխտագնացութեան բացումը կատարարուեցաւ ձեռամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի եւ Քէօլն օրուայ Կարտինալ Եոախիմ Մայսնէրի կողմէ.Ես առաջին անգամ  Պատրիարքի  գլխաւորած ուխտագնացութեան մը կը մասնակցելով մեծ հրճուանք եւ եզակի օրը մը կ՛ապրէի ,այդ օրը ինծի  համար պատմական օր մըն էր:

Յաջորդ օր,Պատրիարք Հօր կարեւորագոյն այցելութիւններէն մին ալ Տիւսէլտօրֆ քաղաքի մէջ ,Գերմանիոյ Աւետերանական եկեղեցւոյ օրուայ հոգեւոր պետ Մանֆրէտ Քոքի հետ կայացած հանդիպումն էր:Մանֆրէտ Քոք այդ ժամանակ միջ-եկեղեցական գետնի վրայ մեծ համբաւ կը վայելէր:Օրուայ վերջին հանդիպումը կայացած էր,Քէօլնի Հայ համայնքի սրահի մէջ համայնքայիններուն հետ ,Պատրիարք Հայրը համառոտ կերպով ներկայացուց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի եւ Թրքհայ համայնքի պատմութիւնը եւ պատասխանեց ,Թրքհայոց եկեղեցական ու աշխարհիկ կեանքի վերաբերեալ նիւթերու շուրջ անոնց ուղղած հարցումները:

Հովապետական այցելութեան յաջորդող օրերուն Պատրիարք Հայրը իր  շքախումբով այցելութիւն տուաւ  Գերմանիոյ Պօնն,Միւնսթէր ,Ախըն եւ այլ քաղաքներ, հանդիպումներ ունեցաւ  քոյր եկեղեցիներու  հոգեւոր առաջնորդներու ու ներկայացուցիչներու հետ եւ ժամանէց նաեւ  Միւսնթէր քաղաքի յայտնի Վիլհէմ Համալսարանի Աստուծաբանական  բաժինը, ուր Պատրիարք Հայրը հակիրճ ձեւով  ուսանողներու ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւնը: Ես,ներկաները եւ  ուսանողները  մեծ գոհունակութեամբ ու ջերմ ծափահարութիւններով ունկնդեցինք Պատրիարք Հօր  բացատրութիւնները:

Ուրբաթ 5  Մայիս 2000 ին Պատրիարք Հայրը  առաւոտեան ժամերուն Թուրքիոյ Հանրապետութեան Քէօլնի  օրուայ Աւագ Հիւպատոսին քաղաքավարական այցելութիւն մը տալէ ետք ,Պոնն քաղաքի մէջ  Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մայր Տաճառին մէջ դիմաւորուեցաւ յունածէս  հրաշափառի արարողութեամբ ,յետ արարողութեան Գերմնանիոյ Յոյն Եկեղեղւոյ Առաջնորդի  հետ տեսակցութիւն մը ունեցաւ եւ Պարտրիարք Հօր ի պատիւ սիրոյ սեղան մը սարքուած էր, որու ընթացքին արտասանուեցան ուղերձներ :Նոյն օրը երեկոյին Պատրիարք Հայրը ընթրիքի մասնակցեցաւ  ի ներկայութեան Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Սրբազանի Հօր ,Գերմանահայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդի եւ Քէօլնի Հայ համայնքի վարչութեան անդամներու: Ընթրիքի ընթացքին, ներկայ թեմական խորհուրդի անդամ ընկերներս եւ ես մեր սիրտի ու ողջոյնի խօսքերը  արտասանեցինք ,ապա իրենց խօսքերը ուղղեցին Պատրիարք Հայրը ու Առաջնորդ Սրբազանը: Ընթրիքի սրահին մէջ, շուտով ստեղծուաց էր, մտերիմ ու  ջերմ մթնորլորտ մը՛ որը , ինծի առիթ ստեղծեց Պատրիարք Հայրը աւելի մօտէն ծանօթանալ:  Որպէս հայ որդի , բազմատաղանդ ու եզակի անձնաւորութեան տէր  հեղինակաւոր Պատրիարք Հայրը մօտէն ծանօթանալով մեծ հպարտութիւն մը ապրեցայ:

6 Մայիս 2000 Շաբաթ օր Պատրիարք Հօր,Գերմանիոյ Ղպտի եւ Ասորի եկեղեցիներու Առաջներդերու եւ ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումին յաջորդ օրը ,7 Մայիս  2000 Կիրակի օր Պատրիարք Հօր Գերմանիոյ հովապետական վերջին օրն էր,որը յատկացուեցած էր Գերմանահայութեան :Այդ օրը հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ Քէօլնի Առաջնորդանիստ Սբ.Սահակ Մեսրոպ Եկեղեցւոյ մէջ ,պատարագին ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու  Առաջնորդները ու ներկայացուցիչները , Գերմանիոյ մօտ ՀՀ օրուայ դեսպանը, Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Սրբազանը,Հոգեւորական դասը,Թեմական Խորուրդի եւ Համայնքի Վարչութեան անդամները, բարձրաստիճան հայ հոգեւորականներ եւ հաւատացեալները.

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի ,Պատրիարք Հայր հիւրերու հետ միասնաբար մեկնացանք քաղաքի մէջ  մէկ սրահի ուր , ողջոյնի ու բարի  ճանապահրի խօսքեչ ոըղղեցաւ ,ապա  ելոյթ ունեցան համայնքի պարախումբը եւ փոքրիկները  , վերջաւորութեան իրարու յանձնուեցաւ յուշանուէրներ եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոբ Բ. Գերմանիա հովապետական այցելութիւնը իր աւարտին հասաւ: Մայիս  2000 թուականին ՙԳերմանահայութիւնը ապրեցաւ անմոռանալի ու պատմական 8 օրեր:

Տքթ.Սարգիս Ատամ

Գերմանիա

(29 Ապրիլ  2000- 7 Մայիս  2000)

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın