İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԲՈԼՈՐԱՆՈՒԷՐ ՅԱՐԳԱՆՔ

Թրքահայութիւնը բոլորանուէր յարգանք կը ցուցաբերէ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ նորոգ վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին նկատմամբ։ Մեր ժողովուրդը աղօթքով, խունկով, ծաղիկներով, մոմերով ու երկիւղով կը պատրաստուի հրաժեշտ տալ հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքին։ Տասնամեայ անբուժելի հիւանդութեան տխուր յուշերու հեռաւորութիւնը յաղթահարելով՝ մեր համայնքը կը վերյիշէ երջանկայիշատակ Պատրիարքի ծաւալած գործունէութիւնը, տարած մեծ աշխատանքը եւ այդ բոլորի հիման վրայ համախմբուած է անոր բարոյական ներկայութեան շուրջ։ Այսօր եւ վաղը Գումգաբուի մէջ թրքահայ հաւատացեալ ժողովուրդը խոնարհում կը բերէ իր նորոգ վախճանեալ հոգեւոր պետի դագաղին առջեւ։ Այս երկու օրերուն մեր վարժարաններու աշակերտներն ալ պիտի փութան վերջին անգամ յարգանք մատուցելու հոգելոյս Պատրիարքի բարոյական ներկայութեան առջեւ։

Երէկ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շարունակեցին Գումգաբուի մէջ ընդունիլ ցաւակցական այցելութիւններ։ Օրուայ առաջին կէսի եւ յետմիջօրէի սկիզբի այս ընդունելութիւններէն վերջ, Պատրիարքարանի երդիքին տակ տե-ղի ունեցան իրերայաջորդ ժողովներ, որոնց բոլորն ալ կիրակի օրուան յուղարկաւորութեան, վերջին օծման ու թաղման արարողութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներուն վրայ կեդրոնացած էին։ Յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ առաջին հերթին տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ։ Այս առթիւ ժողովական հայրերը աչքէ անցուցին յուղարկաւորութեան պատրաստութիւններուն ընդհանուր ընթացքը։ Նիստին զուգահեռ յայտնի դարձաւ, որ այս կիրակի, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներու ներքեւ երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի յուղարկաւորութեան առթիւ պիտի պատարագէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Վերջին օծումը պիտի կատարէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան, որ այսօր կը ժամանէ քաղաքս։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պատգամը պիտի ընթերցէ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ պիտի գլխաւորէ յուղարկաւորութեան մասնակցելիք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այդ պատուիրակութեան երրորդ անդամը պիտի ըլլայ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Յուղարկաւորութեան ընթացքին պիտի ընթերցուի նաեւ պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, որու ներկայացուցիչները՝ Լիբանանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Տ. Խորէն Եպսկ. Աշքարեան այսօր կը հասնին քաղաքս։ Կիրակի, հոգելոյս Պատրիարք Հօր դագաղը երբ դուրս պիտի բերուի Մայր եկեղեցիէն, Շիշլիի գերեզմանատունը ուղղուելէ առաջ միջոց մը կանգ պիտի առնէ նաեւ Պատրիարքարանի մուտքին։ Այդ փուլին ալ դամբանախօսութիւն մը պիտի ընէ իրաւաբան Սեդրակ Սրկ. Տավութհան։

Կրօնական ժողովի նիստէն վերջ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան կարգադիր յանձնախումբի խորհրդակցութիւնը։ Պէզճեան սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ժողովը՝ բազմանդամ մասնակցութեան բերումով։ Արդարեւ, կարգադիր յանձնախումբի առընթեր ժողովասեղանի շուրջ հաւաքուած էին այն երիտասարդները, որոնք շարժման անցած են ենթայանձնախումբերու ձեւաչափին մէջ։ Ժողովի բացման ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ այս խորհրդակցութեան նախագահեց իր կողքին ունենալով Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ու Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանը։ Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէ նորին սրբազնութեան խօսքէն վերջ ամփոփ ներկայացուց ցայսօր առնուած քայլերը։ Աւելի վերջ ան ներկայացուց յառաջիկայ օրերու հիմնական առաջնահերթութիւնները եւ բոլորին յիշեցուց, որ բոլոր մանրամասնութիւնները մանրակրկիտ հաշուի պէտք է առնուին անթերիօրէն ի կատար ածելու համար յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը։ Խորհրդակցութեան մասնակիցները շուրջ մէկուկէս ժամ աչքէ անցուցին տարուած աշխատանքը։ Աւելի վերջ, ենթայանձնախումբերու երիտասարդները Պէզճեան սրահին մէջ շարունակեցին իրենց ժողովը։ Մելքոն Քարաքէօսէի կողմէ գլխաւորուած կարգադիր յանձնախումբի անդամները կարճ միջոց մը առանձնացան նաեւ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, ուր Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ներկայութեամբ յաւելեալ քանի մը նիւթերու վերաբերեալ մօտեցումներ յստակեցուցին։

Ի լրումն այս բոլորին, կարգադիր յանձնախումբի անդամները երէկ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ քննարկեցին ընդհանուր կացութիւնը, արարողակարգի համար նախատեսուած կարգադրութիւնները, դագաղի շուրջ ստեղծուելիք պայմանները եւ եկեղեցւոյ ատեանի վերաձեւաւորեալ դրուածքը՝ արարողութեան ընդհանուր ընթացքին համապատասխան։

Մայր եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ ալ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ պոլսահայ երգչախումբերու միացեալ կազմի փորձը։ Խմբավար Ատրուշան Հալաճեանի գլխաւորութեամբ Միացեալ երգչախումբը  պիտի կատարէ շաբաթավերջի երգեցողութիւնները, Լիւսի Գահվէճիօղլուի երգեհոնահարութեամբ։ Ուստի, Միացեալ երգչախումբն ալ կիրակի օրուան ընդառաջ փորձեր կը կատարէ, որպէսզի երգեցողութիւնները ըլլան կատարեալ։

Յուղարկաւորութեան կարգադիր յանձնախումբը մինչեւ կիրակի անընդհատ պիտի շարունակէ լարուած աշխատանքը։ 

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F14-03-2019-բոլորանուէր-յարգանք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın