ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Սաւառնակը կը ճախրէ մութին,
(ուր մոմեր կը վառին,
ուր «Եկեսցէ»ի հնչիւններ կ՚ոլորին խունկի ծուէններու նման դէպի խորան,
ուր Խաւարումի քարոզը քար լռութենէ թանձրացած միջոցը կը ճեղքէ հասնելու համար ժամուորներուն,
ուր Հռոմկլայի սուրբին «Յիշեսցուք»ը, կոմիտասեան խանդավառ եղանակաւ, ալիք առ ալիք կը տարածուի Մարմարայի ծովուն վրայ՝ խայտացող իւրաքանչիւր «Զարթի՛ք»ով,
ուր կը ճարճատի Գնալը կղզիի հովուատան բուխերիկը),
ուր վերելած ենք Սոչիէն՝ հասնելու համար Երեւան։ Եռօրեայ ուղեւորութեան վերջին հանգրուանն է։ Հօրս փափաքով Սոչի հասեր էինք Տրապիզոնէն, ծովային ճամբով։ Իսկ սրբազանը հասեր էր ուղղակի Պոլսէն։ Յոգնութենէ դադրած մարմինս, դեռ նոր կործանած կայսրութեան ամառնային այս ոստանին մէջ ուտելիք ոչինչ գտած, անօթութենէ գալարիլ սկսած էր արդէն։ Սրբազանը պայուսակէն կը հանէ շամֆըստըխով լի մեծկակ տոպրակ մը։
(-Անօթի՞ ես, տղա՛ս։
-Չէ՛, սրբազան…
-Մաք Տանըլթս երթանք…
-Ա՞յս ժամուն)։
Յոգնութիւն ու սրբազանին շամֆըստըխներով փոքր ի շատէ գոհացած անօթութիւնը կը վերածուին անհամբերութեան ու պապակի, երբ սաւառնակի պոչին հազիւ կը նշմարեմ կարմիր-կապոյտ-նարնջագոյն եռագոյնը։ Ասիկա պիտի ըլլայ առաջին թռիչքս… Օրն է չորեքշաբթի… «…պաս է…»։
(«Էսօր ուրբաթ է, պաս է…, դէ հէ զը՛նգը-զը՛նգը, դէ հէ ջա՜ն…»։
Հայր-սուրբը մէկ կողմէ կ՚երգէ, միւս կողմէ կը ծափէ, միջնամատն ու բութը իրարու քսելով կը շխկացնէ ատեն-ատեն, միաժամանակ ոտքի մատներուն վրայ կը բարձրանայ ու կ՚իջնէ՝ ցատքին կշռոյթը երգին յարմարցուցած։ Մենք, տղաքս, կ՚երգենք, մէկ կողմէ ալ հայր-սուրբին կը հետեւինք, վարակուած ենք խանդավառութեամբը, ձայներնիս արձակած, մէկ բերան դարձած կը պոռանք՝ «Էս օր ուրբաթ է, պա՛ս է»։ Ալ ո՞վ է մտածողը դուրսը մեզ սպասող կարկանդակներն ու լեմոնաթները, զոր դրած են մեզ հմայելու համար։ Խնճոյքը նե՛րսն է…)։
Քանի մը ժամ ետք Երեւան ենք։ Էջմիածնէն զինք դիմաւորելու եկած երկու վարդապետ շուտով կը վերադառնան զիս ու հայրս ալ Էջմիածին հասցնելու։ «Այս ժամուն երթալիք տեղ չկայ, վաղը առտու կ՚երթաք Երեւան», ըսած է սրբազանը։ Վազգէնեան դարպասին դռները կը բացուին ցած ճռինչով մը՝ վախնալով կարծես խանգարելու տիրող լուռ խաղաղութիւնը։ Կ՚իջնեմ կառքէն։ Յուզուած եմ… Սրբազանը Երեմեան խուցերուն առջեւ կեցած, ժպիտը դէմքին, աչքերը ինծի յառած, կը յարէ հարցական աչքերուս պատասխանել փորձելով եւ աջ թեւը բարձրացուցած դէպի մայր տաճար. «Գնա՛, հո՛ն է»։ Գիտէ ի՛նչ կը փնտռեմ եւ հո՛ն է վկայելու համար…
(Ղալաթիոյ եկեղեցին ենք։ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւն։ Ոգեշնչող քարոզ մը, զոր միայն ինք գիտէր խօսիլ… Դասուն մէջ նստեր, աչքերս յառեր եմ իրեն, կ՚ունկնդրեմ մագնիսուած։ Մէկէն աջ թեւով լայն շրջանակ մը կը գծէ օդին մէջ, ձեռքի քառաթեւը, կարծէք զայն պեղել ուզէր, գետին կ՚ուղղէ, եւ իւրաքանչիւր բառին վրայ շեշտ մը դրած կ՚աղաղակէ. «Եկեղեցին հայկական մեն մի քարին տակ գետնի…»։ Թեւը իսկոյն կը բարձրացնէ, շուրջառը վեր կը ծալլուի, իսկ խաչը երկինքը ցոյց կու տայ. «Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի»)։
Կը նայիմ իր թեւին ուղղութեամբ։ Ծառուղի մըն է փռուած առջիս։ Կը վազեմ, կը վազեմ մինչեւ… յանկարծ երեւումը մեծղի, գորշ զանգուածին, որ կը կանգնեցնէ քայլքս ու հայիլս ինքնին կ՚ուղղէ վեր, վեր, մինչեւ հոն ուր խաչով մը կը գագաթուի գմբէթին վեղարը։ Ատկէ անդին կապտաւուն երկինքն ու բացխփուող աստղերն են… եւ կեանքիս մէջ այնքան մութին նայած չէի ես՝ այնքան լոյս տեսած ըլլալու համար, որքան բարձր ու խաւար այդ գմբէթը։
(16 Սեպտեմբեր 1995-ին, շաբաթ գիշեր, ի ժամ Խաչվերացի հսկման արարողութեան, Գնալըի եկեղեցւոյ մէջ, սրբազանը կը քարոզէ բնաբան ունենալով Եղիշէ արք. Դուրեանի «Խաչը» քերթուածը։ Նախքան արարողութիւնը, հովուատան մէջ, կարդացեր ու մէկ կողմէ ալ վերլուծեր էինք «Խաչը»։ Հիացիկ բացագանչութիւններ արձակելով սրբազան քերթողին տաղանդին դիմաց, հիանալով միաժամանակ լեզուի ճկուն դարձուածքներուն։ Հո՛ն որոշեր էր յանկարծ քարոզել քերթուածը։ Թուղթի մը վրայ հապճեպով գրառած ու տուած էի իրեն, քարոզէն ետք առնելու ու օրագրիս էջերուն պահելու համար վրան կաթիլ մը մոմ դրոշմուած այդ թուղթը, ինչպէս թերեւս անգիտակից բնազդով մը կ՚ընէի պահելով իր փշրանքները)։
Էջմիածինը, ուր էինք հիմա երկուքս ու հայրս, իրմով բիւրեղացած էր մանկապատանեկան երեւակայութեանս մէջ։ Հոն էր որ եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր եօթը տարի առաջ (հիմա 1993-ն ենք), հոն կ՚երթար-կու գար եւ ամէն անգամ գիրք մը, խաչ մը, վերջապէս յիշատակ մը կը բերէր մեզի, ինծի ու Արիին։ Տառերու կոյտը կը քարեղինանար ալ հիմա, իրականութիւնը կը նուաճէր երեւակայութիւնը, պատանեկութիւնս առանց դիմադրելու կը յանձնուէր երիտասարդութեան եւ սրբազանն ալ, որ հիմա ունեցած տարիքէս վեց տարու փոքր էր, կ՚երթար դառնալու մանկութեան ու պատանեկութեան պատուանդանս։ Առաւել եւս դառնալու հատուածը անձնականութեանս, ծուարած ոչ այդքան խորունկ տեղ մը, ղեկավարելու աստիճան վերին գիտակցութիւնը… Խօսելու կերպդ, ձեռքի շարժումներդ, ձայնդ բաներ մը ունին իրմէ հարկաւ։ Աւելի անդին կայ ընտրած ասպարէզդ, լսած երաժշտութիւնդ, ճաշակդ… Զգայնութիւննե՞րդ հապա, բծախնդրութի՞ւնդ… Ամէնուր է, մէկ խօսքով, նստած հոգիիդ ամենաշքեղ մէկ խորշը, կը դիտէ քեզ եւ դուն կը ջանաս ընել, գրել, խօսիլ այնպէս մը որ ընդունելի ըլլայ իրեն եւս…
Նստած նկարներ կը դիտեմ, գիրքեր կը թերթեմ, քանի մը նամակ… Յիշատակները կ՚անիծեն խերդ։ Ինչ որ եմ՝ հաւանաբար պատճառը ի՛նքն է։ Տխրութիւնս իր կորուստէն է. ժամանակը թանձրացնող կորուստ մը։ Մանկութիւնս ու պատանեկութիւնս զիս կը լքէ իրմով, նոյնքան հօրմովս։ Կը խուսափիմ հրաժեշտէն, քանի դեռ մէկն եմ այն մարդերէն որոնք սրբազանը ունին իրենց հոգւոյն խորը եւ պիտի կրեն, պիտի ապրեցնեն զայն այնքան ժամանակ, քանի դեռ կան։
13.03.2019
İlk yorum yapan siz olun