İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազան Հօր, Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսի առթիւ Պատրիարքական Պատգամը, 2006

Ազգային Կեդրոնական Վարժարանը եւս յատուկ ուշադրութեան արժանացած էր Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Կեդրոնականի սաներ, առանց իր օրհնութեան, չէին կրնար թիավարել դէպի ապագայ։ Վարժարանի շրջանաւարտութեան ծիսակատարութիւնն անգամ հաստատուած էր իր ոգեւորութեամբ. Այցելութիւն՝ դէպի Ազգային Պատրիարքարան, խմբանկար՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր ներկայութեամբ, աղօթքի այցելութիւն՝ Երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմին, ի ներկայութեան Մեսրոպ Պատրիարքի եւ հուսկ՝ շրջանաւարտութեան հանդիսութիւն՝ բարձր նախագահութեամբ Պատրիարք Հօր։ Տարիներ շարունակեց այս գեղեցիկ աւանդութիւնը, իսկ 2006-ի շջանաւարտութիւնը պիտի տարբերէր միւսներէն։ Վարժարանի տնօրէն Տկն. Սիլվան կը բոլորէր ծառայութեան 25 ամեակը, ինչպէս նաեւ ես ալ մաս կը կազմէի շրջանաւարտներու խումբին։ Պատրիարք Հայրը, ինչպէս միշտ, այս հանդիսութեան օրն ալ փոխանցեց իր բովանդակալից պատգամը։ Բայց ո՞վ պիտի գիտնար թէ՝ այս տօնակատարութիւնը իր մասնակցած վերջին շրջանաւարտութեան հանդիսութիւնը պիտի ըլլար։ Եկէ՛ք լսենք Պատրիարք Հօր ձայնէն, իր պատգամը…

Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան
(Սան՝ Ազգ. Կեդրոնական Վարժարանի) 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın