İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՐԴԻԱԿԱՆ ՄՂՈՒՄՈՎ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը ամբողջութեամբ կեդրոնացած է Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեանի յուղարկաւորութեան վերջին օծման ու թաղման պատրաստութիւններուն վրայ։ Մեր համայնքը որդիական մղումով զօրակոչի ենթարկուած է, որպէսզի կազմակերպչական բոլոր աշխատանքները անթերիօրէն ի կատար ածուին եւ հոգելոյս Պատրիարք Հօր հրաժեշտ տրուի պատշաճ շուքով։ Ներկայ տխուր փուլին, երբ շուրջ տասնմէկ տարուան անբուժելի հիւանդութենէ մը վերջ վախճանած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, մեր ժողովուրդը բարձր կը գնահատէ իր կողմէ բերուած նպաստն ու ներդրուած եռանդը՝ պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի կենսունակութեան ուղղութեամբ։ Գահակալի մը վախճանումը անշուշտ լուրջ մարտահրաւէր մըն է թէ՛ Պատրիարքական Աթոռին եւ թէ մեր ամբողջ համայնքին տեսակէտէ։ Բայց եւ այնպէս, մետայլի միւս երեսակին հոգելոյս Պատրիարք Հօր բարոյական ներկայութեան շուրջ համախմբումը յաջորդ քայլափոխին կրնայ ապահովել, որ մեր հաւաքական կեանքէ ներս բարեփոխուի մթնոլորտը ու մեր համայնքը իր մէջ հաւաքական ուժ մը զգայ այդ ծանր մարտահրաւէրը յաղթահարելու համար։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ալ այս փուլին կ՚արժեւորէ Մեսրոպ Պատրիարքի ծաւալած գործունէութիւնն ու Պոլսոյ Աթոռէն ներս տասնամեակներէ ի վեր ունեցած դերակատարութիւնը։ Մինչ յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները կը յստականան, զուգահեռաբար յայտնի կը դառնայ, որ նուիրապետական աթոռները ամենաբարձր մակարդակի վրայ ներկայացուցիչներով կը մասնակցին յուղարկաւորութեան։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F12-03-2019-որդիական-մղումով

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın