İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Կրօնական Ժողովը 9 Մարտ 2019, Շաբաթ, ժամը 23.00-ին գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։
Նորին Սրբազնութեան հրաւէրով արտահերթ ժողովին մասնակից դարձաւ նաեւ Աթոռոյս Լուսարարապետ Հայր Սուրբը, 
1. Նախքան օրակարգը, Նախագահ Սրբազան Հայրը Հոգւոց արտասանեց Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Շնորհազարդ Պատրիարքի հոգւոյն ի հանգիստ։ 
2. Կրօնական Ժողովը խոր ցաւով լսեց Հոգելոյս Պատրիարքի վախճանման պարագաները։
3. Որոշուեցաւ Հանգուցեալ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Օծման եւ Յուղարկաւորութեան Կարգադիր Յանձնախումբ մը կազմել, որպէսզի անթերի ու արժանավայել կերպով կատարուի յուղարկաւորութեան ու թաղման կազմակերպութիւնը։
4. Որոշուեցաւ վերջին օծման կարգն ու յուղարկաւորութիւնը կատարել 17 Մարտ 2019, Կիրակի առաւօտ, ի ժամ Ս. Պատարագի՝ Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններ կը զեկուցուին Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ։
Լուսաւորեսցէ Տէր զհոգի Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի եւ անսասան պահեսցէ զԵկեղեցի իւր։

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

https://www.facebook.com/Պատրիարքութիւն-Հայոց-Ermeni-Patrikligi-127576530735572/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın