İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՍՏՈՒԱԾԱՆՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի նորոգ վախճանեալ 84-րդ գահակալ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեանի համար։ Սուրբ Գայիանէ վանքէն ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը երէկ մասնակցեցաւ Ս. Պատարագի, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան, պետական գործիչներ եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վանորէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան։ Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան համար։ Ներկայ հոգեւոր դասը եւ հաւատաւոր ժողովուրդը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած վախճանեալ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի հոգւոյն խաղաղութեան համար։ Հոգեհանգիստէն յետոյ Նորին Սրբութիւնը Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման առթիւ իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ ըսաւ հետեւեալը.

Հոգեւոր հայրեր եւ սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Այս պահուն վիշտ է մեր հոգիներուն Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի վախճանման տխուր առիթով։ Սգակիր մեր սրտերու համար ցաւ է Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ վաստակեալ հոգեւորականի մահը, մեկնումը այս տեսանելի աշխարհէն։

«Հաւատովք ճանաչե՛լ զնա, եւ զզօրութիւն յարութեան նորա, եւ զհաղորդութիւն չարչարանաց նորա, կերպարանակի՛ց լինել մահու նորա» (Փիլիպ. 3.10), կ՚ըսէ առաքեալը։ Մեր Տիրոջն ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսին հաւատացողները աստուածանմանութեան ուղիով կ՚ընթանան ոչ միայն այս երկրաւոր կեանքի, այլեւ մահուան ճանապարհին, քանզի առաքելական խօսքին համաձայն կերպարանակից կ՚ըլլանք նաեւ Փրկչի մահուան՝ յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի անխորտակելի յոյսով։ Յարութեան տէրունական շնորհն է, որ պարտութեան կը մատնէ մահը եւ Երկնքի արքայութեան դռները կը բանայ անոնց առջեւ, «Որք հաւատով եւ սրբութեան ի Քրիստոս ննջեցին»։ Մխիթարական այս գիտակցութեամբ այսօր հրաժեշտ կու տանք սիրելի Պատրիարք Սրբազանին։

Յիրաւի, ծանր է կորուստը եւ սուգի մէջ են Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատմական Աթոռը, Պատրիարքութեան Մեր հաւատաւոր զաւակները, համայն Մեր հաւատաւոր ժողովուրդը, Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին։ Լուսահոգի Պատրիարքը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին ամբողջանուէր ծառայութեան ուխտ կնքեց աւելի քան չորս տասնամեակներ առաջ՝ կուսակրօն քահանայութեան սպասաւորութիւնը ստանձնելով։ Ան բանիմաց հոգեւորական մըն էր, որ տակաւին երիտասարդ տարիներէն իր ուսումնատենչ հոգիին մէջ ամբարեց գիտելեաց պաշարներ եւ ուսանելով փիլիսոփայութիւն ու աստուածաբանութիւն Միացեալ Նահանգներու եւ ապա Երուսաղէմի մէջ՝ վերադարձաւ նոր եռանդով ու կորովով ծառայութիւն բերելու Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան աւանդապահ եւ Քրիստոսասէր Մեր բարեպաշտ զաւակներուն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ հայոց հոգեւոր կեդրոնին մէջ եպիսկոպոսական ձեռնադրութենէն տարիներ անց Մեսրոպ Սրբազան ստանձնեց Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան նուիրական Աթոռի առաջին սպասաւորը ըլլալու առաքելութիւնը։ Պատրիարքական իր պատասխանատու եւ երբեմն դժուարին գործունէութեան ամբողջ ընթացքին ան եղաւ ծառայանուէր մշակ մը, որ եռանդուն սպասաւորութեամբ կը ջանար զօրեղ ու միասնական պահել Թուրքիոյ հայ համայնքը, աշխոյժ՝ Պատրիարքութեան ազգային-եկեղեցական կեանքը, ազգային-մշակութային կազմակերպութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու կարեւոր գործունէութիւնը։ Աւա՜ղ, հիւանդութիւնը տկարացուց սիրելի Պատրիարքը, տարաժամ բերաւ «զհաղորդութիւն չարչարանաց» եւ վաղահաս մահուամբ իր վերջին հանգրուանը փոխադրեց Պատրիարք Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը։

Մենք այսօր աղօթական ոգիով կ՚ուղեկցինք վախճանեալ Պատրիարքին դէպի յաւերժական կեանքի ճանապարհը։ Ան ննջեց այս աշխարհին մէջ, սակայն պիտի յառնու երկնային լուսեղէն օթեւաններու մէջ, ուր պիտի լսէ Աստուծոյ նուիրեալ ծառաներուն առ Քրիստոս կանչող ձայնը. «Արի՛ որ ննջեսդ, եւ կանգնեա՛ց ի մեռելոց եւ լուսաւորեսցէ զքեզ Քրիստոս» (Եփ. 5.14)։

Ի խորոց սրտի կը հայցենք առ Ամենողորմ Տէրը, որ երկնային բարձունքներու վրայ խաղաղութեան եւ հանգստութեան մէջ ընդունէ հոգին հաւատարիմ Իր սպասաւորի՝ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի եւ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը շնորհէ մեզ բոլորիս, սգացեալ տիրամօր, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան սիրելի Մեր զաւակներուն, մեր հոգեւոր դասուն, վշտացեալ հաւատաւոր Մեր ժողովուրդին։

Աղօթք եւ օրհնութիւն Մեսրոպ Պատրիարքի լոյս յիշատակին։

*

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ երէկ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր թեմերու առաջնորդանիստ եկեղեցիներէն ներս հոգեհանգստեան պաշտօններ կատարուեցան նորոգ վախճանեալ Պատրիարք Հօր համար։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F11-03-2019-աստուածանմանութեան-ուղի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın