İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ԳԱՒԱԶԱՆԱԳՐՔԻ ՎԱՌ ԱՆՈՒՆՆԵՐԷՆ ՄԻՆ ԿԸ ԲԱԺՆՈՒԻ ՄԵԶՄԷ

Թրքահայութեան պատմութեան մէջ այսօր կը բացուի նոր էջ մը։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գաւազանագրքի վառ ու հեղինակաւոր անուններէն մին հրաժեշտ կ՚առնէ մեզմէ։ Պատրիարք ընտրուելէ առաջ ու վերջ ծաւալած գործունէութիւնով՝ նորոգ վախճանեալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան անջնջելի հետք մը թողած է մեր համայնքի արդի պատմութեան վրայ։ Սերունդներու պատրաստութեան իմաստով երկար տարիներ վիթխարի աշխատանք մը տարած է ան։ Պոլսոյ մէջ մեր եկեղեցւոյ այժմու սպասաւորներուն կարեւոր մասը եղած են իր ձեռնասունները։ Սերնդափոխութեան գործը, ժառանգութեան փոխանցման մարտահրաւէրը միշտ գտնուած են իր ուշադրութեան կիզակէտին։ Սա եղած է այն բնագաւառը, որու պարագային Մեսրոպ Պատրիարքի աշխատանքին գնահատականը միանշանակ է։ Ոեւէ մէկը չի կրնար ուրանալ իր տեսած մեծ գործը, որու յաջողութեան գրաւականներէն մին էր նաեւ իր կազմակերպչական մեծ կարողութիւնը։ Ան ընդունակ էր շարժում ստեղծելու եւ այդպէսով մեծ նպաստ մը բերած էր մեր համայնքի կենսունակութեան։

Պատրիարք ընտրուելէ վերջ ալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան ծաւալեց բեղուն գործունէութիւն։ Բազմակողմանի աշխատանք տարաւ Աթոռի վերելքին համար։ Պատրիարքական գահու վրայ տարուած աշխատանքը, բնականաբար, իր բնոյթով էապէս տարբեր էր նախորդող շրջանի գործերէն՝ մանաւանդ արդիւնաւէտ երիտասարդաց առաքելութենէն։ Իր որոշ քայլերուն բերումով նաեւ լրջօրէն քննադատուած էր, ինչ որ դարձեալ բնական կը համարուի, որքան որ ալ տուեալ պահուն ապրուած ըլլան ալեկոծումներ։

Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի պատրիարքութեան շրջանին տարած աշխատանքի լաւագոյն դատաստանը պիտի կատարուի պատմութեան կողմէ։

Ինչպէս Պատրիարքական Աթոռի նախորդ բոլոր գահակալները, ան եւս երախտագիտութեամբ պիտի վերյիշուի իր ներդրած եռանդին ու վաստակին համար։ Բոլոր պատրիարքներու պարագային կայ իրողութիւն մը. անոնք կը գործեն որպէս վարչային, սակայն վախճանելէ վերջ պատմութեան սեփականութիւնը կը դառնան՝ որպէս հոգեւոր պետ, մշակ։

Լաւ պիտի յիշուի պատմութեան մէջ Մեսրոպ Պատրիարքը, որ այլեւս յաւիտենութեան ճանապարհը կը բռնէ։

http://www.jamanak.com/content/խմբագրական/9-03-2019-պոլսոյ-պատրիարքական-նուիրապետական-աթոռի-գաւազանագրքի-վառ-անուններէն-մին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın