İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ՄԸ, ՈՐ ԱՄՓՈՓԵՑ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆ ԲԵՐՔԸ

Ուրբաթ, 8 Մարտի երեկոյեան, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Անի» սրահը իմացական կեդրոնի մը վերածուած էր իրաւամբ: 
Բերիոյ Հայոց Թեմի «Այգ» մատենաշարի չորս գիրքերու հաւաքական շնորհանդէսը առիթ ընծայեց որ գրողը գրողին, գիրքը ներկայացնողին ու գրասէր հանդիսատեսին հանդիպի միաժամանակ: Մէկը միւսին գիրքին ծանօթացաւ, մէկը միւսին մտքին թռիչքին աղերսուեցաւ ու անոր հետ սլացաւ հայ գրականութեան անդաստանին մէջ: Միւս կողմէ, գրասէր հանդիսատեսը հաղորդակից դարձաւ չորս հեղինակներու մտքերուն, երբ հալէպահայ մտաւորականները գիրքերը բացին անոր առջեւ՝ խիտ ու ամբողջական, հաճելի ու հետաքրքրական մատուցումով:
Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, կազմակերպուած էր «Գանձասար»ի խմբագրութեան ու վարչութեան կողմէ: 
Գրասէր հանդիսականներու պատկառելի ներկայութիւն մը հաւաքուած էր սրահին մէջ: Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին կողքին ներկայ էին նաեւ՝ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, գիրքերուն հեղինակները, ազգային մարմիններու, բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր հայրեր:
Բացման խօսքով Քրիստ Խրոյեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ըսաւ. «Հրատարակուող իւրաքանչիւր գիրք նոր հորիզոն մը կը բանայ գրողին եւ ընթերցողին դիմաց: Հորիզոն մը, որուն հասնելու համար թռիչք կ՛առնէ մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ ճեղքելով ամէն սահման, յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն, նոյնիսկ պատերազմ ու անարեւ օրեր: Արեւին հասնելու լաւագոյն միջոցը գիրքը չէ՞ միթէ, անոր սահմանուած տողերուն տակ թաքնուած երկնահաս կամուրջները չե՞ն միթէ: Պատահական չէ, որ Բերիոյ Հայոց Թեմի մատենաշարերէն մէկը, որ ծնունդ առած է 2005-ին, իբրեւ գրական, բանասիրական մատենաշար, «Այգ» կոչուած է: Այսինքն՝ արեւագալ, արեւին գալուստը աւետող լոյս: 2005-էն ի վեր յաջորդաբար լոյսին եկած են 25 հրատարակութիւններ՝ շնորհիւ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի հետեւողական ճիգերուն եւ քաջալերանքին»: Ապա ան թուեց ներկայացուելիք գիրքերը ու հաճելի ունկնդրութիւն մաղթեց ներկաներուն:

Այնուհետեւ յաջորդաբար ներկայացուեցան հետեւեալ գիրքերը.- Լալա Միսկարեան-Մինասեանի «Ծիրանի Ոգիներ» պատմուածքներու հաւաքածոն ներկայացուց՝ դոկտ. Հուրի Ազէզեան։ Լեւոն Շառոյեանի «Դեգերումներ Հայ Գիրի եւ Պատմութեան Գետեզրին» Բ. հատորը ներկայացուց փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան։ Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեանի «Փոխակերպում» գիրքը ներկայացուց «Գանձասար»ի մնայուն աշխատակից Տէր Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան։ Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանի «Արեգնատենչ Հորիզոններ» բանաստեղծական գիրքը ներկայացուց գրող Յարութ Վարդանեան {Յարվարդ)։ Յաւուր պատշաճի խօսք արտասանեցին նաեւ յարգարժան հեղինակները: 
Գեղարուեստական յայտագիրը յատուկ երանգով մը օժտեց երեկոն: Համազգայինի «Բ.Կանաչեան» Երաժշտական դպրոցի ուսուցչուհի Անժել Շէօհմէլեան քանոնով հայկական ժողովրդական քաղցրաշունչ «մենախօսութիւն» մեղեդին հնչեցուց, իսկ «Գանձասար»ի Կկու մանկապատանեկան յաւելուածի խմբագիր Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան տպաւորիչ առոգանութեամբ մատուցեց Շաւարշ Նարդունիի «Կարօտ Հայ Լեզուին» ստեղծագործութիւնը:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին խօսքով, գրական այս հանդէսին աւարտին, ներկաները լիացան, յագեցան իմացական եւ հոգեղէն խորտիկներով, երբ գիրքերը ներկայացնող մտաւորականները Հալէպահայ գրական բերքէն Համեղաճաշակ մատուցումներ հրամցուցին:
Հուսկ, ձեռնարկի յայտագիրին մասնակիցներն ու հեղինակները Սրբազան Հօր, Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, Տէր Կոմիտաս Տատաղլեանի ու «Գանձասար»ի խմբագիրին մասնակութեամբ կատարեցին գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը՝ գինին յեղելով չորս գիրքերուն վրայ ու տօնական մթնոլորտ ստեղծելով:
Շնորհանդէսի այս ձեռնարկը եկաւ վկայելու, որ պատերազմող Հալէպի հողէն տակաւին հայ գրականութեան ցօղուններ կը ծլին ու անոնց վրայ նոր վարդեր կը բուսնին:
Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»ի Մարտ Բ. համարով:

http://www.kantsasar.com/news/2019/03/09/42919/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın