İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՐ ԱՄԵՆԱՍԻՐԵԼԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ Ն.Ա.Տ. ՄԵՍՐՈՊ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԹԻՒ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԵՐ

Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան

ՀՈՒՐԸ ՇԻՋԱՒ

Որքան դժուար է հաշտուիլ ցաւառիթ իրականութեանց հետ։ Մեր մարդկային տկարութիւնն է որ ի յայտ կու գայ, երբ դէմ յանդիման կը մնանք անդարմանելի ցաւի մը կամ մահուան պարագաներուն։ Ոչ միայն կը դժուարանանք հաշտուիլ, այլ նաեւ կը զգանք մեր անզօրութիւնը, յիշելով Արարչին Աստուծոյ զօրութիւնը։

Ն.Ա.Տ.Մեսրոպ Ս. Պատրիարքը՝ Պոլսոյ Պատմական Պատրիարքական Աթոռին 84րդ գահակալը, ոչ եւս է։ Գահակալ մը, որուն առաքելութեան հիմքերը օրհնուած էին Իր հոգեւոր ծնողին՝ Երանաշնորհ Շնորհք Ս. Պատրիարք Հօր օրհնեալ ձեռամբ։ Արմաշաշունչ աղօթանուէր վանականէն ծնած էր աղօթանուէր ու նուիրեալ եկեղեցական մը, որ շատերու սրտերուն մէջ պիտի անմահանար իր բոլորանուէր ծառայութեամբ։

Սա պահուն կը յիշեմ Ստեփանոս Սիւնեցիի հոգեծորան գրչէն հոսած շարականի բառերը. «Հուր բորբոքեցաւ ի զօրութենէ խաչի քո Քրիստոս, կիզելով զթշնամին ի վերայ երկրի»։ Սրբազան շարականագիրը իր բառերը կ՚ուղղէ մեր Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի ու կը յիշեցնէ թէ՝ Աստուծոյ ստեղծած մարդուն թշնամին՝ սատանան այրեցաւ փրկրարար Խաչի նշանէն բորբոքած կրակով։ Քրիստոնէական մեր լոյս հաւատքով կը դաւանինք այս ճշմարտութեան բոլորով սրտիւ։

Ոմանց համար գուցէ զարմանալի թուի թէ ի՞նչպիսի կապ մը կրնայ ըլլալ շարականի բառերուն եւ վախճանեալ մեր Հոգեւոր Պետին միջեւ։ Նախ եւ առաջ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքը այս բառերու իմաստին խորապէս թափանցած ու իր քարոզչական առաքելութիւնը հիմնաւորած էր այս բառերով կեանք գտած ճշմարտութեան վրայ։ Երկրորդ, լսած էր Քրիստոսի պատգամը. «Եթէ մէկը կ՚ուզէ իմ ետեւէս գալ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ իմ ետեւէս գայ» (Մատթէոս, 16։24)։ Մեսրոպ Պատրիարք Քրիստոսի քաղցր լուծը շալկած էր, զայն ընկալելով որպէս բարոյական խաչ։ Այդ բարոյական խաչն ալ ունէր բոցակէզ զօրութիւն մը։ Այդ բոցակէզ զօրութիւնը ի յայտ եկաւ Պատրիարք Սրբազան Հօր կրակուբոց անհատականութեան ընդմէջէն։ Քրիստոսի խաչափայտը յաղթանակ տարաւ ընդդէմ սատանայի ու անոր ապաւինողները ամօթով չմնացին ու այժմ եւ յաւիտեան պիտի չմնան։ Սրբազան Հօր կրած խաչի կրակին բոցը եկաւ այրել մեր ընկերային կեանքին մեծագոյն թշնամին՝ անտարբերութեան ախտը։ Անտարբերութիւն՝ հանդէպ Եկեղեցւոյ, անտարբերութիւն՝ հանդէպ Հայ վարժարանի, անտարբերութիւն՝ հանդէպ Հայ գիրին ու գրականութեան, անտարբերութիւն՝ հանդէպ մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն։ Պատրիարք Սրբազանը մօտէն ճանչնալու բարեբախտութիւնը ունեցողներ շատ լաւ կը յիշեն թէ, իրմէ բոցավառուած կրակով ինչպիսի հրաշքներ գործուած էին։ Համայնքային, եկեղեցական կարեւոր նշումներ, հանրածանօթ դէմքերու նուիրուած յուշահանդէսներ, երգչախմբային ելոյթներ, ուսուցիչներու եւ գրագէտներու հետ մէկտեղումներ եւ ասոնց նման շատեր, բոլորը խանդավառութեամբ բոցավառած էին մեր համայնքային կեանքը։

Մենք կը հաւատանք որ Քրիստոսի Խաչը երէկ, այսօր եւ յաւիտեան նոյն Խաչն է եւ անոր զօրութիւնը՝ անշիջանելի։ Մեր տկար բառերուն սկսանք «Հուրը շիջաւ» բառերով։ Յիրաւի Մեսրոպ Պատրիարքի հուրը շիջաւ ըստ երեւոյթի։ Մեր մաղթանքը այն պիտի ըլլայ որ անոնք որոնք Մեսրոպ Պատրիարքի բոցէն նշոյլներ ստացած են, թող չարտօնեն որ այդ նշոյլները ժամանակի հովերու հոսանքներով շիջանին, ընդհակառակը առկայծ մնան, ու այս առումով վերստին բոցավառեն Մեսրոպ Պատրիարքի հուրը։

Այժմ կը փափաքիմ խօսիլ Մեսրոպ Պատրիարքի բարոյական ներկայութեան հետ։

Սիրելի Սրբազան Պատրիարք Հայր, թող ներուի ինծի երբ մէկդի կը թողում յոգնակիի պաշտօնականութիւնը եւ կը դիմեմ եզակիով։

Մեր համայնքը կորսնցուց իր հայրը։ Ես կորսնցուցի իմ հոգեւոր պետս, առաքելակից եղբայրս եւ ամէն բանէ առաջ վաղեմի մէկ ընկերս։ Ընկերութիւն մը որ սկսած էր Էսաեան Վարժարանի մանկապարտէզի գրասեղաններէն։ Այդ օրերուն մանկական մեր աշխարհին մէջ չէի կրնար երեւակայել իսկ թէ օր մը միասնաբար զիրար պիտի վերագտնէինք Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարին մէջ։ Մտքէս իսկ չէր անցներ թէ միասնաբար բանակ պիտի մեկնէինք ու զինուորական մեր պարտականութիւնը աւարտելէ յետոյ դարձեալ կողք կողքի պիտի շարունակէինք գործել եկեղեցւոյ շինութեան եւ պայծառութեան։ 

Նմանապէս չէի կրնար երեւակայել թէ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի, Գալֆաեան Ուխտի հոգելոյս Մայր Հռիփսիմէ սրկ. Սասունեանի առընթեր օր մը գլխաւոր բարոյական կերտիչներէն մին պիտի հանդիսանայիր իմ ընտանեկան յարկիս։ Մտքէս անգամ չէր անցներ թէ դուն առաջի Սրբոյ Սեղանոյ պիտի օրհնէիր իմ եւ խօսեցեալիս՝ Սիլվայի ամուսնութեան պսակը։ Ուրկէ՞ գիտնայի թէ օր մը քու բոցիդ նշոյլներէն պիտի ստանար նաեւ զաւակս՝ Արթունը՝ հետագայի Յարութիւն Աբեղան, երբ կ՚աշակերտէր քեզի ու մականիդ տակ ծառայող նուիրեալներուն, մասնակցելով մանկանց ուղղեալ դասերուն։ 

Նոյն մանկական գրասեղաններուն վրայ չէի կրնար երեւակայել թէ օր մը որպէս խարտավիլակ, զիս՝ ընկերդ Պարոյրը, պիտի առաջնորդէիր Ս. Սեղանին առջեւ ուխտելու «ցկեանս անտրտունչ ծառայել Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Կողքիս էիր երբ քու եւ իմ Հոգեւոր Ծնող՝ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք զիս կը վերակոչէր Տ. Գրիգոր Քահանայ։

Սիրելի Պատրիարք Հայր,

Աւելի քան տասը տարիներ անգործութեան մատնուած վիճակիդ ի տես, կը մխիթարուէի վայելելով քու ֆիզիքական ներկայութիւնդ։ Անխօս մարմնիդ մէջ քու շունչդ նուիրական էր ինծի համար։ Երբ առիթը կը ներկայանար կ՚այցելէի Քեզի ու սնարիդ վերեւ կանգնած կ՚երգէի քու սիրած շարականները, զորս դուն մեծ խանդավառութեամբ կ՚երգէիր։ Թէեւ դուն չէիր կրնար ինծի երգակցիլ, սակայն վստահ էի որ քու կենդանութեանդ շունչը՝ հոգիդ կը հաղորդակցէր ինծի հետ եւ ես կը զգայի թէ կը գտնուէի առաջի պատրիարքական ներկայութեան, եւ այդ էր որ առաւել եւս կը զօրացնէր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։

Այս բոլորը ժապաւէնի մը նման անցան մտքիս հորիզոնէն, երբ անշունչ մարմնիդ առջեւ կ՚աղօթէի քու հոգւոյդ խաղաղութեանը համար։ Վաղեմի ընկերութեան վկաներէն մնացին միայն սիրելի Տիրամայր Մառին ու քոյրերդ։ Տիրամայրը եւ հոգելոյս Տիրամայր Սաթենիկը քիչ հոգ չէին տարած մեզի, երբ կը մեկտեղուէինք մեր դասերը պատրաստելու առիթով։ Աստուած հանգուցեալներու հոգին լուսաւորէ եւ մնացողաց Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն պարգեւէ։

Սիրելի Պատրիարք Հայր, առաքելակից եղբայր եւ վաղեմի սիրեցեալ ընկեր,

Գնա, միանալ մեր հոգեւոր ծնողին՝ Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Հօր, գնա մեր ողջոյնները ու որդիական ակնածանքը տար մեր բոլոր պատրիարքներուն որոնք իրենց հովուական ցուպին ծանրութեան գիտակցութեամբը գործեցին ու սատարեցին մեր համայնքի հոգեւոր ու բարոյական վերելքին։ Գնա մեր որդիական ակնածանքը փոխանցէ Արմաշու Չարխափան Ս. Աստուածածնի Վանքին վանահայրերուն, ու անոնց շառաւիղներուն, որոնց նկատմամբ ունէիր անխառն սէր ու յարգանք։
Երկնային կայքէդ աղօթէ որ քու եւ քու նմաններուդ հուրերը անշէջ մնան։ Աղօթէ որբացած ժողովուրդիդ մխիթարութեանը համար։ 

Մենք կ՚ըսենք Աստուած հոգիդ լուսաւորէ եւ երկային անթառամ պսակներուն արժանացնէ։ Ամէն։

https://www.facebook.com/krikor.damadyan/posts/2317833465118508

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın