İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ՝ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ 84-ՐԴ ԳԱՀԱԿԱԼ ԱՄԵՆ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ Ս. ԱՐՔ. ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻ

Թուրքիոյ Հայոց 84-րդ Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան ծնած էր 16 յունիս 1956 թուականին, Իսթանպուլի մէջ։ 1963-1968 թուականներուն յաճախած էր Էսաեան վարժարանի նախակրթարանի բաժինը, ուրկէ վկայուելէ վերջ մուտք գործած՝ «Հայ Սքուլ» անգլիական վարժարանը։ Մինչեւ 1973 թուականը իր ուսումը այս հաստատութեան մօտ շարունակելէ վերջ՝ մեկնած էր Գերմանիա, ուր ուսանած էր Շթութկարտի Ամերիկեան լիսէին մէջ։ 1975 թուականին վկայականը ստանալէ վերջ, անցած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր մինչեւ 1979 թուականը Մենֆիսի համալսարանին մէջ հետեւած՝ ընկերաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն։ Մինչ այդ, 1977-1979 շրջանին աստուածաբանութեան դասընթացքներու ալ հետեւած էր Մենֆիսի Sewanee Anglican Seminary-ի մօտ։

17 յուլիս 1977 թուականին, երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի օրով եւ ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սվաճեանի, սարկաւագ ձեռնադրուած էր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ 13 մայիս 1979 թուականին, դարձեալ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ աբեղայ ձեռնադրուած էր Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի կողմէ։ 1979-1982 թուականներուն, Երուսաղէմի մէջ տեւականացուցած էր իր բարձրագոյն ուսումը։ Տեղւոյն Hebrew համալսարանին մէջ պատմութեան եւ գրականութեան, իսկ Երուսաղէմի College համալսարանին (նախկին ամերիկեան կաճառը) մէջ՝ Ս. Գրքի հնագիտութեան դասընթացքներուն հետեւած էր։ Մինչ այդ, 1979-1980 թուականներուն, ուսուցչագործած էր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանէն ներս, դասաւանդելով անգլերէն եւ Հին ուխտ։

1982-1983 թուականներուն, Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի քարտուղարն էր։ 7 մայիս 1983 թուականին, «Ս. Գիրքը եւ աւանդութիւնը» նիւթին նուիրուած գիտական աշխատանքը աւարտելով՝ վարդապետ ձեռնադրուած էր Շնորհք Պատրիարքի կողմէ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Քարոզիչ նշանակուած էր Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համար։ 6 յունիս 1983 թուականին, նշանակուած էր Պատրիարքարանի դիւանապետ եւ անդամակցած՝ նաեւ այդ շրջանին Կրօնական ժողովին ու Խորհրդակցական մարմնին։

Նոյեմբեր 1983-փետրուար 1984 թուականներու միջեւ, հայրենակցական պարտականութիւնը կատարած էր Պուրտուրի մէջ։

3 մայիս 1986 թուականին, գիտական աշխատութիւն մը եւս աւարտած էր՝ եբրայական նահապետներու եգիպտական գերութենէ առաջուան կրօնին վերաբերեալ։ Այս առթիւ Շնորհք Պատրիարքի կողմէ ծայրագոյն վարդապետ ձեռնադրուած էր Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

21 սեպտեմբեր 1986 թուականին, երանաշնորհ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

1988-1989 թուականներուն, դարձեալ զարկ տուած էր իր ակադեմական աշխատանքներուն։ Հռոմի Ս. Թովմաս համալսարանին մէջ մասնագիտացած էր միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններու աստուածաբանութեան վրայ։

1 յուլիս 1988 թուականին, Շնորհք Պատրիարքի կողմէ Իշխանաց կղզիներու տեսուչ կարգուած էր։ Մարտ-սեպտեմբեր 1990 թուականին, ատենապետած էր առժամեայ կրօնական ժողովին։

5 սեպտեմբեր 1990 թուականին, երբ Ազգային պատգամաւորական ժողովը գումարուած էր երջանկայիշատակ Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանի ընտրութեան առթիւ, դարձած էր Կրօնական ժողովի անդամ եւ առաջին իսկ նիստին կոչուած՝ ատենապետութեան պաշտօնին։

6 նոյեմբեր 1990 թուականին, Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանի կողմէ միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններու փոխանորդ նշանակուած էր։ 1991-1997 թուականներուն, վերատեսուչը եղած էր Պատրիարքարանի հոգեւոր լսարանին։ Այսպէս, ան հասցուցած էր տասն երիտասարդ հոգեւորականներ եւ իրագործած՝ անոնց ձեռնադրութիւնը։ Նոյն տարիներուն, փոխ-նախագահը եղած էր Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանի Խորհրդակցական մարմնին։

5 դեկտեմբեր 1992 թուականին, երանաշնորհ Վազգէն Ա. Կաթողիկոս իրեն շնորհած էր արքութեան պատիւ։ Յուլիս 1996 թուականին, ստանձնած էր Պատրիարքարանի պաշտօնական հանդէսին՝ «Շողակաթ»ի խմբագրապետի պաշտօնը։

27 սեպտեմբեր 1997 թուականին, Գարեգին Պատրիարք Գազանճեան զինք նշանակած էր լիազօր ընդհանուր փոխանորդ։ Երջանկայիշատակ Պատրիարք Հօր վախճանումէն վերջ, Կրօնական ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ ընտրուած էր պատրիարքական փոխանորդ։ Յաջորդող շրջանին 3 օգոստոս 1998 թուականին, Եկեղեցական համագումար ժողովին կողմէ ընտրուած էր պատրիարքական տեղապահ։

Հայերէն եւ թրքերէնի առընթեր, անգլերէնը իր մայրենիին նման կ՚օգտագործէր սրբազան հայրը։ Ակադեմական աշխատանքներու համար կ՚օգտագործէր նաեւ գրաբար հայերէն, ֆրանսերէն, եբրայերէն եւ իտալերէն։ Կ՚անդամակցէր Էսաեան սանուց միութեան, Մենֆիսի համալսարանի շրջանաւարտներու ընկերակցութեան եւ Աւետարանական հնագիտութեան միութեան, Կաղանդ պապայի հիմնարկին, ԹԷՄԱ հիմնարկին եւ այլ օտար ընկերային հաստատութիւններու։

Շատ աշխոյժ ու գործօն հոգեւորական մը ըլլալու հանգամանքով, տարիներ շարունակ հասցուցած էր երիտասարդներ ու ա՛լ աւելի ամրապնդած մեր ժողովուրդին պատերը՝ մեր եկեղեցիին հետ։ Յատկապէս Գնալը կղզիի մէջ տարուած այս աշխատանքներուն առընթեր, մեծ հմտութեամբ կատարած էր վարչական պաշտօններ։ Իր մասնագիտական գրութիւնները եւ զեկուցումները լոյս տեսած էին զանազան հրատարակութիւններու մէջ։ Այս բոլոր գործունէութիւններուն շնորհիւ, մեր ժողովուրդի անվերապահ գնահատանքին ու վստահութեան արժանանալէ վերջ, 1998 թուականի հոկտեմբերի 14-ին,  չորեքշաբթի օր, Ազգային պատգամաւորական ժողովին կողմէ ընտրուած էր Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք։

Նորին Ամենապատուութիւնը գահակալութեան տարիներուն ծաւալած էր բեղուն գործունէութիւն, որու վերջնական գնահատականը անշուշտ կը մնայ պատմութեան։ Պատրիարք ընտրուելէ վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը իր առաջին արտասահմանեան այցելութիւնը տուած էր Սուրբ Երուսաղէմ։ Անմիջապէս վերջ ան այցելած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր Միածնաէջ Մայր Տաճարէն ներս պատրիարքական հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցած էր՝ արժանանալով նաեւ օրհնութեան երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, որ այդ օրերուն անողոք հիւանդութեան ճիրաններուն մէջ պայքարելով հանդերձ հայրական ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուած էր Նորին Ամենապատուութեան նկատմամբ։

Դժբախտաբար իր գահակալութեան շրջանը չունեցաւ տրամաբանական աւարտ մը, որովհետեւ ընդհատուեցաւ իր անբուժելի հիւանդութիւնով։ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան մէջ առաջին անգամ գահակալ մը կը դադրէր իր հօտը գլխաւորելու ընդունակութենէն՝ մտային անհանգստութեան մը հետեւանքով, յիշողութեան կորուստի պատճառով։ Այսպէս, շուրջ տասնմէկ տարի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տառապեցաւ այդ հիւանդութեան ճիրաններուն մէջ։ Վերջին տարիներուն, մանաւանդ, իր կացութիւնը էապէս ծանրացած էր. կը շնչէր ու կը սնուէր արհեստական ձեւով։ Այդ բոլորէն վերջ, երէկ՝ 8 մարտ 2019, ուրբաթ կէսօրուան ժամերուն Նորին Ամենապատուութեան սիրտը կանգ առաւ եւ ան հոգին աւանդեց Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն։

http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/9-03-2019-կենսագրական-գիծեր՝-պոլսոյ-պատրիարքական-աթոռի-84-րդ-գահակալ-ամեն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın