İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆՄԽԻԹԱՐ ՎԱԽՃԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեանի վախճանումը երէկ խոր ցաւ ստեղծեց մեր համայնքէն ներս։ Ամբողջ Թուրքիոյ հանրային կարծիքը մօտէն հետեւեցաւ այս իրադարձութեան՝ մինչ զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ կայծակնային արագութեամբ արձագանգեցին բօթին։ Սա անշուշտ համայն հայութեան եւ համաքրիստոնէական ընտանիքին տեսակէտէ ալ ցաւալի կորուստ մըն է։

Երբ այս տխուր լուրը լսելի դարձաւ համայնքային շրջանակներէն ներս, արդէն հոսք մը սկսաւ դէպի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ բժշկապետ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան կատարեցին անհրաժեշտ պաշտօնական իրազեկումները։ Պետրոս Շիրինօղլու կապ հաստատեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ, որ կարեւոր առաքելութիւնով այս շաբաթավերջին կը գտնուի Տիարպաքըրի մէջ։ Ընդհանուր փոխանորդը առաջին պահու զգացական ցնցումը յաղթահարելէ վերջ անմիջապէս ըրաւ առաջին տնօրինումները։ Ան առաջին հերթին կապ հաստատեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին տեղեկացուց բօթը։

Նորին Ամենապատուութեան վախճանումէն անմիջապէս վերջ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց փութացին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ բազմաթիւ քահանայ հայրեր։ Այս շարքին էր նաեւ հոգելոյս Պատրիարք Հօր դասընկերն ու երկարամեայ լծակիցը՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Բոլոր հոգեւոր հայրերը, նաեւ Ազգային հիւանդանոց փութացած ազգային գործիչները ցաւակցութիւն յայտնեցին Տիրամայր Մարի Մութաֆեանին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր անշունչ մարմնին վրայ առաջին աղօթքը արտասանուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ։ Այս Տան կարգէն վերջ Նորին Ամենապատուութեան անշունչ մարմինը յետմիջօրէին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Գումգաբու։ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ զանգերը արդէն կը ղօղանջէին տխրութեամբ։ Այս մթնոլորտին մէջ դագաղը մուտք գործեց պատրիարքանիստ տաճար, ուր համախմբուած էին հոգեւորականաց դասու անդամները։ Բօթը լսած ըլլալով Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան նաեւ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ, որոնք փափաքած էին հրաժեշտ տալ իրենց հոգեւոր պետին։ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հոգւոյն ի հանգիստ կատարուած առաջին աղօթքին հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Հոգեւոր հայրերը աւելի վերջ դագաղը ուսամբարձ դուրս բերին պատրիարքանիստ տաճարէն՝ տանելով մինչեւ հոգետուն։ Այս բոլորը տեղի ունեցաւ ծայր աստիճան յուզումնալի մթնոլորտի մը մէջ։ Տասնմէկ տարուան ծանր հիւանդութեան հետեւանքով Նորին Ամենապատութեան հիւծած մարմինը այսօր արդէն սուգի մթնոլորտի մէջ կը համախմբէ մեր ամբողջ համայնքը։ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան մեր համայնքի արդի պատմութեան մէջ թողած է անջնջելի հետք մը եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայիս կը պատրաստուի հրաժեշտ տալ իրեն՝ աղօթելով անոր հոգւոյն խաղաղութեան եւ յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար։ 

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F9-03-2019-անմխիթար-վախճան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın