İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՄԻՇԼԻԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԸ

Բժշկհ. Մարի Մելքոն

Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ.Տէր Ռուբէն Աբղ.Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ, Երկուշաբթի, 25 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 3:30-ին Ս.Ղեւոնդեանց տօնին առիթով երեկոյեան ժամերգութիւն ու նախատօնակ տեղի ունեցաւ։ Արարողութեան, հաւատացեալ ժողովուրդին կողքին, ներկայ էին կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչաց կազմը և աշակերտները։
Երեքշաբթի, 26 Փետրուար 2019-ի առաւօտեան Ս.Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ս.Ղեւոնդեանց տօնին առիթով։ Օրուան պատարագիչն էր Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեան։

http://www.kantsasar.com/news/2019/03/04/42727/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın