İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ THE ARMENIAN CHURCH ԳԻՐՔԻՆ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ֆրանսերէն գիրքը «L’Église Armenienne»։ Սոյն հատորը Վեհափառ Հայրապետը գրած է անգլերէն լեզուով, ապա թարգմանուած է ֆրանսերէնի։ Նոյն գիրքը նաեւ կը թարգմանուի արաբերէնի, գերմաներէնի, պարսկերէնի, յունարէնի, ռուսերէնի եւ այլ լեզուներու։ Գիրքը կը ներկայացնէ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, դաւանանքը, նուիրապետական կառոյցը, ծէսը եւ անոր կեանքին ու առաքելութեան առնչուած յատկանշական երեսներ։

http://www.kantsasar.com/news/2019/02/27/42590/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın