İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՔԹ. ԱՐԷՏ ԼԱԶՕՂԼՈՒ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Յայտնի սրտաբան ու ներքին հիւանդութեանց մասնագէտ Տքթ. Արէտ Լազօղլու երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Տեղւոյն թաղային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Բժշկութեան օրեր»ու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Ունկնդիրներու կարգին էին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեւցոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, Մէրամէթճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան, տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, բժիշկներ եւ բազմաթիւ հետաքրքիրներ։ Տքթ. Արէտ Լազօղլու տեսողական առարկաներու ալ ցուցադրութեամբ սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ իր մասնագիտութեան շուրջ։ Ան մասնաւորապէս կանգ առաւ սրտի եւ երակներու վերաբերեալ խնդիրներու վրայ։ Երեկոյթի աւարտին Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Որդիք Մկրտիչ Փափազեան Տքթ. Արէտ Լազօղլուին ծաղկեփունջ մը նուիրեց՝ յայտնելով խոր երախտագիտութիւն։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/21-02-2019-տքթ-արէտ-լազօղլու-երէկ-երեկոյեան-ելոյթ-մը-ունեցաւ-ֆէրիգիւղի-մէջ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın