İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՄԻՇԼԻԻ Ս.ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՏԵԱՌՆԸԴԱՌԱՋԸ

Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2019-ի երեկոյեան, Գամիշլիի Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Տեառնընդառաջի տօնը՝ նախագահութեամբ ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանի: Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, հաւատացեալ ժողովուրդը շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ միջնակարգի շրջափակ, ուր հայր սուրբին գլխաւորութեամբ աւանդական խարոյկին բոցավառութիւնը տեղի ունեցաւ: Ներկաները օրուան խորհուրդը ներկայացնող կրակէն լապտերներ վառեցին ու իրենց բնակարանները լուսաւորեցին անոնցմով:

http://www.kantsasar.com/news/2019/02/18/42363/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın