İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԻԱՌՆԸԴԱՌԱՋԸ ՀԱԼԷՊԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՈՅ ՄԷՋ

Ժիրայր Կարապետեան

Տիառնըդառաջը քառասնօրեայ Յիսուսի տաճար ընծայումի տօննէ։ Ըստ Մովսէսական օրէնքին, քառասնօրեայ մանուկը տաճար կը տանին համաձայն այդ աւանդական սովորութեան։
Չորեքշաբթի, 13 Փետրուար 2019-ին, Տեառնընդառաջի նախատօնակին առիթով, Հալէպի Նոր Գիւղի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք Տեառնընդառաջի նախատօնակի յատուկ շարականներու երգեցողութիւն եւ արարողութիւն։

Արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ հաւատացեալներ եւ մանուկներ։
Շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը:
Արարողութեան աւարտին խորանէն ճրագ մը առնելով դպիրներն ու քահանայ հայրերը թափօրով ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակ։
Ժողովուրդը խարոյկին շուրջ լայն շրջանակ կազմած վերապրեցուց մեր աւանդոյթներն ու հրավառութեան հետ Նոր Գիւղը եզակի ուրախութիւն ապրեցաւ։ Նոր Գիւղի մէջ երկար ատենէ ի վեր Տիառնընդառաջը այսքան հոծ բազմութեամբ չէր յիշատակուած:
Հաւատացեալները,
իրենց աղօթքը բարձրացնելով առ Աստուած, խաղաղութիւն, առողջութիւն և անվտանգութիւն խնդրեցին Բարձրեալէն։ Ապա ներկաներուն եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին կողմէ պատրաստուած լապտերներ բաշխուեցաւ:
Հուսկ տեղի ունեցաւ մանուկներու օհնութիւն։
Հաւատացեալները ջերմ մաղթանքներով բաժնուեցան, իրենց հետ տուն տանելով օրուան խորհուրդը ներկայացնող ճրագը։
Նոր Գիւղի մէջ կեանքը կը շարունակուի: Բոլորին մաղթանքն է, որ այս վշտալի պատերազմը վերջ գտնէ ու խաղաղութեան լոյսը անգամ մը եւս պայծառացնէ Սուրիոյ երկնակամարը եւ հայաստան աշխարհը։

http://www.kantsasar.com/news/2019/02/14/42232/


İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın