İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով` 14-15 Փետրուարին Հայաստանի պատուիրակութիւնը պիտի գործուղղուի Թուրքիա: Իսթանպուլի մէջ պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութեան եւրոպական տարածաշրջանի մէջ հանրային առողջապահութեան համակարգերու պատրաստուածութեան եւ արձագանգումի մակարդակի բարձրացման համար գործողութիւններու ծրագիրի իրականացումին նուիրուած բարձր մակարդակի արհեստագիտական եւ նախարարական խորհրդակցութիւններուն: Պատուիրակութեան՝ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն գործուղման ծախսերը պիտի կատարուին Առողջապահութեան Համաշխարհային կազմակերպութեան հաշւոյն: 
Թուրքիա կը գործուղուին ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան, Առողջապահութեան Նախարարութեան միջազգային յարաբերութիւններու վարչութեան պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հ. Գրիգորեան եւ նախարարութեան «Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոն» ՊՈԱԿ տնօրէնի տեղակալ Լ. Աւետիսեան:

http://www.kantsasar.com/news/2019/02/13/42219/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın