İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ

Երէկ, Մոտայի Մշակոյթի միութեան մէջ սկիզբ առաւ «Յիշէ. Գատըգիւղի մէջ մշակութային զանազանութիւն» խորագրեցալ ծրագիրը, որ յառաջ կը տարուի Գատըգիւղի Գիտութեան, մշակոյթի եւ գեղարուեստի բարեկամներու միութեան կողմէ։ Գատըգիւղի գաւառապետ Մուսթաֆա Էօզարսլան, փոխ-քաղաքապետ Պահար Եալչըն, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի եւս մասնակցութիւն բերին այս հաւաքին։ Ծրագրի բացումը աշխատաժողովի մը ձեւաչափին մէջ նախատեսուած էր։ «Յիշէ. Գատըգիւղի մէջ մշակութային զանազանութիւն» ծրագիրը կը համագանձատրուի Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոմիութեան գծով նախագահութեան տեղական հասարակական կազմակերպութիւններու յատկացուած դրամաշնորհներու ծիրէն ներս նախատեսուած է այս ծրագիրը, որու գործունէութիւնները պիտի շարունակուին ներկայ տարուան տեւողութեան։ Այս նախագծին նպատակն է Գատըգիւղի օրինակով մշակութային ժառանգութիւնը պահպանել, մշակութային յիշողութեան յաջորդ սերունդներու փոխանցումը ապահովել եւ քաղաքի կեանքէն ներս միջմշակութային երկխօսութեան զարգացման նպաստել։

Երէկուան աշխատաժողովին ներկայ գտնուեցան փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոմիութեան գծով նախագահութեան Իսթանպուլի ներկայացուցչութենէն Այշէ Տենիզ Արըճան, որ ԵՄ-ի մասնագէտ մըն է։ Կազմակերպիչներու կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս ընդգծուած է, որ աշխատաժողովին մասնակցութիւն բերած է նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, որ հինգ հատորէ բաղկացեալ հայերէն գիրք մը ունի Գատըգիւղի պատմութեան վերաբերեալ։

Աշխատաժողովի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F8-02-2019-գատըգիւղի-մէջ-աշխատաժողով

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın