İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՐԱՄԷՐԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ

Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Երէկ ան հանդէս եկաւ համապատասխան յայտարարութիւնով մը։

Մարիամ Տրամէրեան այս առթիւ նշած է, որ երկար տարիներ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան մէջ ծառայութիւն մատուցած է՝ հարազատ սանի տրամադրութիւնով, մեր ազգային մշակոյթի նկատմամբ վառ հետաքրքրութիւնով եւ Էսաեանի անունը ամէնուրեք բարձ պահելու մղումով։ Այժմ ան բաւ համարած է այդ վսեմ պարտականութեան մէջ իր ներկայութիւնը։

Մարիամ Տրամէրեան չէ խորացած հրաժարականի պատճառներուն մէջ եւ անհուն շնորհակալութիւն յայտնած է իր տարած աշխատանքին նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար։


http://www.jamanak.com.tr/content/%D5%A9%D6%80%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%AF%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D6%84/6-02-2019-%D5%BF%D6%80%D5%A1%D5%B4%D5%A7%D6%80%D5%A5%D5%A1%D5%B6-%D5%B0%D6%80%D5%A1%D5%AA%D5%A1%D6%80%D5%A5%D6%81%D5%A1%D6%82

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın