İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՆՃԸԼԸՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՅԸ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Սեբաստիոյ նահանգի գիւղերէն մին է՝ Մանճըլըքը։ Երբեմնի հայաշատ գիւղը ժամանակին ունէր հայկական վարժարաններ, եկեղեցի, որն այսօր ցաւօք՝ կիսաաւերակ է, ինչպէս նաեւ՝ որբանոց։ Բնակչութեան հիմնական զբաղումն էր գիւղատնտեսութիւնը՝ երկրագործութիւն, անասնապահութիւն։ Հայկական սա գողտրիկ գիւղը ունէր հարուստ մշակոյթ, խոհանոց, սովորոյթներ ու աւանդոյթներ։ Սիրելի ընթերցող՝ ներողամիտ գտնուեցէք, հոս պահ մը պիտի շեղուիմ։

Անցեալ ամառ, հանդերձ ընտանեօք՝ օր մը հերթական անգամ կը վայելէինք երեւանեան զգլխիչ գիշերներէն մին։ Կեդրոնական լուսաւոր ու լայնարձակ փողոցներով քայլած ատեն պատահմամբ նշմարեցինք հայկական ոճով շտկուած իւրայատուկ ճաշարան մը, որ իր հմայքով անցորդը ներս կը հրաւիրէ։ Մենք եւս անմասն չմնացինք։ Մեր հետաքրքրութիւնը յագեցնելու համար փութացինք ճաշարան, ուր կը բացայայտուէր բաւականին նրբաոճ մատուցուած հայկականութեան հինի ու նորի միախառնումը։ Ճաշած ատեն ուշադրութիւնս գրաւեց «Հայկական դրոշմազարդ կտաւ» գիրք մը։ Երբ էջերը կը թերթէի, յանկարծ զարմանքով քարացայ։ Պահ մը նոյնիսկ աչքերուս դժուարացայ հաւատալ։ Քանի մը անգամ ընթեռնելէ ետք այլեւս հաւաստիացայ, թէ աչքերս զիս չեն խաբեր։ Գիրքի մէջ պատկերուած հարիւրաւոր թէ հազարաւոր դրոշմազարդ կտաւներէն մին կը պատկանէր Մանճըլըք գիւղին։ Սիրտս երջանկութենէն սկսաւ արագ բաբախել, աչքերս ուրախութենէն տամկացան։ Այդ պահուն անասելի ուրախութիւն ու հպարտութիւն զգացի, կարծես արժէքաւոր մրցանակի մը արժանացած ըլլայի։ Այդ գիշեր բացայայտեցինք, թէ ամուսինիս պապենական գիւղը՝ Մանճըլըքը, պարզ հայկական գիւղ մը չէ, ընդհակառակն ունի հարուստ մշակութային անցեալ։ Եւ յայտնի չէ, թէ դարերու, պատմութեան արիւնալի թոհուբոհի ընթացքին ստիպուած ինչե՜ր ապրեցաւ երկրագունդի վրայ աննշան թուացող այս գիւղակը։ Յաւիտեան լռեցուած ի՜նչ գաղտնիքներ ունի իր ծոցին մէջ պահուած։

Մանճըլըք գիւղի անցեալի վերաբերեալ մեր ունեցած հաւաստի տեղեկութիւնները աղքատիկ են։ Ֆրանսահայ պատմաբան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ, պատմական գիտութիւններու տոքթոր, Փրոֆ. Ռայմոնտ Գէորգեանի «Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-էն առաջ» ծաւալուն գիտական աշխատութեան մէջ քանի մը տողով հեղինակը կ՚անդրադառնայ նաեւ հարուստ անցեալ ունեցած այս գիւղին.

«1914 թուականին Քանկալ գաւառակի հարաւ-արեւմուտքին՝ Ուլաշ-Կիւրիւն ճամբեզրին գտնուող Մանճըլըք գիւղը 1919 բնակիչ ունէր։ Բնակչութեան հարիւր տոկոսը հայ էր։ Գիւղէն դուրս կը գտնուէր միջնադարէն մեր օրերուն հասած Սուրբ Թորոս եկեղեցին։ Բաց աստի գիւղը ունէր՝ երկու հայկական վարժարան։ Ընդհանուր աշակերտութեան թիւը 230 կը կազմէր։ Սուրբ Թորոս եկեղեցիին կից կը գործէր նաեւ 1897 թուականին հիմնուած, Մոսկուայի հայերուն ամէնամեայ հովանիի տակ գործող որբանոց մը» կը տեղեկացնէ Ռայմոնտ Գէորգեան։

Անցեալ դարու կէսերէն սկսեալ Մանճըլըքի մէջ մնացած հատուկենտ հայ ընտանիքները մէկընդմիշտ լքեցին հայրենի գիւղը. մեծ մասամբ հաստատուեցան Պոլիս, սակայն երբեւէ չմոռցան, չուրացան իրենց արմատները։ Սեբաստիա չծնած, չայցելած նոր սերունդնե՛րն անգամ մեծ ակնածանքով ու հպարտութեամբ կը շեշտեն իրենց սեբաստացի ըլլալը։

Աւա՜ղ, դար մը անց՝ այսօր, երբեմնի հայաշատ Մանճըլըք գիւղին մէջ կ՚ապրի՝ մէկ հայ, հայ ընտանիք մը։

68-ամեայ Զատիկ Քալտըլը (Քալտընեան) ծնած է 1950 թուականի մարտի 4-ին, Քանկալի Մանճըլըք գիւղին մէջ։ Հայրը՝ Միսաքը բնիկ մանճըլըքցի էր, իսկ մայրը՝ Ծաղիկը, Քանկալի Չամուրլու գիւղէն։ Ընտանիքի հիմնական զբաղումն էր գիւղատնտեսութիւնն ու անասնապահութիւնը։ Զատիկ Քալտըլըն անունը ժառանգած է իր մեծ հօրմէ։ Քանզի տեղացիներուն համար դժուար էր արտասանել «Զատիկ» անունը, վերջինս իր շրջապատին մէջ յայտնի է «տետէ» կեղծանուամբ։ Ունէր երկու եղբայր, զոր կորսնցուցած է չարաբաստիկ, անդարմանելի հիւանդութեան պատճառաւ։

Զատիկ Քալտըլըն ամուսնացած է, ունի երկու աղջիկ եւ մէկ մանչ՝ Հանտան, Սաւաշ եւ Իլտա անունով։ Կողակիցը՝ Տիկին Մարիամը հարս եկած է Էլազըղէն։ Աւելի քան քառասուն տարի առաջ Զատիկ եւ Մարիամ Քալտըլը ամոլը, իրենց հայութիւնը պահպանելու, զաւակները հայեցի կրթելու ու դաստիարակելու նպատակաւ բռնեցին դէպի երազային քաղաք, դէպի հայութեան կեդրոնատեղի՝ Պոլիսի ճամբան։ Սակայն ի տարբերութիւն համագիւղացիներուն, Պարոն Զատիկը ամուր կապանքներով չկղպեց իր գիւղական տան դռները, մէկընդմիշտ կապը չխզեց հայրենի գիւղին հետ։ Տարին երկուքի բաժնեց։ Գարնան՝ երբ օդերը տաքնան, անմիջապէս իր կնոջ հետ կը մեկնի գիւղ։ Ծառատունկ կ՚ընէ, հող կը մշակէ։ «Հողատարածներ ունինք։ Մեծ մասամբ գիւղատնտեսութեամբ կը զբաղիմ։ Ցորեն, գարի, հողկիթ, ճակնդեղ, սիսեռ եւ այլն կը ցանեմ։ Ստացուած բերքը համապատասխան գործարաններու կը վաճառեմ։ Նախապէս, մինչ Պոլիս գալը, անասնապահութեամբ ալ կը զբաղէի. ոչխար, այծ, կով կը բուծանէի։ Մեր հանապազօրեայ հացը սեփական քրտինքով կը վաստկինք։ Կինս շատ կ՚օգնէ ինծի։ Երբեմն վարուցանի ատեն, եթէ օգնութեան կարիք ունենամ, աշխատաւորներ կը վարձեմ։ Զաւակներս եւս շատ կապուած են գիւղին։ Իրենց գիւղը շատ կը սիրեն։ Քանզի կ՚աշխատին, ապա միայն ամրան ամիսներուն եւ կամ արձակուրդներուն այցի կու գան մեզի» կը պատմէ Մանճըլըքի վերջին հայը։

Պարոն Զատիկէն տեղեկացանք, որ այսօր գիւղի բնակչութիւնը աստիճանաբար կը նուազի. 300-350 բնակիչ ունի։ Այստեղ կողք կողքի կ՚ապրին թուրքեր, քիւրտեր, ալեւիներ։ Բնակչութեան թիւի նուազման պատճառաւ գոցուած է գիւղի միակ դպրոցը։ Դպրոցահասակ երեխաները փոխադրամիջոցով մօտակայ գիւղերու դպրոցներ կը յաճախեն։

-Պարոն Զատիկ, գիւղին մէջ այժմ գործող եկեղեցի կա՞յ։

-Սուրբ Թորոս եկեղեցին ունէինք, որ ներկայիս աւերակի մը վերածուած է։ Ես ու եղբայրներս, ինչպէս նաեւ մեր համագիւղացի տղաքը Սուրբ Թորոս եկեղեցիին մէջ մկրտուած ենք։ Այն ատեն եկեղեցին տէր հայր չունէր։ Տարին մէկ-երկու անգամ Կեսարիայէն այցելու քահանայ մը կու գար ու չմկրտուած երեխաները՝ բոլորը միասին կը կնքէր։ Տէր հօր գալուստը մեծ արարողութիւն մըն էր գիւղացիներուն համար։ Ամէն մարդ սրտատրոփ կը սպասէր վերջինիս գալուստին եւ արժանւոյնս կը փորձէր հիւրընկալել տէր հայրը։ Այսօր ժամանակները փոխուեցան։ Բանի մը համը հոտը չմնաց։

-Ինչպէ՞ս կ՚անցնի գիւղին մէջ ձեր առօրեան։

-Սովորաբար առտու կանուխ ժամը վեցին կ՚արթննամ։ Նախաճաշէն ետք անմիջապէս գործի կը լծուիմ, հող կը մշակեմ։ Երբեմն եթէ պարապ ժամանակ ունենամ, գիւղամէջ կ՚իջնեմ կամ տուն կու գամ հեռատեսիլ կը դիտեմ։

-Տիկին Մարիամը հողագործութեան մէջ ձեզի կ՚օգնէ՞։

-Առհասարակ կ՚աշխատիմ տիկինս հեռու պահել դուրսի աշխատանքներէն։ Սակայն, եթէ շատ օգնութեան կարիք ունենամ, ան կը միանայ ինծի։ Տիկինս տնային տնտեսութեամբ կը զբաղի՝ մաքրութիւն, եփել-թափել ու նմանատիպ կենցաղային գործեր։ Անոր գործն ալ դիւրին չէ։

-Ինչպիսի՞ն են ձեր յարաբերութիւնները համագիւղացիներու հետ։

-Մանճըլըքի մէջ ամէն մարդ գիտէ, թէ մենք հայ ենք։ Երբեք չենք ապրած ազգային որեւէ խտրականութիւն։ Լաւ դրացիներ ունինք։ Պէտք է խոստովանինք, որ նախապէս ունէինք ջերմ ու բարիդրացիական յարաբերութիւններ, սակայն այժմ օրէ օր այդ կապերը կը թուլանան։ Նոյնիսկ դռկիցները իրարու կ՚օտարանան։ Ոչ մէկ բանի համն ու հոտը մնաց։ Երանելի օրեր էին, երբ դրացիներով կը հաւաքուէինք, երեկոյեան իրարու տուն կ՚երթայինք. կը նստէինք, կը զրուցէինք, աշխարհի ծուռն ու շիտակը կը քննարկէինք։

-Ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի գիւղի հայկական գերեզմանատունը։

-Այսօր մեր գերեզմանատունը անխնամ ու բարձիթողի վիճակի մը մէջ է. զայն խնամող չկայ, տէր չունի։ Ամայի տարածութեան մը վրայ տեղակայւած է գերեզմանատունը։ Քանի մը անգամ ինծի՝ որպէս հայ, ըսին, թէ քաղաքի քու համագիւղացիներէն դրամահաւաք ըրէ ու բեր, որպէսզի գերեզմանը ցանկապատենք, վերանորոգենք։ Սակայն ես չկրցայ այդ գործը ընել։ Յաճախ ոսկի կամ թանկարժէք իր մը գտնելու մտայնութեամբ գերեզմանները կը բանան, քարուքանդ կ՚ընեն։ Այպէսով՝ մեր նախնիներու, պապերու յիշատակը կը պղծեն։ Սիրտս կը ցաւի։ Շատ ողբալի վիճակ մըն է։

-Գիւղին մէջ այժմ խանութ կա՞յ։ Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս առեւտուր կ՚ընէք։

-Երկար տարիներէ ի վեր խանութ չկայ։ Առեւտուրի համար առհասարակ կ՚երթանք Քանկալ, որ մեզմէ 22 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Ես ինքնաշարժ ունիմ, ինքնաշարժով կ՚երթանք։ Կիրակի օրերը Քանկալի մէջ կայ շրջիկ բացօթեայ շուկայ, ուրկէ կ՚ընենք մեր առեւտուրը։ Երբեմն մեր գիւղը կու գան շրջիկ առեւտրականներ, որոնցմէ եւս կ՚օգտուինք։ Ի դէպ նշեմ նաեւ, որ ժամանակին հայրս բացի գիւղատնտեսութենէն, առեւտուրով ալ կը զբաղէր։ Խանութ մը ունէր, մեր գիւղի նպարավաճառն էր։

Ջերմ ու հաճելի զրոյցի ընթացքին Պարոն Զատիկ սեբաստացիներու յարիր հպարտութեամբ նշեց, որ 1915 թուականէն ետք բոլոր գիւղերուն ու բնակավայրերուն անունները փոխուեցան, սակայն՝ Մանճըլըքը մնաց անփոփոխ։ Անզէն աչքով դիտած ատեն՝ պարզ թուացող այս գիւղը դարեր շարունակ անփոփոխ կը կրէ իր անունը։ Մանճըլըք եւ կամ աւելի յստակ մանճընըք թրքերէնէ հայերէն թարգմանաբար կը նշանակէ՝ քարաձիգ։ Քարաձիգը կամ քարանետը միջնադարուն պատերազմական սարք մըն էր, որ կը գործածուէր մինչ գնդակի գիւտը։

Մանճըլըքի վերջին հայը շատ հետաքրքրական տուեալներ ներկայացուց հայրենի գիւղին վերաբերեալ։ Զոր օրինակ՝ մինչեւ հիմա գիւղը զուրկ է բնական կազէ եւ յայտնի չէ, թէ ե՛րբ կազ կ՚ունենան։ Ձմրան տուները կը տաքցուին վառարաններով։ 35-40 տարի առաջ գիւղը լոյս, կոյուղի անգամ չունէր։ Գիշերները տուները կը լուսաւորուէին յատուկ լապտերներով։

Իմ յաջորդ քանի մը հարցումներուն սիրալիր պատասխանեց Քալտըլը ընտանիքի մայրը՝ բարեհամբոյր Տիկին Մարիամը։

-Տիկին Մարիամ, մենք՝ հայերս կը սիրենք լաւ սնանիլ։ Ունինք հարուստ ու ինքնատիպ խոհանոց։ Արդեօք Մանճըլըք գիւղն ալ ունի՞ իրեն յատուկ ճաշատեսակներ։

-Մեր գիւղը յայտնի է հարուստ ու բազմապիսի խոհանոցով եւ ճաշատեսակներով։ Մանճըլըքը ունի իրեն բնորոշ տեսակ-տեսակ ճաշեր։ Այժմ կը փորձեմ թուել անոնցմէ մի քանին։ Օրինակ՝ Մանճըլըքի յայտնի ճաշատեսակներէն են՝ «մատուտակ»ը, նոյնանուն խոտաբոյսէ պատրաստուած ճաշ մը. «Լոլուխ»ը՝ խմորի փոքր գունդերը գրտնակով կլոր-կլոր կը բանանք։ Նախապէս սոխով խորովուած շոմինը, որու հետ այժմ կը խառնենք նաեւ ապուխտ, որպէս միջուկ կիսալուսնաձեւ կը տեղաւորենք կլոր բացուած խմորներուն մէջ. խմորի երկու ծայրերը վրայ վրայի բերելով կը գոցենք։ Այնուհետեւ կը տապակենք «սաճ»ի վրայ։ Հողկիթով կամ շոմինով քէօմպէ. խմորի գնդիկները գրտնակով կլոր կը բանանք։ Խմորը իւղելով, կրկին գնդիկի կը վերածենք, նորէն կը բանանք ու տապակի մէջ կը տեղաւորենք։ Միջուկապատելէ ետք, նոյն ձեւով՝ երկրորդ խմորի շերտը կը պատրաստենք եւ վրան կը գոցենք։ Վառարանի մէջ եփելէ վերջ մասերու կը բաժնենք եւ կը մատուցենք։ Ոչ պակաս յայտնի է՝ Մանճըլըքի գաթան, որու միջուկը ալիւրէ եւ կարագէ կը պատրաստենք։ Սեբաստիոյ մէջ մեծ համբաւ կը վայելէ նաեւ մեր գիւղի թոնիրի հացը՝ երկար ու մեծ լաւաշը։

-Գիւղի մէջ տօները՝ Կաղանդ, Զատիկ ինչպէ՞ս կը նշէք։

-Տեղացիները Կաղանդ չեն նշեր։ Մեր ընտանիքը կը նշէր։ Ամանորեան սեղանի շուրջ կը բոլորուէինք։ Չիրերով սեղան կը շտկէինք ու Կաղանդը կը նշէինք, ինչպէս որ հոս՝ Պոլսոյ մէջ։ Կաղանդին մենք գեղեցիկ աւանդոյթի մը վերածած ենք՝ այդ գիշեր տնական «փիշմանիյէ»ի պատրաստումը։

Զատիկը շատ հետաքրքրական կ՚անցնի։ Այդ օրը կիսաաւերակ եկեղեցի կ՚երթանք, կ՚աղօթենք, մոմ կը վառենք։ Տունը գաթայ կը պատրաստեմ, սոխի կեղեւներով 300-350 հատ հաւկիթ կը ներկեմ։ Կտոր մը գաթայ եւ քանի մը հատ կարմիր հաւկիթ տունէ տուն համագիւղացիներուս կը բաժնեմ։ Տեղացիները շատ կը սիրեն մեր Զատիկը։ Յաճախ դրացիները մեզի կու գան, ես ալ թէյով գաթայ կը հիւրասիրեմ անոնց։

Ահաւասիկ այսպիսինն է Քալտըլը ընտանիքը՝ պարզ, մաքուր եւ բարեացակամ։ Մեր ամբողջ ջերմ ու բարի խօսակցութեան ընթացքին տակաւին քանի մը ժամ առաջ ինծի անծանօթ այս ընտանիքը իր մաքրամաքուր, օրինակելի ու անաղարտ կենսագիրով հիացուց զիս։ Թէպէտ բնաւ հայերէնին չեն տիրապետեր, սակայն անոնցմէ իսկական հայու հոտը կը բուրէ։ Անոնց մէջ տակաւին կ՚ապրի մարդը՝ հանդերձ իւր բոլոր բարձր արժէքներով։ Հայկական ու աւանդապաշտ Քալտըլը ընտանիքին մթնոլորտը հաճելի ու տրամադրող էր։ Մաղթենք, որ ապագային հայոց մէջ նման ընտանիքներու թիւը բազմանայ։ Հուսկ, մաղթանքս է այս ընտանիքին.

Մնացէ՛ք անանկ, ինչպէս որ կա՛ք։

Բարին ընդ Ձե՛զ։

http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/7-02-2019-մանճըլըքի-վերջին-հայը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın