İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՆՃԸԼԸՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՅԸ

Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու երկխօսութեան յանձնախումբի վերջին ժողովի արձագանգները կը շարունակուին։ Վատիկանի մէջ կազմակերպուած, իր տեսակին մէջ 16-րդ այս ժողովները աշխատանքային շաբթուան մը ձեւաչափով նախատեսուած էին։ Ժողովին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները։ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ սոյն ժողովներու մասնակիցներու շարքին էր Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։

Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, երկ-խօսութեան ժողովներու մասնակիցները Վատիկանի մէջ հիւրընկալուեցան նաեւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Այս առթիւ Սրբազան Պապը գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ զօրակցութիւն յայտնեց եկեղեցիներու միութեան առաքելութեան ի նպաստ։

Հարկ է նշել, որ այս յանձնաժողովի կողմէ ծաւալուած աշխատանքներու ծիրէն ներս յառաջիկայ տարուան տեւողութեան նախատեսուած է համաձայնագրի մը ստորագրումը։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F7-02-2019-դրական-աշխատանք

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın