İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄՈՒՐԱՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ. «ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԸՆԹՐԻՔԻՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԱՔՐՈՆ, ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԸ»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան «Թերթ»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ խորհուրդին կազմակերպութեամբ 17 Փետրուարին տեղի պիտի ունենայ ֆրանսահայ համայնքի ընթրիքը:

«Ընթրիքին պիտի մասնակցի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: Ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ֆրանսայի կրթութեան նախարարը, Փարիզի քաղաքապետը, Փարիզեան շրջանի մարզպետը եւ տասնեակ պատգամաւորներ ու ծերակոյտի անդամներ, յայտնի անձեր», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ ընթրիքին ներկայ պիտի ըլլան բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ համայնքներէ՝ մահմետականներէ, եզիտիներէ, հրեաներէ, ասորիներէ ներկայացուցիչներ, այլ երկիրներու դեսպաններ՝ մօտաւորապէս 480 հոգի»:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, համայնքի տարեկան այս ընթրիքը շատ մեծ քաղաքական «ժամադրութիւն» է, որուն ընթացքին համայնքը բոլորին իր քաղաքական պատգամը կրնայ ուղղել: «Այս տարի մենք որոշած ենք մեր պատգամը կեդրոնացնել  Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման, անկախութեան հարցին վրայ, որպէսզի նախագահ Մաքրոն եւ բոլորը իմանան, որ Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը Արցախի ժողովուրդին կողքին են: Այս կէտինվրայ մենք յատուկ շեշտ պէտք է դնենք», ըսաւ ան:

Մուրատ Փափազեան յայտնեց, որ հիմա արցախեան տագնապին առնչութեամբ դրական արձագանգներ չեն հասնիր իրենց: «Արձագանգներ կան զիջումներու մասին,  բաւական մեծ ճնշումի մը մասին, որ կը բանեցուի Հայաստանի վրայ: Դժուար եւ մտահոգիչ լուրեր կը հասնին մեզի, եւ մենք նկատած ենք, որ արդէն ժամանակն է ցոյց տալու, որ հայ ժողովուրդը միասնական է Արցախի հարցին շուրջ, եւ անիկա  մեր առաջնահերթութիւններուն մէջ առաջին դիրքի վրայ է», ըսած է ան:

Նախագահ Մաքրոնի հետ, ըստ Մուրատ Փափազեանի, արդէն քննարկուած են ընթրիքի մանրամասնութիւնները, այսինքն՝ թէ ինչ նիւթեր պիտի քննարկուին: Նախագահէն համայնքը կ’ակնկալէ, որ 24 Ապրիլը Ֆրանսայի օրացոյցին մէջ յայտարարէ որպէս պաշտօնական օր եւ ներկայացնէ Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ նոր օրէնք ունենալու մասին իր կարծիքը:

«Երրորդ հարցը կ’առնչուի Արցախին: Անշուշտ, ռուսական եւ ամերիկեան կողմերը ԵԱՀԿ համանախագահներ են, բայց մենք կ’ուզենք, որ Ֆրանսան աւելի ազդեցիկ դեր խաղայ արցախեան հիմնահարցի լուծման գործընթացին մէջ», ըսաւ ան՝ նկատել տալով, որ Ֆրանսայի ազդեցութեան ծաւալումը կրնայ Հայաստանի համար դրական նպաստ բերել Լեռնային Ղարաբաղի լուծման գործընթացին մէջ:

Խօսելով ֆրանսահայութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մասին՝ ան յայտնեց, որ համայնքը միշտ օժանդակած է Հայաստանի դիւանագիտութեան: «Մենք կապի մէջ ենք Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հետ, կ’աշխատինք Հայաստանի դեսպանութեան հետ, որ կարենանք մեր դերը խաղալ Հայաստանի զարգացման գործին մէջ», ըսաւ ան:

Հայ համայնքի ընթրիքէն ետք, Մուրատ Փափազեանի համաձայն, լաւագոյն արդիւնքը կ’ըլլայ այն, որ նախագահ Մաքրոն  վերոնշեալ քայլերը առնէ: 

«Մենք նաեւ կ’ուզենք, որ Ֆրանսան ընդունի, որ որպէս ԵԱՀԿ համանախագահ երկիր զէնք չվաճառէ Ատրպէյճանին: Ֆրանսան պէտք է խուսափի Ատրպէյճանին զէնք վաճառելէ, որովհետեւ չենք կրնար բացառել, որ ֆրանսական զէնքերը չեն օգտագործուիր Արցախի ժողովուրդին դէմ: Պէտք է Մաքրոն նաեւ մեզի խօսք տայ, որ Ֆրանսան 2019-ին ամէն ինչ կ’ընէ, որ խաղաղութիւն հաստատուի Արցախի մէջ եւ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովուի, Արցախի ճանաչումը, անկախութիւնը դառնան օրակարգի կարեւոր կէտ», եզրափակած է Մուրատ Փափազեան:

http://www.kantsasar.com/news/2019/02/05/41997/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın