İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԱԾ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵԼ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱՆ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Ակունք» վկայակոչելով թրքական «Հիւրիէթ» լրատուականը կը հաղորդէ, որ 4 Փետրուարին Եւրոպական Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը քննարկումի դրած է Թուրքիոյ վերաբերեալ զեկոյցի նախնական տարբերակը։

Թուրքիոյ հարցերով ԵԽ զեկուցող Քեթի Փիրիի  կազմած զեկոյցին մէջ Եւրոպական Միութեան կոչ կ’ուղղուի կասեցնելու Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները։

Այս զեկոյցը արդէն իսկ  խիստ քննադատութեան արժանացած է Անգարայի կողմէ։ Բայց ուշագրաւ է, որ զեկոյցին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու համար ներկայացուած է 319 առաջարկ, որ ընդհանուր առմամբ նոյնպէս դժգոհութիւն յարուցած են Թուրքիոյ մէջ։

Յատկապէս առաջարկուած է ԵՄ ահաբեկչական խմբաւորումներու ցանկէն հանել Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն համարուող Քուրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան (PKK-ՔԲԿ) անունը։ Թրքական մամուլին գնահատումով՝ այդ առաջարկի ընդունման պարագային Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ նոր ճգնաժամը անխուսափելի կը դառնայ։

Անկախ այս հարցէն, առաջարկուած է նաեւ զեկոյցին մէջ ներառել Թուրքիոյ ուղղուած կոչ մը՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Կոչ ուղղուած է նաեւ ազատ արձակելու Թուրքիոյ կալանաւորուած ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սելահատին Տեմիրթաշը։

Առաջարկուած է նաեւ՝ Թուրքիոյ զէնք արտածումը կասեցնել, դադրեցնել Թուրքիոյ «Աքույու» աթոմակայանի նախագիծը, զեկոյցէն հեռացնել «Մաքսային Միութեան» ընդլայնման եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագրերու ազատականացման առնչուող գլուխները։

Աղբիւրին համաձայն, Թուրքիոյ օգտին զեկոյցին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու ուղղուած առաջարկները շատ քիչ եղած են։ Զեկոյցը վերջնականապէս  պատրաստ կ’ըլլայ 11-14 Մարտին եւ քննարկումի կը դրուի Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ։

http://www.kantsasar.com/news/2019/02/05/42001/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın