İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԺԽՏԱԿԱՆ ԴԱՏԱՎՃԻՌ

Սիրքէճիի պատմական Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքի հարցը երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնէ համայնքին օրակարգը։ Փոքրամասնութիւններու համար կատարուած բարեփոխումներու զուգահեռ Պատրիարքական Աթոռը շարժման անցած է՝ վերաձեռքբերելու համար Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը։ Ինչպէս ծանօթ է, պատմականօրէն այդ խանը պատկանած է Պատրիարքարանին եւ համապատասխան վաքըֆի կառավարիչն ալ եղած է օրուան գահակալը։ Պատրիարքարանը վերջին տարիներուն ամենայն լրջութեամբ հետամուտ եղած է՝ որպէսզի իրաւական հարթութեան վրայ հասնի դրական արդիւնքի մը։ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ ամենայն նախանձախնդրութեամբ հետապնդած է այս խնդիրը։

Մօտաւոր անցեալին դատական իշխանութիւնները վերահաստատած էին Պատրիարքական Աթոռի սեփականութեան իրաւունքը։ Նախապէս Իսթանպուլի 13-րդ իրաւական ատեանին կողմէ տրուած ժխտական որոշումը Վճռաբեկ ատեանին կողմէ սրբագրուած էր ի նպաստ Պատրիարքարանին։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան դէմ բացուած դատ մըն է այս մէկը, որովհետեւ ներկայիս Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի այդ կառոյցին։ Ըստ նախատեսուած ընթացակարգին, Վճռաբեկ ատեանի կողմէ տրուած  որոշումը Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ վերստին վիճարկուած է։ Այս անգամ ալ, նոյն ատեանը արձակած է Պատրիարքարանի տեսակէտէ ժխտական դատավճիռ մը եւ յարմար նկատած է, որ Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը շարունակէ պատկանիլ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։ Անցեալ 12 դեկտեմբերին (2018 թուական) արձակուած է այս դատավճիռը, որուն վերջին օրերուն վերահասու դարձած է իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլու, որ այս գործի պարագային կը պաշտպանէ Պատրիարքարանի շահերը։

Ըստ երեւոյթին, ներկայիս ստեղծը-ւած է հետաքրքրական իրավիճակ մը, որովհետեւ նոյն գործին վերաբերեալ իրերամերժ մեկնաբանութիւններ խնդրոյ առարկայ դարձած են դատական մարմիններու կողմէ։ Բնականաբար, դատական իշխանութիւններու վճռին նկատմամբ պէտք է ցուցաբերուի յարգանք։ Վճռաբեկ ատեանի այս վերջին որոշման հիմնաւորումներուն մէջ կը մատնանշուի, որ պատմականօրէն ստեղծուած Սանասարեանի վաքըֆը չի համարուիր փոքրամասնական համայնքային վաքըֆ մը՝ այդ կարգավիճակը չունի, որովհետեւ որպէս կառավարիչ նախատեսուած է օրուան պատրիարքը։

Այս դատավճռի լոյսին տակ փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու կը պատրաստուի դիմում կատարել Սահմանադրական ատեանի մօտ, որպէսզի այդ հարթութեան վրայ դարձեալ քննարկուի այս խնդիրը։

https://bit.ly/2DcKGd7

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın