İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՐՇ. Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ԱՅՑԵԼԵՑ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ ԳերշՏԽաժակ ԱրքեպսՊարսամեան 4 Փետրուար 2019, Երկուշաբթիայցելեց Մայրաքաղաք՝ Անգարա։ Նորին Սրբազնութիւնըորուն կþընկերանար Մայր Աթոռոյ միաբաններէն ԳերպտՏՇահէ ԾՎրդԱնանեանսոյն այցելութիւնը կը կատարէր յանուն Մայր Աթոռ ՍԷջմիածնի եւ նախապէս առնուած ժամադրութեան մըհամաձայն  ժամը՝ 11.00-ին ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Մէվլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։

Սոյն այցելութեան Իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ ԲարձրՏԱրամ ԱրքեպսԱթէշեան։

Շուրջ մէկ ժամուան մտերմիկ զրոյցի ընթացքին մեծայարգ Նախարարը յայտնեցթէ Պետութիւնը տեղեակ է Պատրիարքականընտրութեան անցուդարձերուն եւ կը հետեւի զարգացումներուն։ Համբերութիւն պահանջեցորպէսզի բարւոք լուծում գոյանայ։

Պատուիրակութիւնը յետ միջօրէին վերադարձաւ Ստանպուլ։

http://www.turkiyeermenileripatrikligi.org/site/hy/գերշ-տ-խաժակ-արք-պարսամեան-մայրաքաղաք/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın