İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Այս առաւօտ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ հանդիպում մը, որ շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի թրքահայ համայնքի առկայ հրատապ օրակարգին տեսակէտէ։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հիւրընկալեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որուն կ՚ընկերանար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։ Այս ժամադրութիւնը տրուած էր Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին՝ որպէս ներկայացուցիչը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Նորին սրբազնութիւնն ու հայր սուրբը Անգարայի մէջ էին՝ որպէս պատուիրակութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ։ Այս պատուիրակութեան ուղեկցեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան հարցը։ Երբ թերթս մամուլի կը յանձնէինք, տակաւին պաշտօնապէս մանրամասնութիւններ չէին հաղորդուած զրոյցի բովանդակութեան շուրջ։

ԺԱՄԱՆՈՒՄ

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան Թուրքիա եկան շաբաթավերջին։ Անոնք Հռոմէն հասան Իսթանպուլ։ Երկուքն ալ վերջին օրերուն Վատիկանի մէջ մասնակցած էին Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու երկխօսութեան յանձնախումբի հերթական ժողովին։ Այդ նստաշրջանի աւարտին, շաբաթ յետմիջօրէին անոնք հասան քաղաքս, ուր Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ՝ Պատրիարքական Աթոռի դիմումով պատուոյ սրահէն երկիր մուտք գործելով դիմաւորուեցան Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի կողմէ եւ առաջնորդուեցան Գումգաբու։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ողջունեց երկու բարձրաստիճան եկեղեցականները, որոնք իջեւանեցան Պատրիարքարանի մէջ։ Նոյն օրուան երեկոյեան երկու սրբազաններն ու հայր սուրբը ընթրիքի հիւրը եղան մեր ազգայիններէն Պօղոս Եըլանի բնակարանին մէջ։

ԵՇԻԼԳԻՒՂ, ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՈՒՐՍ ԵՒ ԴԷՊԻ ԱՆԳԱՐԱ

Երէկ, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան կիրակնօրեայ սուրբ պատարագի մասնակցեցաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Իսկ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան կիրակնօրեայ պաշտամունքի մասնակցեցաւ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Եշիլգիւղի արարողութեան աւարտին, ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը կէսօրին ճաշասեղանով մը պատուեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը։ Ապա Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան զիրար վերագտան օդակայանի մէջ՝ թռնելու համար դէպի Անգարա, ուր նաեւ գիշերեցին։

ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Նախարար Չավուշօղլուի կողմէ տրուած այսօրուան ժամադրութիւնը ունի շատ կարեւոր նշանակութիւն։ Խորքին մէջ, Պատրիարքական Աթոռի գործնականօրէն թափուր մնացած վերջին շուրջ 11 տարուան ժամանակաշրջանին առաջի՛ն անգամ ուղղակի շփում մը կը հաստատուի Անգարայի ղեկավարութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ։ Ուստի, այսօրուան ժամադրութիւնը կը համարուի այս գործընթացի անկիւնադարձային փուլերէն մին։ Անտարակոյս, կարելի չէ աճապարել գործնական արդիւնքներու մասին յուսադրուելու ուղղութեամբ, սակայն, երեւոյթը ինքնին կարելի չէ ստորագնահատել։ Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան հարցին շուրջ այսպիսի երկխօսութիւն մը, անշուշտ, կրնայ ունենալ լուծման ճանապարհին դրական ազդակի մը վերածուելու հեռանկարը՝ մանաւանդ, որ ժամադրութեան ձեւաչափը աննախընթաց է։

Որքան որ թրքահայութիւնը պատրիարքական ընտրութեան հարցին բերումով շուրջ 11 տարիէ ի վեր կը դիմագրաւէ մարտահրաւէր մը, այնքան նաեւ նոյն ժամանակաշրջանին այս խնդիրը լուրջ նշանակութիւն ստացած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Թէեւ առանց միջամտելու, նաեւ տեղական բոլոր առանձնայատկութիւնները մանրակրկիտ ձեւով հաշուի առնելով՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը միշտ մօտէն հետեւած է բոլոր իրադարձութիւններուն։ Բոլոր հարթութիւններու վրայ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը տուած է շինիչ յորդորներ ու յայտնած է, որ կ՚աղօթէ Պոլսոյ Աթոռի առկայ հարցերու կանոնական լուծման եւ կայունութեան համար։ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջաններուն եւս միշտ օրակարգի վրայ գտնուած են Պոլսոյ հարցերը։ Վերջին շրջանին թէեւ մեր համայնքային կեանքէն ներս թէժ իրավիճակը որոշ չափով յաղթահարուած է, սակայն պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ անորոշութիւնը կը մնայ առկայ։ Եւ այդ անորոշութիւնն ալ արդէն անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնը էապէս խորացուցած է եկեղեցական շրջանակներէ ներս՝ այն աստիճան, որ ԳՀԽ-ի վերջին նստաշրջանին ժամանակ հասունցած է այլեւս գործնական քայլի մը դիմելու գաղափարը։

Այս կէտին վրայ, ընդհանուր վստահութեամբ պատասխանատուութիւն վիճակած է Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին, որ մեր համայնքէն հասած, մեծ յարգանքի ու համակրանքի արժանացած սրբազան մըն է։ Իր հեղինակութիւնը պայմանաւորուած է նաեւ այն հանգամանքով, որ ան մեր համայնքէն ներս կը վայելէ մեծ վարկ, միշտ նկատի կ՚առնուին իր իրատես խորհուրդները։ Նորին սրբազնութիւնը, ի լրումն այս բոլորին, ընտրական խնդրին ամենայն անաչառութեամբ մօտենալու հնարաւորութիւնը ունի, որովհետեւ յաջորդ քայլափոխի վերաբերեալ անձնական ակնկալութիւններէ կամ հաշուարկներէ բոլորովին հեռու է. վաղուց յայտարարած է, որ պատրիարքութեան պաշտօնին թեկնածու չէ։ Բաց աստի, թրքական պետական շրջանակներուն կողմէ ալ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան միշտ եղած է դրական ընկալուած կերպար մը։ Արդարեւ, շուրջ երեք տասնամեակ Նիւ Եորքի մէջ պաշտօնավարելու ատեն, իր առաքելութիւնը սահմանափակ չէ եղած զուտ թեմակալ առաջնորդի մը գործով, այլեւ ան բոլոր հարթութիւններու վրայ համբաւ ձեռք բերած է՝ որպէս առաջնորդ մը, որ երկխօսութեան կը հաւատայ կրօններու, քաղաքակրթութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ։ Իր զանազան յանձնառութիւններուն բերումով ան միշտ շփման մէջ եղած է պետական, դիւանագիտական, գիտական, միջեկեղեցական ու հասարակական շրջանակներու հետ։ Այս ամբողջին մէջ բացառութիւն չէ կազմած Թուրքիան, որու բազում ներկայացուցիչներուն հետ կապի մէջ եղած է ան՝ ներշնչելով յարգանք ու վստահութիւն։ Այս բոլորի լոյսին տակ շարժման անցած է Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որուն այսօր Անգարայի մէջ ժամադրութիւն մը տրուած է Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։

Այսօրուան ժամադրութիւնը յատկանշական է նաեւ պատմական առումով։ Արդարեւ, Հանրապետական շրջանին երկրորդ անգամն է, որ պատրիարքական ընտրութեան հարցի մը շուրջ կապ կը հաստատուի Անգարայի ղեկավարութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ։ Պատմութենէն ծանօթ է, որ Ասլանեանական պայքարի տարիներուն, երբ նոյնպէս երկարատեւ անորոշութիւններ ու բարդութիւններ յառաջացած էին այդ շրջանի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս, 6 նոյեմբեր 1950 թուականին, երանաշնորհ Տ.Տ. Գէորգ Զ. (Չէօրեքճեան) Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նամակ մը ուղարկած էր այդ ժամանակուան Հանրապետութեան նախագահ Ճելալ Պայարին։ Այդ նամակին յաջորդած փուլին արդէն լուծման հունի մէջ մտած էր ընտրութեան խնդիրը։

Երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Պոլիս այցելութեան շրջանին մեկնած էր նաեւ Անգարա, ուր հիւրընկալուած էր այդ շրջանի Հանրապետութեան նախագահ Ճեմալ Կիւրսէլի կողմէ։ 2016 թուականին ալ, այժմու Վեհափառ Հայրապետը Պոլիս կատարած ուղեւորութեան օրերուն քաղաքավարական այցելութիւն մը տուած էր նահանգապետարան, ուր ընդունուած էր այդ շրջանի կուսակալ Մուամմէր Կիւլէրի կողմէ։

Ներկայիս ալ այս շփումը շատ կարեւոր կը համարուի՝ որպէս երկխօսութեան հարթակ։ Վերջին շուրջ 11 տարիներուն, պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան բարդ գործընթացէն ներս, զանազան փուլերու մէջ համայն հայութեան հայեացքը թեքուած էր դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, խտացած էին սպասումները Վեհափառ Հայրապետէն։ Անշուշտ, Նորին Սրբութիւնը շատ հեռատեսութեամբ արժեւորած է այդ բոլորը՝ իր կշիռով միշտ զսպելով արմատական ակնկալութիւնները, նաեւ հայեացքը երբեք չթեքելով կանոնականութեան առաջնահերթութենէն։ Իսկ այս փուլին այլեւս ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս ստեղծուած է այն տպաւորութիւնը, թէ Պոլսոյ Աթոռի անորոշութիւնը հետզհետէ ընդհանուր հարուածի կը վերածուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ եւ այս կէտէն սկսեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յարմար դատած է առնել դրական քայլ մը։ Սա, բնականաբար, միջամտութիւն մը չէ, որովհետեւ, ըստ մեր տուեալներուն, նախարար Չավուշօղլուի նկատառման կը յանձնուին հայութեան ընդհանուր ակնկալութիւնները՝ զուտ եկեղեցական իրաւունքի, կարգ ու կանոնաց հիման վրայ։ Ըստ էութեան, այս քայլը բարեացակամ կոչ մը, առկայ խնդրի հայ ժողովուրդի խղճի գործօնի տեսանկիւնէն եւս արժեւորման յիշեցում մըն է։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երբեւէ լուռ չէ եղած այս հարցին մէջ, մնացած է իր բարձրութեան վրայ եւ այդ ընթացքին զուգահեռ, ցարդ որդեգրած սկզբունքային ոճին հետ ուղիղ համեմատութեամբ ներկայիս յաւելեալ ճիգ մը կը գործադրէ՝ զերծ մնալով ինքնանպատակ միջամտութեան մը տրամադրութենէն։

Ժամադրութիւնը, անշուշտ, խորքին մէջ կու գայ վերահաստատել նաեւ մեր պետութեան կողմէ ընծայուած կարեւորութիւնն ու զգայնութիւնը Պոլսոյ Պատրիարքութեան՝ որպէս նուիրապետական աթոռ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս զբաղեցուցած կարեւոր դիրքին նկատմամբ։ Սա արդէն մետայլի միւս երեսակին վերաբերեալ դիտարկում մըն է։

Նոյնպէս մեր տեղեկութիւններով, Անգարայի այսօրուան հանդիպման շուրջ նախապէս տեղեակ պահուած են մեր համայնքէն շատ սակաւաթիւ ազդու անձնաւորութիւններ, որոնց գլխաւորը եղած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։

https://bit.ly/2GqQVwV

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın