İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ի՞ՆՉ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ Կ՚ՈՒԶԵՆ ՈՒՍԱՆԻԼ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ. ԶՐՈՅՑ՝ ԱՆՈՅՇ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերջին տարիներուն բազմաթիւ ամպիոններէ լսելի դարձաւ այն, որ սփիւռքահայ երիտասարդներու Հայաստան գալ-ապրելու երեւոյթը սկսած է նոր թափ ստանալ։ Եթէ հաշուի առնենք յատկապէս Միջին Արեւելեքի հայագաղութները, ապա յստակօրէն պիտի նշմարենք, որ այդ գաղութներուն մէջ միայն ապահովական կամ Մերձաւոր Արեւելքէն «հեռանալու» գաղափարը չէ, որ կը մղէ մեր երիտասարդները Հայաստան տեղափոխուիլ։ Այդ շրջաններուն մէջ հայութեան թիւին յարաճուն նօսրացման զուգահեռ կը ցցուին կրթական համակարգին հետ կապուած տասնեակ խնդիրներ, որոնք սկիզբ կ՚առնեն համալսարաններու կրթաթոշակի թանկութենէն ու կ՚անցնին քաղաքի անվտանգութեան պարունակէն, հասնելու համար խնդրական-էական հարցադրումներու, որոնք սկսած են իրենց շեշտակի տեղը ունենալ յատկապէս երիտասարդ մարդուժ համարուող շրջանակներուն մօտ։ 

Եթէ համալսարաններու կրթաթոշակի թանկութեան եւ միջին խաւերուն համար վճարողունակութեան հարցը Պէյրութի մէջ աւելի ցայտուն է, ապա ապահովութեան եւ անվտանգութեան հարցը երեւելի է Հալէպի, Դամասկոսի, կամ նոյնիսկ Լաթաքիոյ ու Զահլէի նման փոքր համայնքներու պարագային։ Ասոնց վրայ պէտք է բարդել նաեւ ինքնութեան, այդ տեղերուն մէջ հայօրէն, կամ իբրեւ հայ ապրելու «խնդրականութիւն»ը, որ երթալով աւելի կրնայ շեշտուիլ։ 

Սփիւռքի զանազան երկիրներուն մէջ ապրող երիտասարդներ այսօր բոլորովին տարբեր մօտեցումներ ունին։ Անոնց համար այլեւս «կլլելի»՝ ընկալելի չէ վաղ եօթանասունականներուն առկայ մօտեցումը։ 

Բոլորին աչքը յառած է դէպի Հայաստան ու հայրենիքի մէջ իրենց կեանքը շարունակելու հիմնահարցը սկսած է իր արժանաւոր տեղը զբաղեցնել, մանաւանդ անոնց համար, որ կեանքի մէջ իրենց առաջին քայլերը կը նետեն։ 

Այս սերունդը, որ առաւելաբար հասակ նետեց վերջին տարիներուն, այլեւս սկսած է գիտակցիլ, թէ եթէ որոշած է իբրեւ հայ գոյատեւել ու ապրիլ, ապա այդ լիարժէք կեանքը կարելի է գտնել միայն Հայաստանի մէջ։ 

Թերեւս այս մօտեցումը խորթ կը համարուի Լիբանանի, Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու հայկական վերնախաւին համար, սակայն երիտասարդներուն կողմէ բարձրաձայն կերպով հնչած «Լիբանանը հայրենի՞քս է» կամ «Սուրիան հայրենի՞քս է». կը շարունակեն մնալ անպատասխան։

Ու այդ «մեծ լռութեան» դիմաց երիտասարադներ սկսած են հասկնալ, որ իրենք այլեւս ընելիք մը չունին այդ երկիրներուն մէջ։ 

Հարցը աւելի կը շեշտաւորուի մանաւանդ, երբ հաշուի առնենք տիրող «խայտառակ» իրավիճակը Միջին Արեւելքի մէջ, ուր տնտեսական տագնապի կողքին կայ եւ կը տիրէ այնպիսի լարուած դրութիւն մը, որու աւարտին լոյս մը ցարդ չ՚երեւիր։ 

Սուրիոյ պատերազմը հասած է «հասուն» փուլի մը, սակայն Հալէպի շրջակայքը կը շարունակէ թիրախ դառնալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հարուածներուն։ Դամասկոսի մէջ իրավիճակը աւելի «գոհացուցիչ» է, սակայն Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ բանակային պահեստի շարքերը համալրելու կապուած որոշումները զանազան մտահոգութիւններ կ՚առթեն տեղւոյն հայ երիտասարդներուն, կամ անոնց ծնողներուն։ 

Վիճակը աւելի «մխիթարական» չէ Պէյրութի մէջ, ուր տնտեսական բարդ դրութեան ներքեւ «իրենք իրենց իւղով» տապկուող հայկական օճախներու հայր-մայրերը սկսած են աշխոյժ կերպով քննարկել դէպի Հայաստան, Երեւան մեկնելու տարբերակները։

Այս ընդհանուր պատկերին վրայ, ինչպէս վերեւը նշեցի, կրթական համակարգը, աշխատանք գտնելու յոյսը եւ աւելի որակաւոր ուսում ստանալու հեռանկարները կը շարունակեն մեծ կարեւորութիւն հանդիսանալ նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներուն համար։ 

Այս կարեւոր նիւթին կապակցութեամբ լիբանանահայ երիտասարդուհի՝ Անոյշ Թասլաքեանին հետ իմ կատարած հարցազրոյցը լաւագոյն օրինակն է, հասկնալու համար, թէ Հայաստանը այսօր ոչ միայն խաղաղ պայմաններով եւ «արաբական գարնան» տաղտուկէն հեռու երկիր մը է, այլեւ՝ աւելին։ 

Աւելի՛ն է ուսման առումով, աւելի՛ն է կրթական արդիական մեթոտներուն հետ կապ ունենալու առումով եւ աւելին է արդիական հիմնարկներու մէջ աշխատելու եւ ըստ արժանւոյն գնահատուելու առումով։ 

*

-Ի՞նչ տարբերութիւններ գտաք Պէյրութի եւ Հայաստանի ուսումնական մեթոտներուն միջեւ։ Արդեօք կայի՞ն խանգարող տարբերութիւններ, թէ՞ հեշտ էր յամարուիլ ուսումնառութեան այս նոր հանգրուանին:

-Ես այս հարցի շուրջ շատ առարկայական մօտեցում պիտի ունենամ եւ ըսեմ, թէ Լիբանանի համալսարանին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին միջեւ շատ մեծ, հսկայական տարբերութիւն կայ, սկսեալ ուսումնական համակարգէն։ Բոլորին յայտնի է, որ ֆրանսական (Լիբանանի պարագային) եւ ամերիկեան ուսումնական համակարգերը շատ տարբեր են, այդ մէկը որպէս ուսանող ամենամեծ մարտահրաւէր էր ինծի համար։ Հետեւաբար, կրնամ ըսել, որ այո, կան ուսումնական, ուսուցման մեթոտներու տարբեր մօտեցումներ, չմոռնանաք նաեւ միջավայրի փոփոխութիւնը, սակայն կարելի եղաւ այդ բոլորին յարմարուիլ եւ ուսման ընթացքը բնականոն կերպով անցընել:

-Ձեր կարծիքով, մեծ տարբերութիւն կա՞յ Հայաստան ծնած-մեծցած ուսանողին եւ սփիւռքահայ, յատկապէս, Միջին Արեւելքէն Երեւան հաստատուծ ուսանողին աշխարհահայեացքներուն միջեւ:

-Աշխարհահայեացքներու տարբերութեան վերաբերեալ հարցը՝ կրնամ ըսել, որ շատ յարաբերական է, որովհետեւ բազմազան մարդիկ կան. ըլլայ Հայաստան ծնած-մեծցածներու, ըլլայ սփիւռքի զանազան գաղութներէն Երեւան հաստատուածներուն միջեւ: Օրինակ, կան մարդիկ, որ խտրականութիւն կը դնեն, լիբանանահայ կամ սուրիահայ ուսանողները երբեմն շատ մեկուսացած կը զգան։ Ես ալ սկզբնական շրջանին երբեմն մեկուսացած կը զգայի, անշուշտ հիմա այդպէս չէ. բայց միւս ֆաքիւլթէներէն ինչ որ լսած եմ, կան ուսանողներ, որոնք շատ խտրականութեամբ կը մօտենան սփիւռքահայ ուսանողին, կան նաեւ, որ շատ գրկաբաց կ՚ընդունին զանոնք, ինչպէս իմ դասընկերներս: Այս մէկը նաեւ կախեալ է ուսանողէն, եթէ սփիւռքահայ ուսանողը փորձէ ինքզինք մեկուսացնել, կը մեկուսանայ, իսկ եթէ փորձէ շաղուըւիլ, խառնուիլ իրենց հետ, գտնել նոյնանման հետաքրքրութիւններ, այն ատեն բոլոր տարբերութիւնները կը վերանան եւ բոլորը կը դառնան մէկ։

-Յաճախ կը լսենք, որ Հայաստան կրնայ օգտուիլ մանաւանդ բազմամշակոյթ մօտեցում ունեցող՝ սփիւռքէն ժամանած մարդոցմէ, անոնց ստացած գիտութենէն: Որքանո՞վ ճիշդ է այդ մէկը:

-Ինչ կը վերաբերի ձեր նշած պնդման, որ սփիւռքէն օգտուելիք ունի Հայաստանը։ Ի հարկէ ունի, միանշանակ, որովհետեւ, նախ եթէ մարդագրական (տեմոկրաֆիք) տեսանկիւնէ խօսինք, Հայաստանի համար շահեկան է, երբ բնակչութիւնը կը հարստանայ հայերով եւ ոչ թէ արտերկրէն եկած ուսանողներով. ամենապարզ օրինակը հնդիկներն են, որոնք այժմ, այս պահուն լեցուած են Հայաստանի մէջ, ուսման կամ այլ աշխատանքային նպատակներով։ Հայաստանը անշուշտ պիտի նախընտրէ եւ կարիքը ունի հայազգի ուսանողի, աշխատողի կամ սփիւռքէն եկած մասնագէտի, որ միեւնոյն ժամանակ տարբեր մշակոյթի կրողն է։ Անշուշտ, ոչ միայն Երեւանի, այլեւ մարզերուն համար, որովհետեւ ինչպէս միշտ՝ մարզերը արհամարհուած են: Կը կարծեմ պետութիւնը պէտք է մարզերուն մէջ եւս համալսարանական ծրագրեր ունենայ, որպէսզի ուսանողներ նաեւ այնտեղ լեցուին եւ մարզերը եւս ետ չմնան ու միայն Երեւանը չյառաջանայ:

-Այսօր երբ արդէն Հայաստան կ՚ապրիս, Լիբանանը ի՞նչ նշանակութիւն ունի քեզի համար։ Արդեօք Հայաստան կրցա՞ւ փոխարինել Լիբանանը: Հայաստան իր արդար տեղը գրաւե՞ց քու հոգեբանութեանդ, քու աշխարհահայեացքիդ, քու մշակոյթիդ մէջ:

-Հայաստանը, ո՛չ, Լիբանանը չի փոխարիներ, բայց երբ արձակուրդիս երկու ամիսով Լիբանան գացի, այդ յագեցումը չզգացի: Ինչ կը վերաբերի իմ հոգեբանութեան, ես զիս լիարժէք չէի զգար Լիբանանի մէջ, եւ Հայաստան վերադառնալէ ետք, այդ չփոխուեցաւ, մէկը միւսը չլրացուց: Ինծի կը թուի, որ ամէն ինչ կախեալ է ինձմէ. ես կը ստեղծեմ, ես կը պահպանեմ իմ ուրախութիւնը, իմ երջանկութիւնը, իմ գործունէութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ, ըլլայ ան ուսումնական կամ աշխատանքային:

 -Ի՞նչ երազներ կը կապես այս երկրին հետ։ Արդեօք կ՚ուզե՞ս վերջնականապէս հաստատուիլ եւ աշխատանքային ասպարէզդ հոս շարունակել, թէ՞ կ՚ուզես յարմար առիթով մը աւելի յառաջադէմ երկիր մը մեկնիլ:

-Աշխատանքային ասպարէզի տեսակէտէ, հաստատուելու միտքեր կան ի հարկէ, այնպէս չէ, որ այս երկիրը խոստմնալից երկիր չէ: Ես շատ մեծ յոյսեր կը ներդնեմ այս երկրին, որովհետեւ, սփիւռքահայուն՝ հայրենիքի կապուածութեան զգացումները կան։ Ինչ կը վերաբերի իմ ասպարէզին, շատ խոստմնալից է, որովհետեւ հանրային առողջապահութեան ոլորտին մէջ շատ մեծ քայլեր կ՚առնուին, այս ոլորտը զարգանալու ճամբուն վրայ է։ Այդ մէկը ես տեսայ հանրային քննարկումներու ժամանակ, որոնք տեղի ունեցան Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի գործակցութեամբ, որոնց ես ալ մասնակից էի եւ շատ դրական մթնոլորտ կը տիրէր այնտեղ, երեւելի էր, որ գործ պիտի տարուի եւ միայն դատարկ խոստումներ չեն:

Ես մեծ յոյսով կը նայիմ այս ամէն փոփոխութիւններուն եւ ի հարկէ այո՛, կարելի է հաստատուիլ այստեղ աշխատանքի համար։ Մեր ոլորտին մէջ կը կատարուին շատ դրական քայլեր, որու համար ես միայն ուրախ կրնամ ըլլալ։

http://www.jamanak.com/content/հարթակ/2-02-2019-ի՞նչ-պատճառներով-միջին-արեւելքի-երիտասարդները-կ՚ուզեն-ուսանիլ-երեւանի-մէջ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın