İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ԳԱՐԻՆ ՔԻՒՉԻՒՔՕՂԼՈՒ ՅԱՋՈՂ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի եւ մեներգչուհի Գարին Քիւչիւքօղլու վերջերս համերգով մը հանդէս եկաւ Աթէնքի մէջ։ «Քոտալի» երաժշտանոցի նախաձեռնութեամբ եւ անոր երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որ ձօնուած էր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին։ Գարին Քիւչիւքօղլուի նուագակցեցաւ դաշնակահարուհի Քրիստին Թոքաթլըեան։ Սոյն ծրագրով միեւնոյն ժամանակ նշուեցաւ «Քոտալի» երաժշտանոցի հիմնադրութեան 30-ամեայ յոբելեանը։

Համերգի ընթացքին սրահը ամբողջութեամբ լեցուած էր երաժշտասէրներու կողմէ՝ հակառակ, որ այս երաժշտանոցը Աթէնքի կեդրոնէն որոշ չափով հեռու է։ Ունկնդիրներու շարքին կը գտնուէին նաեւ բազմաթիւ յունահայ երաժշտասէրներ։ Գարին Քիւչիւքօղլու իր յաջող կատարումներով խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ, որոնք ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին զինքը։

http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/31-01-2019-մեներգչուհի-գարին-քիւչիւքօղլու-յաջող-համերգով-մը-հանդէս-եկաւ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın