İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՍԱՔԸԶԱՂԱՃԸԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԻՒՖԹԻՆ

Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան նախընթաց օր Սաքըզաղաճըի Արքեպիսկոպոսարանին մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի գլխաւոր միւֆթի Փրոֆ. Հասան Քեամիլ Եըլմազը։ Այցելութեան ընթացքին միւֆթիին ընկերացաւ իր օգնականը՝ Ճանէր Աքտեմիրլի։ Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդները շուրջ ժամ մը զրուցեցին սիրալիր մթնոլորտի մէջ։ Ընդունելութեան ընթացքին Զեքիեան Գերապայծառի կողքին էին քաղաքիս Հայ կաթողիկէ կղերի ներկայացուցիչները եւ Արքեպիսկոպոսարանէն պատասխանատուներ։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/26-01-2019-զեքիեան-գերապայծառ-սաքըզաղաճըի-մէջ-հիւրընկալեց-իսթանպուլի-միւֆթին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın