İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒՀԻՆ

Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մարզական կեանքին մէջ հալէպահայութիւնը նկատառելի ներդրում ունեցած է: Հայկական ակումբներ, ինչպէս նաեւ մարզիկներ յաճախ Սուրիոյ ախոյեան հանդիսացած են: Հայ մարզիկներ իրենց անունը ոսկեայ տառերով արձանագրած են Սուրիոյ մարզաշխարհի պատմութեան մէջ:

Սուրիոյ աղջկանց Թենիսի պատմութեան մէջ Մարի Մուրատեան կը համարուի  ամէնէն փայլուն աստղերէն մէկը։ Մարին մանկութեան կամ պատանեական տարիքին չէր որոշած թենիսի մասնագիտացած խաղցող ըլլալ, ան այս որոշումը առած էր 25 տարեկանին, երբ իր միակ մարզիչը՝ Աբրահամ Քէշիշեանը,– որ Մարիին եւ բոլոր թենիս խաղցողներուն կողմէ կոչուած էր՝ Սուրիոյ թենիսի հայր,– քաջալերած էր Մարին, որպէսզի թենիսի խաղին հետեւի։

1971-ին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ թենիսի աղջկանց ախոյեանութեան առաջին մրցումը, որուն ախոյեանութիւնը խլեց Մարի Մուրատեան։ Յաջորդող տարիներուն Մարին մէկէ աւելի անգամներ դարձաւ Սուրիոյ  ախոյեան։

Մարի եղած է եւ կը մնայ  օրինակելի տիպար մը բոլոր այն երիտասարդներուն  համար, որոնք իրենց մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերուն հեռու մնացած են մարզանքէն, սակայն միշտ ալ փափաք ունեցած են մարզիկ դառնալու… Մարիի օրինակը ինքնին կը հաստատէ, որ տարիքը պարզապէս թիւ մըն է, որ երբեք չի խոչընդոտեր ոեւէ երիտասարդի մասնագիտացած մարզիկ ըլլալու նկրտումներուն ու յառաջընթացին… Կարեւորը նպատակ ունենալն ու մարզուիլն է:

Մարին Սուրիոյ անունով մասնակցած է նաեւ միջազգային մրցումներու: Հալէպի մէջ ան տարիներ շարունակ մարզած է հարիւրաւոր հայ պատանիներ եւ երիտասարդներ: Եղած է նաեւ Ազգ. վարժարաններէ ներս մարմնամարզի ուսուցչուհի եւ իր աշակերտներէն շատերը քաջալերած մասնագիտանալու իրենց նախասիրած մարզանքին, յատկապէս պասքեթի եւ թենիսի մէջ:

http://www.kantsasar.com/news/2019/01/26/41734/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın