İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԸ ՕԺՏՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐ ՔԱՀԱՆԱՅՈՎ

Ուրախութեամբ կ’արձանագրենք եւ մեր ժողովուրդի զաւակները կը տեղեկացնենք, որ Բերիոյ Հայոց Թեմը, յատկապէս Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանը ունեցաւ իր մնայուն քահանան: Արդարեւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան համախորհուրդ Ազգ. Իշխանութեան (Կրօնական Ժողով եւ Ազգ. Վարչութիւն) եւ  ընդառաջելով Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան, տնօրինում կատարեց, որ մշտական քահանայ մը իբրեւ հոգեւոր հովիւ ծառայէ Սուրիոյ ծովափի հայութեան:

Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան պաշտօնական խնդրագիրով ներկայացաւ թեմակալ Առաջնորդին, ինչպէս նաեւ իր հոգեւոր ծառայութեան նախկին շրջանէն՝ Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդէն բարի վարուց վկայութեամբ, գործադիր իշխանութեան քննարկումներէն յետոյ, նշանակուեցաւ Լաթաքիոյ եւ ծովափի հոգեւոր հովիւ: Արդէն նոր տարուան յաջորդող օրերուն Տ. Վազգէն ժամանեց Լաթաքիա՝ Ս. Ծննդեան տօնին եւ ժողովրդային տնօրհնէքներուն սկսելու համար:

Շաբաթ, 19 Յունուար 2019-ին, Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանը ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան անդամ Տիար Պետրոս Յովհաննէսեանին, ժամանեց Լաթաքիա եւ աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ շրջանի Թաղականութեան եւ նորանշանակ քահանային հետ:

Կիրակի, 20 Յունուար 2019-ի առաւօտուն, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, քահանայ հայրը մատուցեց պաշտօնական անդրանիկ պատարագը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ ընդգծեց ծառայութեան գերազանց արժէքը հայ եկեղեցւոյ ու մանաւանդ եկեղեցականի կեանքին մէջ, որ սակայն պայմանաւորուած է «Գերագոյն պատուիրանով՝ սիրով, անարատ սրտէ, մաքուր խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէ» (Ա. Տմ. 1.5):

Ս. եւ Անմահ պատարագէն յետոյ «Գանձասար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական շնորհաւորանք Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային իշխանութեան, Թաղականութեան ու մանաւանդ Քահանայ Հօր:

Ուրախութեան եւ ցնծութեան մթնոլորտին մէջ հաւատացեալ ժողովուրդը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այս տնօրինումին համար եւ մեծ խանդավառութեամբ եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ ազգային կեանքին կառչելու յանձնարարութեամբ վերադարձան իրենց տուները:

Թող Ամենակալը օրհնէ՛ նորանշանակ քահանայ հայրը իր առաքելութեան ու ծառայութեան մէջ:

Թղթակից

http://www.kantsasar.com/news/2019/01/25/41686/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın