İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ԼԻԺԻ ՓՈՒԼՃՈՒ ՉԻԶՄԵՃԵԱՆ ՄԱԿԱԳՐԵՑ ԻՐ ԳԻՐՔԵՐԸ

Մեր համայնքի երէց սերունդի կրթական մշակներէն Լիժի Փուլճու Չիզմեճեան շաբաթավերջին մակագրեց իր գիրքերը Նոթրը Տամ տը Սիոն ֆրանսական լիսէին մէջ։ Որպէս այդ լիսէի երիցագոյն սաներէն մին՝ ան մասնակցութիւն բերաւ շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքին։ Նոյն ծիրին մէջ, այս ֆրանսական լիսէն աւարտած հեղինակները կը մակագրէին իրենց գիրքերը։ Լիժի Փուլճու Չիզմեճեանն ալ այս ամբողջին մէջ գրասէրներուն համար ներկայացուց իր գիրքը, որ կը կոչուի «Իսթանպուլի մէջ կորստեալ ժամանակներ»։ Պոլիսէն մինչեւ Փարիզ կ՚երկարին իր յուշերը, որոնք ամփոփուած են երկու գիրքի մէջ։ Դպրոցի սաները անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերեցին երէց շրջանաւարտուհիի յուշերուն նկատմամբ։ Ան գիրք մըն ալ մակագրեց թերթիս ընտանիքէն Այլին Գօչունեանի համար։

Լիժի Փուլճու Չիզմեճեան 1924-ին ծնած է Իսթանպուլի մէջ։ Նոթրը Տամ տը Սիոն ֆրանսական լիսէն աւարտելէ վերջ, Իսթանպուլի համալսարանի Գրականութեան ֆաքիւլթէէն ներս ուսանած է անգլիական գրականութիւն։ Նոյն համալսարանի ֆրանսական գրականութեան բաժինն ալ աւարտած է եւ Փրոֆ. Ռիռի Քեմալոֆի առաջարկով թեզ մը պատրաստած է Մարսել Փրուստի գրականութեան վրայ։ Իր աւարտած լիսէին մէջ դասաւանդած է անգլերէն։ 1950-ականներու երկրորդ կէսին կրթաթոշակով մեկնած է Փարիզ, ուր տոքթորականը ըրած է ֆրանսական գրականութեան ճիւղին մէջ՝ մասնագիտանալով Մարսել Փրուստի վրայ։ Այդ կրթաթոշակը տրամադրուած է Ֆրանսայի Գիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային կեդրոնին կողմէ։ 1970-ականներու սկիզբին վերադարձած է Նոթրը Տամ տը Սիոն, ուր տասն տարի այս անգամ դասաւանդած է ֆրանսերէն։ Ան ունի նաեւ ֆրանսերէնով անտիպ պատմուածքներ եւ վէպեր։

Իր ներկայ յուշերու գիրքը ընթերցողները կը հրապուրէ անմիջական ու ջերմ ոճով։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/24-01-2019-վաստակաւոր-կրթական-մշակ-լիժի-փուլճու-չիզմեճեան-մակագրեց-իր-գիրքերը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın