İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Նահատակութեան 12-րդ Տարելիցին Հրանդ Տինքի Յիշատակին

12 տարի առաջ,19 Յունուար 2007 թուականին,ժամը 15.00 ին, Իսթանպուլի ՛՛Ակօս՛՛ թերթի խմբագրատան դռան առջեւ, Թուրք ազգայնականներու կողմէ սպաննուեցաւ Հայազգի մտաւորական Հրանտ Տինք:
Անոր նահատակութիւնը ,Թուրք եւ Հայ հասարակութեան կեանքը բաժնեց ՛՛Հրանտ Տինքէ Առաջ՛՛ եւ ՛՛Հրանտ Տինքէ Յետոյ՛՛ ըլլալով երկու ժամանակահատուածներու: Հրանտ Տինքի նահատակութիւնը,հայ իրականութեան, Թուրք հասարակութեան լայնախոհ եւ մտաւորական խաւերու կողմէ, ալ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար իւրաօրինակ ազդակ մը դարձաւ: Շատեր, արդէն գիտակցած էին որ, Հրանտ Տինք ,ոչ թէ միայն հայերու իրաւունքներու պաշտպանն է, ալ նաեւ, բոլոր անոնց, որոնց մարդկային հիմնական իրաւունքները սահմանուած է.
Հրանտ Տինքի եղերական նահատակութեան յաջորդ օրն իսկ, հազարաւոր մարդիկ փողոց իջան եւ բողոքաքայլով ու ՛՛Մենք բոլորս հայ ենք,բոլորս Հրանտ Տինք ենք՛՛ պաստառներով դատապարտեցին այս դառն եղեռնը.
Ըստ էութեան ,Թուրքիոյ տարբեր հարթակներու մէջ սկսաւ մարդկանց իրաւունքներու , Ազատութեան եւ Արդարարութեան մասին խօսիլ,արծարծել եւ նիւթը օրակարգի բերել:
2008-2009 թուականներէն սկսեալ Թուրքիոյ մէջ, սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսիլ եւ զանազան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ 24 Ապրիլի եւ 1915-ին նահատակուած հայ մտաւորականներու յիշատակութեան օրեր.Ապրիլ 2016 թուականը ,Թուրք եւ Հայ հասարակութեան կեանքի համար շրջադարձային թուական մը եղաւ: Հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան ,Թուրք խորհրդարանի մէջ հանդէս գալով պահանջեց թէ, յանձնաժողով մը ձեւաւորել որը, քննէ ,1908-1915 թուականներու Օսմանեան Կայսրութեան խորհրդարանի հայազգի 7 պատգամաւորներ, Գրիգոր Զօհրապ,Պետրոս Հալաճեան,Նազարէթ Տաղաւարեան,Կարապետ Փաշաեան,Յովաննէս Սէրէնկիւլեան,Օննիկ Դերձակեան, Համբարձում Պօյաճեան ի ձեռբակալութիւնը եւ սպաննութեան գործերը. 12 տարի առաջ եւ նախապէս ,նման բան երեւակայլն իսկ կարելի չէր:
Հրանդ Տինք , այնպիսի հայ մտաւորական մըն էր որ, կը հասկնար ու իր սիրտին մէջ կ՛զգար ,իր սեփական ժողովուրդի ապրած խոր ցաւը ու նաեւ իր ուսերուն վրայ կը կրեր այդ բեռը:
Ան իր վերջին յօդուածներէն մէկուն մէջ գրած էր որ, ՛՛Վախցուած աղաւնու հոգեվիճակի մէջ է, աղաւնիները իրենց գոյութիւնը կը շարուակեն քաղաքի խորքերու եւ մարդկանց խիտ բազմութեամ մէջ,գուցէ մի քիչ վախկոտ բայց անկախ՛՛:
Այսօր բարեբախտաբար Հրանտ Տինքի գաղափարնակիցները  քիչ չեն: Արդարմտութեան եւ ազատութեան գաղափարակիր Հրանտ Տինք ,այսօր իսկ իր գաղափարակիցներու միջոցով կը շարունակէ պայքարիլ եւ իրականացնել իր առաքելութիւնը:

 

Ըստ ժամանակակից փորձագէտներու եւ ընկերաբաններու կարծիքով , ժողվրդավարական հասկացողութեամբ անցեալի հետ հաշտուելով եւ քաղաքական ու գաղափարախօսական  շահերը մէկդի ձգելով ,իրաւունքները ու արդարութիւնը առաջ քաշելով եւ նաեւ  խիղճի ձայնին ականջ տալով կարելի է ատելութիւններէն ու ոխէն ծնունդ առնող բռնի ուժի գործածութիւնները եւ սպանութիւններու առաջքը  մասամբ առնել:

Իսկ միւս կողմէ ալ,յառաջացած ժամանակակից ժողովրդավարութեան համակարգը եւ ողջամտութիւնը,անցեալը ուրանալ եւ ժխտելը, ոտնահարուած ու բռնագրաւուած  իրաւունքներըուն չի վերդարնալը, մարդկանց իրաւունքներու անյարգանքութիւնը  կ՛ընկալէ որպէս ,մարդկութեան դէմ գործուած  ՛՛Լուրջ Յանձագործութիւն՛՛:

19 Յունուար 2007 թուականին անողոքօրէն սպաննուող Հայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպաննութիւնը եւ Հայոց ՛՛Մեծ Սուգի Օր՛՛ 24 Ապրիլի  հանդիպող Սուրբ Յարութեան Տօնի օր,Պաթմանի մէջ զինուորական պարտականութիւնը կատարող Թուրք բանակի զինուոր հայ  ազգի Սեւան Պալըքճըի հրացանով սպաննութեան խոր ու մութ մնացած կէտերը դեռ չեն լուսաբանուած:Այս երկու դէպքերու եւ նմանատիպ  դէպքերուն  վարագոյրի ետինին մնացած մութ կէտերուն չի լուսաբանուիլը ,մարդկանց միտքին ու սիրտին մէջ անհանգիստութիւններու,մտահոգութիւններու եւ մտավախութիւններու ծնունդ կու տայ եւ կ՛ստեղծէ նաեւ ատելութեան ու ոխի զգացումներ: Հետեւաբար  ի հարկ շեշտել թէ, հոս ՛՛Արդարադատութիւնը՛՛  շատ մեծ  պատասխանատուութիւն ունի եւ ամէն պարագային պէտք է որ, արդարադատութեան վստահիլ եւ արդարադատութեան դատարանի  հռչակած որոշումները յարգել ու հնազանդիլ,սակայն հոս պայման է նաեւ,արդարադատութեան  ճիշտ ու առողջ աշխատութիւնը եւ օրէնքներուն  արդար կիրարկումը :

Ըստ իս,Հրանդ Տինքի եւ Սեւան Պալըքճըի սպաննութեան եւ նմանաձեւ սպաննութիւներու վարագոյրի ետեւի մնացած մութ կէտերուն լուսաբանութիւնը  կախեալ է, արդարատութեան եւ օրէնքներու ճիշտ ու առողջ ձեւով գործածութիւնէն, որը կապուած է Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ մինչեւ մեր օրերուն  հասնող Իթթհատական  մտայութեան հետ:

Ըստ իս,երբ որ, Թուրքիոյ մէջ,Իթթհատական մտածելակերպը կը հարցաքննուի եւ անցեալի հետ կը հաշտուի ,այդ պարագային է որ,  վարագոյրի ետին մնացած մութ կէտերուն լուսաբանութիւնը կարելի կրնայ ըլլալ:

Երբ որ, արդարատութիւնը ,ճիշտ ու առողջ արդարութիւն չի բաժներ ,այդ պարագային ,մարդկանց մտավախութիւնը ու մտահոգութիւնը կը շարուանկէ եւ խիղճերը չի հանգստանար:Սակայն,ամէն պարագային պէտք չէ որ, յուսահատուիլ ,Հրանդ Տինք,Սեւան Պալըքճը եւ նմանաձեւ սպանութիւներուն մութ կէտերու լուսաբանութիւնը,կրնայ յառաջացած ժողովրդարարութեան գործընթացքի մէջ իրականալ եւ իբրեւ նոր լոյս մը կրնայ ըլլալ եւ նաեւ Իթթհաթական մտածելակերպը հարցաքննելու առիթ մը ստեղծել, որը, անտարակոյս,  հզօր Թուրքիոյ իշխանութեան նոր ուժ մը եւս աւելցնելով ,ալ աւելի հզօր կը դարձնէ:

Անողոք սպանութիւնով մահացած եւ մեզմէ փրցուած հանգուցեալ Հրանդ Տինքի անուարանլի վաստակը  եւ  անմոռանալի բարի յիշտակները պիտի ապրին մեր յիշողութեան մէջ,ամէն տարի 19 Յունուարին զայն պիտի ոգեկոչենք ու պիտի յիշենք, ոչ թէ միայն մեր երատագիտութեան պարտք վճարելու համար,այլեւ անոր գաղափարները,միտքը, եւ մեզի բացատրել ուզածներւ անգամ մը եւս լաւ հասկնալու եւ ըմբռնելու համար:

Լոյսերու ու վարդերու մէջ նջէ սիրելի ՛՛Չութակ՛՛:

Մեծ յարգանք Հրանդ Տինքի եւ Ժողովրդարութեան բոլոր նահատակներու յիշատակին:

Տքթ.Սարգիս Ատամ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın