İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ Է, ՈՐ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՈՒՆԵՆԱՅ ԻՐ ԳԱՀԱԿԱԼԸ»

Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի առկայ վիճակը։

-Պոլսոյ համայնքը մեր հայ իրականութեան կարեւորագոյն հաւաքականութիւններէն մին է։ Պոլիս եղած է արեւմտահայ մեր մտքի, մշակոյթի օրրանը։ Այսօր ալ պոլսահայ կեանքը բացառիկ նշանակութիւն ունի՝ Պատրիարքարանով, դպրոցներով, միւս բարենպատակ հաստատութիւններով, ակումբներով եւ մամուլով։ Պոլսոյ մէջ է հայաշխարհի ամենաաշխոյժ համայնքներէն մին։

Դժբախտաբար, պատրիարքը անբուժելի հիւանդութեան բռնուած է։ Միշտ կ՚աղօթենք իրեն համար՝ որպէսզի Աստուած զինքը առարկայ դարձնէ իր հրաշագործութեան, բայց բժշկական տեսակէտէ իր հիւանդութիւնը անբուժելի է։ Սա տագնապ մը ստեղծած է անխուսափելիօրէն պոլսահայ կեանքէն ներս։ Մեր մաղթանքն է, որ Ազգային Սահմանադրութեան նախընթացներու եւ Թուրքիոյ պետական օրէնսդրութեամբ նախատեսուած ընթացակարգերով ակնկալուած ձեւի համադրութեան ճանապարհով այլեւս ըլլայ ընտրութիւն մը։ Շատ կարեւոր է այս ընտրութեան կատարուիլը, որովհետեւ շատ կարեւոր է, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ունենայ իր գահակալը։

 

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019

http://www.jamanak.com/content/%D5%A9%D6%80%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%AF%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D6%84/14-01-2019-%C2%AB%D5%B7%D5%A1%D5%BF-%D5%AF%D5%A1%D6%80%D5%A5%D6%82%D5%B8%D6%80-%D5%A7-%D5%B8%D6%80-%D5%BA%D5%B8%D5%AC%D5%BD%D5%B8%D5%B5-%D5%BA%D5%A1%D5%BF%D6%80%D5%AB%D5%A1%D6%80%D6%84%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6-%D5%A1%D5%A9%D5%B8%D5%BC%D5%A8-%D5%B8%D6%82%D5%B6%D5%A5%D5%B6%D5%A1%D5%B5-%D5%AB%D6%80-%D5%A3%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%AC%D5%A8%C2%BB

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın