İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ԸՆԹԵՐՑՈՒԵՑԱՒ ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա.-Ի ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով 2019 թուականը հռչակուեցաւ «Հայ Մամուլի Տարի»: 
Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, բացուող նոր տարուան բարեպատեհ առիթով, Վեհափառը այժմէական նիւթ մը մեր ժողովուրդի ուշադրութեան առարկան կը դարձնէ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ գործող բոլոր թեմերէն ներս Վեհափառ Հօր հռչակագիրը փոխան քարոզի կը կարդացուի:
Արդարեւ, Կիրակի 13 Յունուար 2019-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս կարդացուեցաւ Հռչակագիրը: 
Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս.եւ Անմահ Պատարագի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան կարդաց հայրապետին հռչակագիրը, որ լուսարձակի տակ կ’առնէ հայ մամուլին իմաստը, արժէքը, պատմականը, դիմագրաւած դժուարութիւնները, մարտահրաւէրները, լրատուական ասպարէզին կարեւորութիւնը, գիրին եւ գրականութեան իւրայատուկ ազդեցութիւնը եւ ի վերջոյ ցուցմունքներ եւ թելադրութիւններ` արժեւորելու համար «Հայ Մամուլի Տարին»:
Թող հայ մամուլը ընդմիշտ տարածուի, ի խնդիր հայապահպանման եւ հոգեմտաւոր ու հայկական արժէքներու տարածման:

http://www.kantsasar.com/news/2019/01/14/41349/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın