İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՑՆԾՈՒԹԵԱՆԲ ՏՕՆԵՑ ԱՄԱՆՈՐՆ Ս.ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ

Կիրակի, 6 Յունուար 2019-ի առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Գամիշլիի Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Տեառն մերոյ Յիսուս Քիիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Պատարագը մատուցեց եւ Ջրօրհնէքը կատարեց Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեան։ Պատարագի ընթացքին հոգշ. հայր սուրբը կարդաց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ.Տ.Շահան Ս.Արք.Սարգիսեանի Հայրական պատգամը ուղղուած Ճէզիրէի հայութեան։ Աւարտին, հաւատացեալ ժողովուրդը հայր սուրբին եւ դպրաց դասին առաջորդութեամբ ուղղուեցաւ դէպի առաջնորդարանի շրջափակը, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին ընկերակցութեամբ, ուր տեղի ունեցաւ հնչեցին ազգային երգեր։ Ապա հայր սուրբը ֆահլիճէն ներս ընդունեց ազգային մարմիններուն եւ ներկայ ժողովուրդին շնորհաւորութիւններն ու բարի մաղթանքները։ Իսկ Երկուշաբթի, 7 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս.Եւ Անմահ Պատարագ, ի Յիշատակ մեռելոցի։ Ապա ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, գլխաւորութեամբ Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանի։

http://www.kantsasar.com/news/2019/01/12/41318/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın