İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

2019 տարին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս հռչակեց «Հայ Մամուլի Տարի»։ Արդարեւ, Կիրակի, 12 Յունուար 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին պիտի ընթերցուի Վեհափառ Հայրապետին Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը։

Կոնդակին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտելէ ետք հայ մամուլին կարեւորութիւնը՝ կոչ կ’ուղղէ.-

2019 մեր թեմակալ առաջնորդներուն, ազգային իշխանութիւններուն, մեր քոյր կազմակերպութիւններուն ու հայ մամուլի օրկաններուն՝ հանդիսութիւններու, սեմինարներու, համագումարներու, դասախօսութիւններու, ցուցահանդէսներու կամ հրատարակութիւններու ճամբով, լուսարձակի տակ բերելու հայ մամուլին եզակի կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։

2020 Հայաստանի մէջ պետական, իսկ Սփիւռքի մէջ համայնքային պատասխանատուներուն, գործնական միջոցներով նեցուկ կանգնելու հայ մամուլին՝ շեշտելով անոր վիճակուած բազմակողմանի դերը։

2021 մեր ունեւոր ազգայիններուն, հայ մամուլին տրուած պատահական նուիրատուութիւններէն անդին, յատուկ հիմնադրամներ հաստատելու՝ հայ մամուլին արդիականացման եւ ընդհանրապէս վերակազմակերպման սատարող ծրագիրներու իրագործման։

2022 խմբագիրներու ու լրագրողներու պատրաստութեան ու վերաորակաւորման յատուկ դասընթացքներ հաստատելու, յատկապէս Սփիւռքի մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է նման նախաձեռնութեան դիմելու՝ գործակցութեամբ հայ մամուլի պատասխանատուներուն։

2023 մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, հեռու մնալու կայքէջերու ճամբով հրամցուող ընդհանրապէս անորակ ու անդիմագիծ մամուլէն, եւ իրենց ամուր կապուածութիւնը գործնապէս արտայայտելու տպագիր հայ մամուլին նկատմամբ, բաժանորդագրուելով եւ հաղորդ դառնալով անոր բովանդակութեան։

http://www.kantsasar.com/news/2019/01/10/41223/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın