İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սփիւռքի Նախարարութեան լուծարման որոշումը տարօրինակ թուեցաւ շատերուն, յատկապէս սփիւռքահայերուն, որովհետեւ Հայաստանի ներկայ զարգացումներուն հետեւելով Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւնները նոր որակի բարձրացնելու ռազմավարութեան մը որդեգրումը կ՛ակնկալէինք, անկախ ձեւականութիւններէն, այս յարաբերութիւնները զուտ տնտեսական կամ զբօսաշրջութեան շահերու դիտանկիւնէ ըմբռնողներու հայեցակէտերէն, համահայկական ժողովներէն, հանդիսութիւններէն եւ այլն:

Հաւանաբար նախարարութիւնը չեղեալ համարելու  քայլը արդիւնք էր նախորդ տարիներուն Սփիւռքի Նախարարութեան  գործառոյթներուն մէջ յստակ ռազմավարութեան մը բացակայութեան կամ իրականացած ձեռնարկներուն յարաբերական եւ համահայկական հնչեղութեան իմաստով կեցուածքներու, մօտեցումներու մերձեցման ծառայելուն մէկտեղ, գործնական, շօշափելի արդիւնքներու բացակայութեան: 

Այո, համահայկական հարցերու քննարկման եւ միացեալ որոշումներու կայացումին համար այլ հարթակներ կարելի է օգտագործել եւ նուազ ծախսալից միջոցներ որդեգրել, սակայն Սփիւռքի եւ Հայրենիքի կարելիութիւններուն համընդհանուր օգտագործման համար յստակ ռազմավարութիւն, մտաւորական, տնտեսական կարելիութիւններ եւ մարդուժ պէտք է տրամադրել: Այս բոլորը իրականացնելու համար փոխգործակցութեան նպատակային ծրագիր ունենալու ենք բնականաբար: Ծրագիր մը, ուր արձանագրուած ըլլան իւրաքանչիւր կողմին կարելիութիւնները, աշխատանքային դաշտին տարածքը, օգտագործելի լծակները եւ այլն:

Այսօր, անկախութենէն  քառորդ դար ետք, տակաւին կը նշմարենք Սփիւռք-Հայրենիք փոխադարձ ճանաչողութեան հսկայ բաց մը, փոխադարձ կարելիութիւններու արժեւորման թերի գնահատում մը:

Հայրենակեդրոն կամ սփիւռքակեդրոն գործունէութեան կոչերէն անդին, անհրաժեշտ է նախ լաւապէս ըմբռնել իւրաքանչիւրին էութիւնը, բազում կարելիութիւնները, դիմագրաւած դժուարութիւնները, պահանջներն ու գոյութեան իմաստն ու կարեւորութիւնը համահայկական ընդհանուր պատկերին մէջ:

Աւանդական Սփիւռքը, օրինակ, երբ կը պայքարի ոչ միայն իր գոյութիւնը, այլեւ ողջ արեւմտահայ մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը պահելու եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցելու համար, հսկայ աշխատանք ունի տանելու: Իսկ այս աշխատանքին սատարելը ոչ դասագիրքերու փոխանակումով կ՛իրականանայ, ոչ ալ ժողովներով կամ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներով: Անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ նպատակային քաղաքականութիւն մշակել, այդ ուղղութեամբ միացեալ ռազմավարութիւն որդեգրել եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի ձեռնարկել: Ասիկա օրինակ մըն է միայն: Այս առումով ի՞նչ կատարուած է մինչեւ հիմա:

Միւս կողմէ, Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական շահերուն սատար հանդիսանալու ինչպիսի՞ քաղաքականութիւն որդեգրած է Սփիւռքը, ընդհանուր առմամբ, անկախ աւանդական կուսակցութիւնենրու տարած ողջունելի աշխատանքէն, Հայ Դատի գրասենեակներուն օգտագործած քաղաքական լծակներէն, անհատ բարերարներու ժամանակաւոր ներդրումներէն: Սփիւռքը իր կարելիութիւններուն քանի՞ առ հարիւրը օգտագործած է այս նպատակին ծառայելու համար: Որքանո՞վ յաջողած են «Դէպի Երկիր» կամ «Հայրենադարձութիւն» կարգախօսերը, ինչպիսի՞ քաղաքական, տնտեսական օգտագործելի լծակներ ունի Սփիւռքը եւ որքանո՞վ օգտագործած է զանոնք: Տակաւին չենք խօսիր ոչ-աւանդական Սփիւռքին, անոր կարելիութիւններուն մասին:

Պարզ հաշուարկով մը երկպալատ խորհրդարան ունենալով, Հայաստանի մէջ  սփիւռքահայութեան իրաւական ներկայութիւնը ամրագրելով, Սփիւռքի կառոյցներուն հետ փոխադարձ յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելով եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի ռազմավարութիւն մը ճշդելով Սփիւռքի Նախարարութիւնը կարելի է վերածել շարժիչ ուժի, փոխշահաւէտ ծրագիրներ իրականացնող գործարանի մը իրողապէս: Գործարան մը, որ ոչ թէ տնտեսական բեռ պիտի ըլլայ պետական պիւտճէին, այլ արդիւնաւէտ ու հասոյթ ապահովող գերատեսչութիւն մը, ուր պիտի հանդիպին գործարարն ու քաղաքական գործիչը, մտաւորականն ու կրթական մշակը, կրօնաւորն ու գիտնականը, եւ այս բոլորին հաւաքական աշխատանքին, գործակցութեան արդիւնքով պիտի արդիւնաւորուի Սփիւռքի Նախարարութիւնը: 

Հսկայ Սփիւռք ունեցող երկիր մը, այլապէս, չի կրնար երկրորդական համարել կամ ձեւական չափորոշիչներով կառավարել Սփիւռք-Հայրենիք գործակցութեան զգայուն դաշտը:   

«Գ.»   

http://www.kantsasar.com/news/2019/01/10/41225/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın