İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀԱՅՐԵՆԻ ԳՐՈՂ ՖԵԼԻՔՍ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆԻ ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի հովանաւորութեամբ   25 Դեկտեմբերին,  Հալէպի Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան սրահէն ներս տեղի  ունեցաւ հայրենի գրող Ֆելիքս Բախչինեանի սուրիահայերուն նուիրուած եռագրութեան՝ «Հալէպ՝ Փրկութեան Ափ», «Déjà vu. ՀալԷպ Սիրոյ եւ մահուան Հովիտ» եւ «Մի Գիշեր Աթաթուրքի Սենեակում» գիրքերուն շնորհանդէսը:

Շնորհանդէսին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով: Այնուհետեւ ներկաները մէկ վայրկեան յոսնկայս լռութեամբ յարգեցին Սուրիոյ պատերազմի զոհերուն յիշատակը:

Բացման խօսքով հանդէս  եկաւ  ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան: Ապա ցուցադրուեցաւ Ֆելիքս Բախչինեանի «Մի Գիշեր Աթաթուրքի Սենեակում» վէպին բեմագրութեամբ նկարահանուած «Մի Գիշեր Պարոն Հիւրանոցում» շարժանկարը (բեմադրիչ՝ Եդուարդ Տէր Սահակեան):

Ֆելիքս Բախչինեանի կեանքին եւ գրական գործունէութեան մասին զեկոյցով  հանդէս եկաւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հալէպի մասնաճիւղի վարիչ քարտուղար Թամար Խապայեան: Ապա բեմ բարձրացան Հալէպի հայ երեք համայնքներու հոգեւոր հայրերը, Սուրիոյ Հանրապետութեան Խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Ժիրայր Րէյիսեան, ՀԲԸՄ Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ներսէս Ներսոյեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան եւ Ֆելիքս Բախչինեան եւ միասնաբար կատարեցին գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Ֆելիքս Բախչինեան եւ իր գիրքերէն օրինակներ նուիրեց Հալէպի հոգեւոր, կրթական, մշակութային ու հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Գրիգոր Շամամեանին եւ Յակոբ Սահակեանին:

Թղթակից

http://www.kantsasar.com/news/2019/01/10/41228/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın