İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼԱԹԱՔԻՈՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՅԻՇԱՏԱԿԵՑԻՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐԸ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի  Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան յիշատակումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 4 Յունուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին,  «Արարատ» սրահէն ներս:

Հանդիսութեան ներկայ էին Համայնքի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը, Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի Տնօրէնութիւնը եւ Հոգաբարձութիւնը, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հանդիսատեսներ: 

Օրուան հանդիսավար Նէնսի Ղազէլեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակներուն յիշատակը, ապա յայտագիրին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով, որմէ ետք հանդիսավարը բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց աշակերտները:

Հանդիսութեան բացման պատկերը ներկայացուեցաւ խումբ մը աշակերտներու կողմէ: Անոնք հանդէս եկան Կիրակնօրեայ դպրոցին քայլերգով, ապա Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նուիրուած երգերով: Աշակերտները իրենց մանկական արտայայտութիւններով եւ գեղեցիկ ձայնով  ջերմ մթնոլորտ ստեղծեցին:

Այնուհետեւ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» դասարանէն խումբ մը աշակերտներ հաճելի պատկերով մը ներկայացուցին Ամանորի տօնածառի իւրաքանչիւր զարդին իմաստը:

Յայտագիրը շարունակուեցաւ «Նարեկացի» դասարանի փոքրիկներուն ելոյթով: Անոնք իրենց մանկական շարժուձեւերով եւ պարերով հմայեցին ներկանները:

Իսկ «Մեսրոպ Մաշտոց» Դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Յիսուսի Ծննդեան պատկերը:

Յայտագիրը աւարտին հասաւ փակման պատկերով, որուն ընթացքին աշակերտները ներկաներուն հետ միասնաբար արտասանեցին «Աւետիս»ի շարականը:

              Հուսկ բեմ հրաւիրուեցաւ Լաթաքիոյ Համայնքի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան՝ օրուան պատգամը ուղղելու: Քահանայ հայրը շնորհաւորելէ ետք Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը,  գնահատական խօսք ուղղեց դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն, ապա աւելցուց. «Մանուկներն են մեր ապագան եւ ամէն ջանք պէտք է թափենք զիրենք դաստիարակելու որպէս հայ քրիստոնեաներ»: Ան մէջբերեց Քրիստոսի պատգամը որ կ’ըսէ. «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկինքի առքայութիւնը»: (Մտթ. 19.14.)

Քահանայ հօր «Պահպանիչ» աղօթքով օրուան հանդիսութիւնը վերջ գտաւ:

Նէնսի Ղազէլեան

http://www.kantsasar.com/news/2019/01/10/41241/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın