Պոլսահայ համայնքի գործունեայ գործիչներէն Նազարէթ Դաւիթեան դիմատետրի իր էջով կը տեղեկացնէ, որ Իսթանպուլի Պաքըրքոյ շրջանին մէջ գտնուող Տատեան փողոցէն անհետացած է փողոցի Տատեան անունը մատնանշող ցուցանակը եւ անոր փոխարէն «Մապէթ» գրառումով նոր ցուցանակ յայտնուած է։
Անոր համաձայն, քանի մը տարի առաջ հայերու շրջանին մէջ մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած էր փողոցը յայտնի հայկական Տատեան գերդաստանի պատւոյն անուանակոչելու հանգամանքը։ Այդ փողոցին մէջ կը գտնուին Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին եւ Տատեան վարժարանը։
Ըստ «Էրմէնիհապէր»ի, փողոցը Տատեան անուանելէ ետք, հակառակ ազգայնականներու բարձրացուցած դժգոհութիւններուն, քաղաքային իշխանութիւնները տեղի չէին տուած եւ հաստատած էին հայկական Տատեան անուանումը։
Բայց այժմ անհասկնալի պայմաններու մէջ «Տատեան» գրութեամբ ցուցանակը անհետացած է եւ փողոցը անուանափոխուած է՝ կոչուելով «Մապէթ»ի փողոց։
Յիշեցնենք, որ Տատեանները 18-20-րդ դարերուն Օսմանեան Կայսրութեան մէջ պետական, հայ ազգային հասարակական գործիչներ, նշանաւոր մտաւորականներ եղած են։ Ուսումնասիրողները սուլթան Մահմուտի գահակալութեան շրջանը անուանած են «Տատեան դար»։ Տատեանները նիւթական միջոցներ տրամադրած են Վենետիկի Մխիթարեաններուն, ազդեցիկ դեր խաղցած Կոստանդնուպոլսոյ հայ համայնքի կրօնական եւ մշակութային կեանքին մէջ։ Տատեաններուն ամառանոցին մէջ ստորագրուած է Սան Սթեֆանոյի ռուս-թրքական պայմանագիրը (1878)։
Տատեաններուն նախահայրը՝ արհեստաւոր Մահտեսի Առաքել Տատեան (1753-1812) Կոստանդնուպոլիս գաղթած է Ակն գաւառի Ապուչեխ գիւղէն։ 1795-ին ստացած է ամիրայի կոչում եւ նշանակուած Օսմանեան Կայսրութեան արքունի վառոդապետ։ Այնուհետեւ մօտաւորապէս 75 տարի Տատեաններուն շառաւիղները ղեկավարած են Օսմանեան պետութեան զինագործարանները, թուղթի արտադրութիւնը եւ բանակի հանդերձաւորումը։
İlk yorum yapan siz olun