İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպ – Մերկ իրականութիւն

Մանուէլ Քէշիշեան

Հիմա, երբ անցաւ Նոր տարուան ուրախութեան խաբկանքը, երբ Ս. Ծննդեան օրերն ալ անցնելու վրայ են, դէմ առ դէմ կանգնինք մերկ իրականութեան հետ:

Կա՞յ որեւէ ազդակ լաւատես ըլլալու:

Հալէպի գաղութը տակաւին ամէնէն աշխոյժն է համայն աշխարհի մէջ, նոյնիսկ Պէյրութէն, որ տակաւ կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը, որ կը տարտղնի եւ ուր հայկական դպրոցներ կը փակուին, մինչ օտար դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը կ’աւելնայ,  ուր տարիքը առնող հայ մտաւորականներուն փոխարինող երիտասարդներ շատ սակաւ են:

Հալէպի մտաւորականներէն շատեր հեռացան երկրէն. մեզի համար այս չարիքը բարեբախտաբար օգտակար դարձաւ բազմաթիւ գաղութներու. գացողները հայկական շունչի նոր աւիւնով օժտեցին բազմաթիւ գաղութներ: Հո՛ս, գացողներուն կը փոխարինեն երիտասարդները, շնորհիւ հայկական դպրոցներու, հայագիտական հիմնարկի եւ տակաւին տիրող հայկական մթնոլորտի, զոր կը ստեղծեն հայկական միութիւններու մէջ գործող երաժշտութեան, պարի, նկարչութեան դպրոցները, շնորհիւ գոյութիւն ունեցող երգչախումբերու, պարախումբերու, թատերախումբերու: Շնորհիւ մանաւանդ հայերու հայկական թաղերու մէջ պարփակուած ապրելուն՝ մեզի համար Հալէպը Նոր Գիւղն է, Սուլէյմանիէն եւ Ազիզիէն, ուր կը բնակինք բացարձակ մեծամասնութեամբ, ուր եւ են մեր եկեղեցիները, դպրոցներն ու միութիւնները: Անշուշտ մեզի համար յատուկ նշանակութիւն ունի մեր հին թաղերէն՝ Ճըտէյտէն, ուր աւելի քան հինգ դարէ գոյութիւն ունին Քառասուն Մանկանց Մայր եկեղեցին եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդարանը, ինչպէս նաեւ հին հայկական Թիլէլը, ուր աւելի քան հարիւր յիսուն տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունին Հայ կաթողիկէ Գթութեանց Մայր եկեղեցին եւ Առաջնորդարանը:

Հիմա, իրականութիւնը ուրիշ է:

Մեր գլխաւոր խնդիրը մեր թիւի սակաւութիւնն է: Գաղտնիք չէ, որ մեր թիւը 60-65 % նուազեցաւ. այսօր Հալէպի մէջ ամենաշատը՝ 15000 հայ կայ, ասիկա լաւատեսներուն կարծած թիւն է, իսկ հոռետեսները այդ թիւը կ’իջեցնեն մինչեւ 8-10 հազարի, ես պարզապէս կ’ուզեմ արձանագրել, որ մեր մէջ հայ համարուող հարիւրաւոր կէս հայեր կան, մեծ է թիւը հայ կաթողիկէներուն, որոնք արաբախօս են եւ իրենք զիրենք միայն դաւանանքով հայ կաթողիկէ կը սեպեն եւ ոչ ազգութեամբ: Անմիջապէս աւելցնեմ, թէ այս թիւը աւելնալու ո՛չ մէկ  հեռանկար ունի, ընդհակառակը, թէեւ դանդաղօրէն, սակայն կրնայ նուազիլ. մէկ կողմէն  գաղթի շարունակման պատճառաւ, միւս կողմէ ծնունդի նուազման պաճառաւ. յիշեցնենք.-2014-ին 155 ծնունդ ունեցեր ենք, 2015-ին՝ 110,  2017-ին՝ 95,  2018-ի ծնունդներու թիւը տակաւին ճշգրիտ չեմ գիտեր բայց աւել քիչ է:

Մեր թիւի նուազումը իր հետ անխուսափելիօրէն կը ծագեցնէ անցանկալի իրականութիւններ, որոնցմէ առաջինը հայկական թաղերու հայկական ըլլալէ դադրիլն է, օրինակ Նոր Գիւղը. այս զուտ հայկական թաղամասին մէջ միայն քանի մը հայկական փողոցներ մնացին, հոն ալ մեծ է թիւը անբնակ տուներուն, երկրէն հեռացածներուն ոխարէն ո՞վ պիտի ապրի հոս մօտիկ ապագային, անշո՞ւշտ ո՛չ հայերը: Այս տուները պիտի ծախուին կամ վարձու պիտի տրուին տեղացիներու եւ ասիկա բնական է: Այս թաղին մէջ որպէս հայկական դպրոց մնաց միմիայն Ազգային Քարէն Եփփէն, Հայ Կաթողիկէ Զուարթնոց միջնակարգ վարժարանի աշակերտներուն մեծամասնութիւնը հայեր չեն: Մեսրոպեանը դեռ տագնապէն առաջ փակուեցաւ, Զաւարեանն ուՍահակեանը  մաս կազմեցին Ազգային Միացեալ Նախակրթարանին, որ կը գործէ նախկին Կիւլպէնկեան վարժարանի շէնքին մէջ՝ Սուլէյմանիէ: Ընդունինք.- Նոր Գիւղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը արդէն իսկ հայերէ չի բաղկանար, այս թաղը պարզապէս հայաշատ է այսօր:

Մեր թիւի նուազումին հետ մեր միութիւններէն ներս ալ օտարներ մուտք պիտի գործեն, արդէն մեր մարզական կառոյցներէն ներս զգալի թիւով օտարներ կան, մեր միութիւններու  երաժշտական եւ նկարչական դպրոցներուն մէջ ալ քիչ չէ թիւը ո՛չ հայերուն. ասիկա ալ բնական է, հակառակը տարօրինակ պիտի հնչէր:

Հապա օտար ամուսնւթիւնները: Օրէ օր կը շատնան, առայժմ քրիստոնեաներու հետ միայն: Իրականութեան մէջ մեզ հայ պահող կարեւոր ազդակներէն մէկն է մեր քրիստոնեայ ըլլալը եւ մեզմէ վանումը մահմտականութենէն. այս պարագան կարեւոր ազդակ պիտի մնայ քանի դեռ մահմետական կրօնական մոլեռանդութիւնը առկայ է:

Սուրիահայութեան ապագան լաւատեսօրէն դիտողները կարեւոր կէտ մը կը մատնանշեն. անոնք իրաւացիօրէն կը հաստատեն, որ իշխանութիւնը կը յարգէ հայկական փոքրամասնութիւնը, երկրի նախագահն ու առաջին տիկինը կը սիրեն մեզ. օրինակներ կը բերեն, կը յիշատակեն տագնապէն առաջ անոնց այցելութիւնը Հալէպի Ազգային պատսպարան: Կը նշեն որ անցեալ տարի առաջին տիկինը ընդունեց Հալէպահայ 25 հոգիանոց պատուիրակութիւն մը Բերիոյ Հայոց առաջնորդ հօր գլխաւորութեամբ: Անակնկալօրէն ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ինքը՝ վսեմաշուք նախագահը: Ինչո՞ւ մոռացութեան կու տանք սակայն այն, որ երբ նոյն այս նախագահի իշխանութեան շրջանին, երբ Սուրիան մեղրալուսնի շրջան մը կ’ապրէր Թուրքիոյ հետ, մեզի կ’արգիլուէր հրապարակայնօրէն նշել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կ’արգիլուէին հակաթրքական համարուող թատրերգութիւններու ներկայացումներն իսկ, այդ ալ այդ պարագային երբ այդ ներկայացումները հայերէն լեզուով էին եւ միմիայն հայեր պիտի դիտէին զանոնք: Չէ՞ք կարծեր որ անխուսափելիօրէն պիտի լաւանան Սուրիա-թրքական յարաբերութիւնները: Ամէն պարագայի, իշխանութիւնները սիրեն մեզ կամ ո՛չ, իշխանութիւնները ատեն մեզ կամ ո՛չ, ժամանակը ի նպաստ հայապահպանումի չ’ընթանար այս երկրին մէջ, ինչպէս որ Հայաստանէն դուրս որեւէ այլ երկրի մէջ եւ ասիկա պարզէն ալ պարզ է:

Միակ կարելին երկարաձգելն է գոյութիւնը այս կամ այն գաղութին:

Ասիկա Լափալիսեան ճշմարտութիւն մըն է, բացարձակ իրականութիւն:

Պէ՞տք է պահպանել Հալէպահայ գաղութը: Յանուն ինչի՞:

Ոեւէ մէկը կրնա՞յ անկեղծօրէն պատասխանել այս հարցումին:

Մեր ունեցած կալուածներո՞ւն համար:Որուն պիտի մնան այս կալուածները, վաղը, միւս օր, տաս տարի ետք, քառորդ դար ետք:

Մեր սրբացած գերեզմաններուն համար: Անմարդկայի՞ն կըլլայ ըսել, թէ գերեզմաններն իսկ շրջանէ շրջան կը փոխադրուին եւ ժամանակը անցած մեռելները կը դադրին նոր գերեզմանոցներու մէջ տեղ ունենալէ: Այսօր երբ կը թուագրուին մեր մեռելներուն գերեզմանները, անտէրերը այս կամ այն պատճառաւ նկատի չե՞ն առնուիր:

Մեր դպրոցներո՞ւն համար: Ի՞նչ պիտի ընենք եթէ ապագային հոն հայէ աւելի օտարներ յաճախեն: Այսօրուան դպրոցներէն մաս մը օրինակ չե՞ն:

Մեր եկեղեցիներո՞ն համար: Վստա՞հ ենք որ հոն պիտի շարունակենք հայերէնով աղօթել…

Թէ՞ կան անծանօթ պատճառներ գաղութը գաղութ պահելու՝ այնքան ատեն որ կրնանք: Այդ պարագային թոյլ տուէք պատասխան պահանջել: Ըսէ՛ք նաեւ, խնդրեմ. որմէ՞ պատասխան պահանջել:

Այսօր այսքանը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 07 Յունուար 2018

https://www.civilnet.am/news/2019/01/08/Հալէպ-Մերկ-իրականութիւն/351663

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın