İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԻ ԱՄՊԻՈՆԷՆ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԾ Է ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանի ամպիոնէն հայերէնով շնորհաւորած է Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնը:

«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի, մեզի մեծ աւետիս», ըսած է պատգամաւորը:

Կարօ Փայլան Թուիթըրի իր էջին մէջ եւս Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորական գրառում կատարած է.

«Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ։ Խաղաղ աշխարհի մը երազով կը շնորհաւորեմ Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը», գրած է ան, հետեւեալ ստորագրութեամբ՝ Կարօ Փայլան, Տիգրանակերտի պատգամաւոր:

http://www.kantsasar.com/news/2019/01/08/41172/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın