İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ին՞չ է Սուրբ Ծնունդի Խորհուրդը

Հրաշափառ եւ սքանչելի է ,Սբ.Ծնունդի Խորհուրդը,որ դարեր շարուանակ լուսաշող արեւի մը պէս կը բացուի մեր կեանքի  ընթաքին մէջ մեր առջեւ:

Մենք կը  հաւտանք որ, Աստուած, մարդացաւ Յիսուս Քրիստոսի մէջ եւ յայտնուեցաւ համայն մարդկութեան ,որպէսզի մարդկութիւնը ազատէ, մեղքերու ազդեցութիւններէն եւ նոր հորիզոններ բանայ անոնց կեանքի առջեւ:

unnamed-3

Շատ մեծ եւ սքանչելի է այս խորհուրդը՛,Բեթլեհեմի ախոռի մը մէջ ծնող Մանուկը ,մարդացեալ Աստուծոյ որդին էր,որ աշխարհ եկաւ մեղաւոր մարդը Աստուծոյ հետ հաշտեցնէ եւ Աստուծոյ փառքին բարձրացնէ:

Ան, թողուց երկնային փառքը,որպէսզի մարդոց հոգիներու փրկութիւնը ապահովէ,մարդկութեան սնանկացած հոգիները հարստացնէ:

Ան, եկաւ իբրեւ աշախարհի լոյս,որպէսզի լուսաւորէ մարդոց սիրտերու խորքը ու մթացած հոգիները:

Ան եկաւ ,որպէս համայն աշխարհի ՛՛Խաղաղութեան Իշխան՛՛ որպէսզի մարդոց սիրտերը  ու հոգիները  լեցնէ ՛՛Սիրոյ եւ Խաղաղութեան՛՛ շնորհներով:

Ան,եկաւ որպէս  մեր ՛՛Կենաց Հաց՛՛,որպէսզի մենք հոգեպէս, ի յաւիտեան չ՛անօթանանք:

Ի տարբերութիւն քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներու,Սբ.Ծնունդի  տօնը Հայ եկեղեցւոյ մէջ ունի երկու անուն եւ երկու իմաստ ու խորհուրդ: Ամէն տարի 6 Յունուարին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կը նշէ երկու տօներ ,Քրիստոսի ծնունդը եւ անոր Մկրտութիւնը կամ Աստուածայայտնութիւնը , մինչդեռ ուրիշ եկեղեցիներ այս երկու տօները կը նշեն առանձին եւ տարբեր օրեր:
“Ծնունդ” բառը ,մեր մարդկային առօրեայ հասկացողութեամբ կը նշանակէ “Սկիզբ” ,”Ծագում” , սակայն Յիսուս Քրիստոսի պարագային տարբեր է մեր մօտեցումը,քանի որ, Ան , մեր հաւատքին համաձայն ոչ միայն կատարեալ մարդ է այլեւ կատարեալ Աստուած , հետեւաբար “Ծնունդ” ըսելով կը հասկնանք, Անոր մարդկային բնութեան սկզբնութիւնը Մարիամի միջոցով : Ասկէ երկու հազար տասնութ տարի առաջ Աստուծոյ որդին իր աստուածային բնութեամբ ,առաւ նաեւ մարդկային բնութիւն եւ հանդէս եկաւ որպէս, կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած .
Հայաստանեայց Առաքելական Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնտ կ’սկսի Յունուար 6-ի նախընթաց երեկոյին եւ ճրագալոյցի Սբ.Պատարագով կը բացուի խորանի վարագոյրը եւ եկեղեցւոյ մէջ ուրախ եւ յաղթական հնչիւններով կը հնչէ “Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ” շարականը,ժողովուրդը այս երեկոն կը կոչէ “Խթումի Գիշեր”:
Խթումի գիշերը ,խոկումի,աղօթքի , ներելու ,մեղքի ու յանձանքի ծանրութիւնէն թօթափելու գիշեր մըն է, որպէսզի յաջորդ օրը իւրաքնչիւրը ներողն ու ներեալը մաքուր ու խաղաղ , թեթեւ ու զուարթ սիրտով ու հոգիով դիմաւորէ մեծ տօնը:

unnamed-2

Յաջորդ օր, 6 Յունուարին կը մատուցուի Ծննդեան հանդիսաւոր Ս.Պատարգը, որուն կը յաջորդէ Ջրօրհնենքը, ի նշան Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան գետի մէջ տեղի ունեցած Մկրտութեան : Օրհնուած ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին, ժողովուրդը ըմպելով օրհնուած ջուրը հաղորդակից կը դառնայ Քրիստոսի Մկրտութեան.

 

Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններու շարքին կը կատարուի նաեւ Տնօրհնէքի արարողութիւնը։ Անցեալին,Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան տօներէն ետք, մարդիկ հոգեւորականներ կը հրաւիրեն իրենց տուները կամ աշխատավայրերը՝ տօնի կենարար աւետիսը եւ աստուածային օրհնութիւնը ստանալու նպատակով։
Հին ժամակներուն երբ եկեղեցական արարողութիւնը իր աւարտին կը հասնէին , եկեցեցւոյ դպիրները իրենց վարժապետին ընկերակցութեամբ կ՝այցելէին տուները՝ «Աւետիս» երգելու համար:

unnamed

<< Մելքոն ,Գասպար եւ Պաղտասար,Աւետիս
Այսօր տօն է սուրբ ծննդեան, աւետիս,
եփէ մայրիկ եփէ թանէլի բիլաֆ
հիմա պապան կուգայ, անօթի ծարաւ
պապային պաստօնը տունը մնացեր
Սօֆիային աչքը դուռը մնացեր…
Մայրիկ Շատ Տարիներու >>

Այս ձեւով ամէն տունէ կ՛ ստանային քանի մը ղուրուշ եւ կամ այլ նուէր: Նոյն «Աւետիս» երգերը կ՛երգէին նաեւ թաղի երտասրադները,իսկ թաղի պատանիները, պայուսակ մը իրենց ձեռքին, տունէ տուն այցելելով, կ՛սկսէին “Աւետիս երգել“: Տանտիկինները պայուսակները կը լեցնէին հաւկիթով, իւղով, պտուղներով,խաւուրմայով եւ զանազան նուէրներով :

Ծննդեան այդ օրը նաեւ Մելքոն ,Գասպար, Պաղտասար, Էմմանուէլ,Մանուէլ, Նազարէթ, Նազար,Աւետիս անունը կրող տղամարդոց անուանատօնն է: Այնպէս որ ,անոնց բոլորին տուներուն սեղանները այդ օրը ճոխ կ՝ըլլային ու տան մէջ կը կատարուէին հիւրընկալութիւն ու խրախճանք:

Սուրբ Ծնունդը հայկական տարբեր շրջանակներու մէջ կը կոչուէր նաեւ պզտիկ Զատիկ: Ընդունուած սովորութեան համաձայն Ծննդեան տօնին տան փոքրերը իրենց գոց սորուած քանի մը երգերու համար եւ «Մելքոն ,Գասպար ,եւ Պաղտասար Աւետիս» երգելով նուէրներ կ՛ստանային իրենց մեծերէն: Տօնի առիթով բոլոր մանուկները նոր պարեգօտ-զգեստ, գդակ, կօշիկ կը հագուէին, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր անոնց:

7 Յունուարին, ինչպէս եւ բոլոր տաղավար (մեծ, գլխաւոր) տօներուն յաջորդող օրերը, հանգուցեալներու յիշատակութեան օրն է՝ Մեռելոցը։ Անցեալին ,7 Յունուարին՝ Ս. Պատարագէն ետք, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուէր հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մարդիկ կ’այցելեն հարազատներու շիրիմները։
Ս. Ծննդեան տօնի հանդիսութիւնները կ’աւարտին 13 Յունուարին ՝ Տիրոջ Անուանակոչութեամբ, որ նուիրուած է Յիսուս Մանուկի տաճար ընծայելուն, 8-րդ օրը թլփատելու եւ անուանակոչելու յիշատակին:

Ահաւասիկ,Սուրբ Մովսէս Խորհենացիի Սբ.Ծննդեան օրհնութեան շարականը,որ դարեր շարուանակ կը հնչէ ու կ՛աւետէ մեծ ուրախութեամբ Քրիստոսի ծնունդը եւ յայտնութիւնը:

Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի,
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,
Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս՝
Տան Աւետիս աշխարհի։

Ծնաւ նոր արքայ
Ի Բեթղեհէմ քաղաքի,
Որդիք մարդկան, օրհնեցէ՛ք,
Զի վասն մեր մարմնացաւ։

Անբաւելին երկնի եւ երկրի
Ի խանձարուրս պատեցաւ,
Ոչ մեկնելով ի Հօրէ՝
Ի սուրբ այրին բազմեցաւ։

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ Ե Ւ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՄԵԶ ԵՒ ՁԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ։

ՕՐՀՆՅԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹՅՒՆԸ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնները կը շարունակեն 8 օրեր :Այս շրջանը կը կոչուի ”Ծննդեան Ութօրէք” :

Տօքթ.Ս.Ատամ

 

 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın