Մայրս եւ եղբայրներս անոնք են« որոնք Աստուծոյ խօսքը
կը լսեն եւ կը գործադրեն։
(Ղկ. 8.21)
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՁԵԶԻ ԵՒ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
Այս պահուն կը լսենք Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի խօսքը, «Մայրս եւ եղբայրներս անոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւկը գործադրեն»։ Քրիստոս այս խօսքը ըսաւ այն պահուն երբ կը քարոզէր։ Ժողովուրդի բազմութիւն մը խռնուած էր լսելու Անոր խաղաղութիւն պարգեւող խօսքերը։ Այդ պահուն էր, որ իրեն մօտեցան եւ լուր տուին, թէ իր մայրն ու եղբայրները դուրսը կը սպասէին զինքը տեսնելու համար։ Քրիստոս կ’ուզէ դաս մը տալ, ու շեշտել սկզբունքի տէր ըլլալու կարեւորութիւնը։ Քրիստոս աշխարհ եկած էր Հօր Աստուծոյ կամքով, կորսուածները փնտռելու, մեղաւորները Աստուծոյ որդեգրութեան պատիւին արժանացնելու, մարդոց յաւիտենական կեանքի ու յաւիտենական երջանկութեան ճամբան բանալու։ Հետեւաբար, երբ այս էր իր առաքելութիւնը, այլեւս ամէն բան երկրորդական գծի վրայ կը մնար։
Սկզբունքի տէր ըլլալը կարեւոր է Քրիստոնեայի կեանքին մէջ։ Քրիստոս ըսած էր. «Եթէ մէկը կ՚ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող ուրանայիր անձը« առնէ իր խաչը եւ իմ ետեւէս գայ» (Մտթ. 16.24)։ Նաեւ ըսաւ. «Ով որ իր հայրը կամ մայրը ինձմէ աւելի կը սիրէ՝ արժանիչէ ինծի. ով որ իր որդին կամ դուստրը ինձմէ աւելի կը սիրէ՝ արժանի չէ ինծի։ Եւ ով որ իր խաչը չ’առներ եւ իմ ետեւէս չի գար,արժանի չէ ինծի» (Մտթ. 10.37-38)։
Քրիստոս, «Մայրս եւ եղբայրներս անոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն» խօսքով կը հաստատէ նաեւ նոր ազգականութեան մը սկզբունքը։ Այս նոր ազգականութիւնը հաստատուած չէ արենակցութեան վրայ։ Այդ ազգականութեան հաստատութիւնը կապուած է, անհատներու Աստուծոյ Խօսքին նկատմամբ որդեգրելիք կեցուածքին։
Այդ նոր ազգականութեան կարելի է հասնիլ երկու աստիճաններով. առաջինն է Աստուծոյ Խօսքը լսել. իսկ երկրորդը՝ զայն գործադրել։ Երբ կեցած ենք առաջի անմահ Գառինն Աստուծոյ, կը յիշենք« որ մեր հայրերը որքան կարեւորութիւն ընծայած են Քրիստոսի կեանքի խօսքերուն։ Անոնք ամէն զոհողութիւն յանձն առած են՝ նուիրուելով եկեղեցաշինութեան գործին ի գին ամէն ինչի եւ շէն ու պայծառ պահած են աղօթքի տուները։ Մեր հայրերը, հետեւելով նաեւ իրենց պապենական օրինակին, Հայ քաղաքացին եւ գիւղացին, արհեստաւորը եւ հողագործը, գործատէրը եւ գործաւորը իրենց կարողութեան ներած չափով լումաները քով քովի դրին ու իրենց ճակտին քրտինքով կերտեցին մեր Սուրբ եկեղեցիները՝ ցոյց տալով, թէ իրենք պատրաստ էին Քրիստոսի ազգականներ կոչուելու։ Սկզբունքի տէր Քրիստոնեայ հաւատացեալը իրեն կեանքի նշանաբան ընտրած է «Առաջ Աստուած»երկու բառերը, որոնց մէջ խտացած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդի անշեղ հաւատքը, որ է վստահիլ Աստուծոյ եւ բարձր պահել Անոր անունը եւ Անոր փառքին նուիրուած գործը։
Եկեղեցին Քրիստոսի Մարմինն է։ Եկեղեցին, իբրեւ հաստատութիւն, որքան ատեն որ կը վայելէ Քրիտոնեայ կոչումին գիտակից հաւատացեալներու ներկայութիւնը, կը շարունակէ գործել եւ խնամք տածել կեանքի ամէն պայմաններուն մէջ՝ հարստացնելով իր զաւակները, բնականաբար հոգեւոր առումով։ Եկեղեցին շէն եւ պայծառ կը մնայ «Սիոնի լերան վրայ յիշատակ մը ունեցողերանելի անձերու» շնորհիւ, որոնք լսած եւ հետեւած են Սուրբ Գիրքի ուսուցման. «Երանելի է մանաւանդ տալը քան առնելը»։ Այս հաւատաւոր կեցուածքն է, որ լումաները կը վերածէ աղիւսներու, ատաղձներու, գերաններու։
Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, այսօր անգամ մը եւս կը վերանորոգենք Քրիստոսի կապուած մնալու մեր ուխտը։ Անգամ մը եւս կ’անդրադառնանք հոգեւոր շինութեան համար մեր ուսերուն վրայի խաչերուն կարեւորութեան։ Այդ խաչերը կը կրենք Քրիստոսի Խաչափայտին զօրութեամբ, միշտ զգալով Աստուծոյ սէրը, Աստուծոյ հայրական գուրգուրանքը, Աստուծոյ ողորմութիւնը։ Չմոռնանք, որ Քրիստոս իր մահով մահը կոխոտեց եւ իր յարութեամբը մեզի կեանքը պարգեւեց։ Այս նոր կեանքը կը ծաղկի, կը պտղաբերէ երբ հաստատ կը մնանք խաչակրութեան մեր ուխտի վէմին վրայ։ Այս ուխտը մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի Աստուծոյ ծառայութեան սուրբ ճանապարհը։ Աստուծոյ ծառայութեան ճանապարհին մէջ մեզի կը թելադրուի, «Սիրել մերթշնամիները, օրհնել մեզ անիծողները, բարիք ընել մեզ ատողներուն, եւ աղօթել անոնց համար, որ մեզ կը չարչարեն ու կըհալածեն» (Մտթ. 5.44-45)։ Նաեւ կը կանչուինք, կատարեալ ըլլալու, ինչպէս որ կատարեալ է մեր Երկնաւոր Հայրը։
Անգամ մը եւս յիշենք, թէ Քրիստոնեաներու կեանքը խաչակրութիւն է բառին իսկական առումով, որ իր հետ կը բերէ նաեւ Աստուծոյ ծառայելու, մարդը սիրելու հրամայականը, որ կը բղխի Տիրոջ Խօսքը լսելու եւ զայն կեանքի վերածելու սկզբունքէն։ Չմոռնանք, որ այն պահուն երբ կը դադրինք խաչակրութենէ, մեր կեանքը հոգեւոր առումով կը սկսի տակաւ առ տակաւ մթագնիլ եւ անտանելի դառնալ։
Թող Ամենաբարին Աստուած ընդունի մեր աղօթքները եւ իր երկնաձիր շնորհներն ու հոգեւոր պարգեւները առատացնէ բոլոր մարդկութեան վրայ, առանց ցեղի, ազգի եւ կրօնքի խտրութեան։ Թող Աստուած զօրացնէ եղբայրսիրութեան, խաղաղասիրութեան զգացումները եւ մարդիկ Աստուծոյ շնորհքներով զօրացած՝ կարենան գնահատել բարօր համակեցութեան արժէքը։
Տիրոջ շնորհքը, սէրը, ողորմութիւնը եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնը մեր բոլորին հետ ըլլայ. ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ՁԵԶԻ ԵՒ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
Երբ կ’ապրինք Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնական հրճուանքը եւ մեր բարի մաղթանքներն ու խնդրանքները կը մատուցանենք առ Աստուած, կը յիշենք մեր Հոգեւոր Պետը՝ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը եւ կ’աղօթենք Իրեն համար։
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան կենսանորոգ տօներուն առիթով կ’ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Խորհրդակցական Մարմնի, Տնտեսական Խորհուրդի, Տիկնանց եւ Երիտասարդաց կազմերու անդամները, Գործածուած իրերու եւ հագուստներու վերարժեւորման յանձնախումբը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին երջանիկ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր առողջութեան համար։
Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։
ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ
İlk yorum yapan siz olun