İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՄԻՇԼԻԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գամիշլիի Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները ուսուցչական կազմին կազմակերպութեամբ եւ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Ռուբէն Աբղ. Նալպանտեանի հովանաւորութեամբ 21 Դեկտեմբորի առաւօտեան այցելեցին հայ տարեց, վատառողջ եւ նպաստընկալ այրիներուն, երգերով ու բարի մաղթանքներով ուրախ պահեր պարգեւեցին անոնց, ամանորեան իրենց բարի մաղթանքները յայտնեցին ու նուէրներ բաշխեցին բոլորին։ Անոնք նախքան նոր տարուան տօնակատարութիւնները յիշարժան պահերով ջերմացուցին երէցներուն Ամանորեան օրերը։

http://www.kantsasar.com/news/2019/01/03/41059/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın